Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան «Ապու Տապիի Կայունութեան Շաբաթ» Ժողովներու Ծիրին Մէջ Բարձրաստիճան Հանդիպումներ Կ՛ունենայ

Յունուար 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ»-ին մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ կայունութեան, շրջակայ միջավայրի եւ վերականգնուող ուժանիւթի խնդիրներուն եւ անոնց մէջ կիներու ներգրաւուածութեան նուիրուած քննարկման: Ան նաեւ բարձրաստիճան հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր անձնաւորութիւններու հետ:

Կարեւոր նկատելով նման քննարկումները` նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ բարձրացուող հարցերը կը վերաբերին ապագային ու սպասուող մարտահրաւէրներուն, որոնք նաեւ կ՛առնչուին ապագային:

Խօսելով կայունութեան մասին եւ զայն նկատելով էական գործօն երկիրներու զարգացման համար` նախագահ Սարգսեան այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատեց կիներու դերակատարութիւնը կայունութեան ապահովման եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ: Իւրայատուկ եւ անգնահատելի նկատելով կիներուն դերը ընտանիքին մէջ` նախագահ Սարգսեան ընդգծեց անոնց մեծ ներդրումը երեխայի դաստիարակութեան, մշակոյթի, լեզուի, ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու պահպանութեան հարցերուն մէջ: Նախագահը միաժամանակ նշեց, որ փոփոխուող աշխարհին մէջ կիներուն համար շատ աւելի լայն կարելիութիւններ կան` ներգրաւուելու եւ ցոյց տալու իրենց որակները, մասնակցելու կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ որոշումներու ընդունման, յաջողութեան հասնելու տարբեր հարթակներու վրայ:

Ժողովին զուգահեռ, նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէի հետ, որ նոյնպէս կը մասնակցէր «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ» միջազգային հաւաքին:  Երկու երկիրներու նախագահները համակարծիք էին, որ Հայաստանն ու Ռուանտան ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ, նոյնանման պատմութիւն ու խնդիրներ, երկուքն ալ ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդներ են, փոքր են, բայց ուժեղ, ունին բազմաթիւ առաւելութիւններ, զորս կրնան վերածել յաջողութեան, ունին համընկնող հետաքրքրութիւններ: Կողմերը համաձայնած են, որ երկու երկիրները զիրար բացայայտելու, իրարու կարելիութիւններուն ծանօթանալու կարիք ունին, եւ անհրաժեշտ է աշխուժ կերպով աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Անոնք կարեւոր նկատեցին, որ յաջողած փոքր երկիրները առաւել սերտօրէն համագործակցին իրարու հետ:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ փոխադարձ գործակցութեան խոստմնալից ուղղութիւն կրնայ ըլլալ ելեկտրոնային կառավարման ոլորտը, որ Ռուանտայի մէջ բաւական զարգացած է:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ: Ընդգծելով վերջին շրջանի արդիւնաւէտ հանդիպումներն ու քննարկումները` զրուցակիցները անդրադարձան ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին: Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին, որ հայ-սերպական յարաբերութիւնները քայլ առ քայլ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն: Արդէն իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար կը գործէ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը, իսկ փետրուարի աւարտին Հայաստանի մէջ պիտի բացուի Սերպիոյ դեսպանութիւնը:

Հայաստանի նախագահը եւ Սերպիոյ վարչապետը անդրադարձան երկկողմանի համագործակցութեան համար հեռանկարային ուղղութիւններուն: Նշելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սերպիոյ համար շատ կարեւոր են բնապահպանական խնդիրներն ու կանաչ արհեստագիտութիւնները` նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ այս ոլորտին մէջ եւս երկու երկիրները կրնան փոխշահաւէտ համագործակցիլ: Կողմերը ընդգծեցին նաեւ փոխշահաւէտ գործակցութեան մեծ ներուժը տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ: Այս պարունակին մէջ անոնք խօսեցան ATOM (Advanced Tomorrow) նախագահական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն մասին:

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ «Զո՞վ Երկրի Նախագահ Պիտի Ընտրէիք» Հարցումով Հարցախոյզ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?