Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասուլիս` ՀՅԴ-ին Կողմէ Կառավարութեան Ներկայացուած Առաջարկներու Փաթեթին Վերաբերող

Մարտ 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 24 մարտին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի, Գերագոյն մարմինի անդամներ Արթուր Խաչատրեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի մամլոյ  ասուլիսը: ՀՅԴ ներկայացուցիչները խօսեցան ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուած` արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ իրականացման ենթակայ միջոցառումներու  վերաբերեալ առաջարկներու փաթեթին մասին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կազմած է քաղաքական եւ մասնագիտական ծաւալուն փաստաթուղթ մը` երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ իրադրութեան վիճակէն բխող քայլերու  մասին, նշեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Ան յիշեցուց, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը տակաւին 14 մարտին իր մասնագիտական յանձնախումբերուն կողմէ ներկայացուցած է մասնագիտական գնահատական, գործողութիւններու ծրագիր. անկէ ետք ՀՅԴ-ն յայտարարութեամբ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է իր ամբողջ ուժը եւ կարողականութիւնը դնելու ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկրի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Նմանատիպ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոն:

Իրավիճակի վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ համավարակին դէմ կրնանք պայքարիլ միայն կառավարչական հմտութիւններու գործադրութեամբ, իրական ժամանակահատուածի մէջ բազմաթիւ, այդ կարգին նաեւ ցաւոտ որոշումներու կայացումով, նշեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:

Ըստ անոր, կ’ապրինք ծանր պայմաններու մէջ եւ որոշումները պէտք չէ ըլլան ամբոխահաճոյ:

Խաչատրեան նկատել տուաւ, որ տակաւին չեն կրնար ըսել, թէ որքան պիտի տեւէ համավարակը, ինչ հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, հետեւաբար, պատրաստ լուծումներ առաջարկելը ժամանակավրէպ է: «Կառավարութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ` նուազագոյնի հասցնելու քաղաքացիներու եւ փոքր տնտեսավարողներու ուսերուն դրուած ծանրութիւնը եւ հաւանական կորուստները», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Այս փաստաթուղթը իր մէջ կ’ընդգրկէ շուրջ 50 նախաձեռնութիւն: Այս իրավիճակին մէջ մեզի համար կարեւոր է բնակչութեան առողջութեան պահպանումը: Այս ծիրին մէջ գոյատեւումը կը դառնայ  առաջին կարեւորութեան գործողութիւն, որուն ուղղութեամբ իշխանութիւնները պարտաւոր են քայլերու ձեռնարկել, եւ ոչ թէ մտածելու այն սովորական իրավիճակի նման, թէ անհրաժեշտ է տարբեր ուղղութիւններով, ինչ որ զարգացումներ ապահովել: Ատիկա կեղծ կը թուի, նշեց Արծուիկ Մինասեանը:

Ըստ Մինասեանի` եթէ բնակչութեան վտանգ կը սպառնայ, կը նշանակէ նախ եւ առաջ իշխանութիւնը պարտաւոր է այդ վտանգը կանխարգիլելու եւ երաշխաւորելու քաղաքացիներուն գոյութիւնը:

Ան նշեց, որ այս փաստաթուղթը ներկայացուած է` նաեւ մեկնելով կառավարութեան ու վարչապետին` «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման միջոցառումներէն:

Երկրորդ կարեւոր խնդիրը, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այն է, որ սնունդը, դեղորայքը եւ վառելանիւթի պաշարները առաջին անհրաժեշտութիւն են, եւ ռազմավարական նշանակութեան մեր պաշարներու համալրման ուղղութեամբ պէտք է ամէն ջանք գործադրուի:

Մինասեան յայտնեց, որ սկզբունքային նշանակութիւն ունի պետական պարտքի հարցը: Հայաստանը ունի զգալի արտաքին պարտք եւ արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ մեր յորդորն ու պահանջն է, նկատի ունենալով համավարակի համաշխարհային բնոյթը, սկսիլ նաեւ վարկատու կազմակերպութիւններու հետ բանակցութիւններու գործընթացի` սառեցնելու արտաքին պարտքի մարումը. «Ասիկա ոչ միայն անհրաժեշտութիւն է, այլեւ միջազգային ընդունուած մօտեցում», ընդգծեց ՀՅԴ անդամը:

ՀՅԴ գործիչը նաեւ անդրադարձաւ կրթական համակարգին վերաբերող հարցերուն: Ան կարեւոր նկատեց, որ մեր քաղաքացիները քաջ գիտակցին, թէ այս օրերուն պէտք է հեռու մնալ տարբեր զինուած ստորաբաժանումներ այցելութիւններէ, իսկ զինուած ուժերու հրամանատարական կազմը պէտք է առաւելագոյնս ջանքեր գործադրէ, որպէսզի զօրքերը պահուին զօրանոցային վիճակի մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 249-ի

Յաջորդը

«Այսօր Լիբանանցիին Համար Լրջանալու Պահ Է. Մեր Ժողովուրդէն Կը Խնդրեմ Տունը Մնալ, Մեր Տղաքը Կը Հասնին Իրենց» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?