Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կանխեց «Եւրանեսթ»-ի Բիւրոյի Յայտարարութեան Մէջ Հակահայ Ձեւակերպման Ներառումը

June 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եւրանեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները կանխած են Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի յայտարարութեան մէջ հակահայ ձեւակերպումներու ներառումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գայեանէ Աբրահամեան:

«Բարդ ու լարուած բանակցութիւններու շնորհիւ ունեցանք հաւասարակշռուած փաստաթուղթ` «Եւրանեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի յայտարարութիւնը: Յաջողեցանք բիւրոյի նիստին ներկայացուած յայտարարութեան նախնական տարբերակէն դուրս բերել ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն մեծապէս վնասող ձեւակերպումները, այլեւ կանխել ազրպէյճանական պատուիրակութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերաբերեալ միակողմանի ձեւակերպումներ ներառելու փորձերը», յայտնեց Աբրահամեան:

Պատգամաւորը նշեց, որ այդ կարեւոր եւ հիմնարար փաստաթուղթի առաջին իսկ դրոյթին մէջ, վերահաստատելով Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու յանձնառութիւնը` նախաձեռնութեան մէջ եղող արժէքներուն, ի շարս այլոց կ՛ընդգծէ ինքնորոշման իրաւունքը:

«Նման ձեւաչափով ասիկա աննախադէպ յանձնառութիւն է` հաշուի առնելով, որ անիկա ստանձնած են ո՛չ միայն եւրոպական, այլեւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները, այդ կարգին` Ազրպէյճանը», յայտնեց պատգամաւորը:

Գայեանէ Աբրահամեան աւելցուց, որ յայտարարութեան մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կարեւորութեան:

Նախորդը

«Լիբանանահայութիւնը Մերժած Է Ու Պիտի Շարունակէ Մերժել Ներքաշուիլ Որեւէ Տեսակի Սադրանքի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Պիտի Չմասնակցի Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունենալիք Յաղթանակի Զօրահանդէսին

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.