Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կը Փորձէ Ահաբեկել Հայ Դատի Գործիչները

Յունիս 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ղեկավարած է իր աշխատակազմի խորհրդատուական մարմինի` մօտաւոր հինգ ժամ տեւած հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող քաղաքացիական գործիչներու դէմ ճնշումներ կազմակերպելու հարցը: Այսպիսով Էրտողան  նախ եւ առաջ կը թիրախաւորէ եւ կը փորձէ ահաբեկել ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտ ձեւով կը պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` օգտագործելով քաղաքացիական աքթիւիզմի գործիքակազմը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դիմելով եւրոպական կառոյցներուն, որոնց կարգին` Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, Եւրոպական յանձնաժողովին, Եւրոպական խորհուրդին, եւ կոչ ուղղած է` քայլերու ձեռնարկելու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Հայ դատի գործիչներուն դէմ ուղղուած այլատեաց քաղաքականութեան նկատմամբ:

Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը, փաստօրէն, Էրտողանի` այս տարուան մայիս ամսուան կատարած յայտարարութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է, երբ ան սպառնաց պայքարիլ «հայկական լոպի»-ին դէմ, որ անշուշտ, նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէ ամբողջ աշխարհին մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը: Ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ, ցաւօք, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերուն դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնն են»:

«Այժմ Էրտողանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս եւ բացայայտօրէն որոշում տուած է ահաբեկման պետական քաղաքականութիւն վարել ամբողջ աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքար մղողներուն դէմ: Սակայն,  թրքական իշխանութիւնները պէտք է արդէն հասկցած ըլլային, որ Հայ դատի գործիչներուն դէմ ահաբեկումը`  ինչպէս չէ գործած նախապէս, նաեւ պիտի չգործէ ապագային ալ: Ընդհակառակը, ասիկա նոյնիսկ ազդակ է` ալ աւելի աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու եւ յանուն արդարութեան հաստատման մեր ուժերը ալ աւելի միաւորելու: Այս հանդիպումը, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Էրտողանի կառավարութեան իրական դէմքը, եւ թէ ի՛նչ քայլեր առնելու ընդունակ է անիկա:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հատուցումները համընդհանուր արդարութեան հաստատման խնդիր են: Թուրքիան ստիպուած է իր անցեալին հետ հաշուի նստելու: Այս է, որ  Թուրքիայէն կը պահանջեն աշխարհի տասնեակ երկիրներու  խորհրդարաններ, այդ կարգին նաեւ` Եւրոպական խորհրդարանը»,  ամփոփեց Կարապետեան:

 

Նախորդը

Գագիկ Ծառուկեանի Կալանքի Միջնորդութեան Քննարկումը Պիտի Շարունակուի 19 Յունիսին

Յաջորդը

Նախկին Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան 2 Միլիառ Դրամի Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?