Խմբագրական. Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական Գերակայութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ արձանագրուած ռազմական գործողութիւնները, յատկանշուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արկածախնդրութեամբ, շեշտեցին հրամայականը հայկական կողմին համար ցանցային նպատակաուղղուած աշխատանքներու շտապ ձեռնարկման: Նկատելի էր թշնամի կողմէն թուրքեւազրպէյճանական համակարգումը: Դրսեւորուած` Անգարայի բարձրագոյն մակարդակներէ արագ արձագանգումներով, Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան չափով, յայտարարութիւններու առաստաղի բարձրութեամբ, Եւրոպայի մէջ հակահայ ցոյցերու միացեալ կազմակերպումներով եւ բողոքի գործողութիւններու կողք-կողքի կանգնումով: Արդի պատերազմական գործողութիւնները ընդհանրապէս կը բնութագրուին իբրեւ հիպրիտային: Ռազմականին...


















