«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտնեց, որ այլեւս չեն քննարկուիր Մատրիտեան սկզբունքները:
«Մատրիտեան առաջարկները», ինչպէս գիտէք, առաջարկուած էին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն` 2007 թուականի նոյեմբերին, բայց այդ Մատրիտեան տրամաբանութիւնը ինքը, անոր արմատները աւելի խոր են, ատիկա կը հասնի մինչեւ 91 թուականի 16 դեկտեմբերը, երբ Եւրոպայի 12 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ փաստաթուղթ մը ընդունեցին, ընդունեցին նաեւ այն չափանիշները, որոնց համաձայն իրենք նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ իբրեւ անկախ երկիր կրնան ճանչնալ այն պետութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն այդ չափանիշներուն:
«Եւ այն ժամանակուընէ սկսեալ այդ տրամաբանութիւնը իշխած է, եւ մինչեւ վերջերս այդ տրամաբանութեան մէջ կ՛ընթանային բանակցութիւնները, այսինքն` իրենց որոշման համաձայն` իրենք ճանչցած են իբրեւ անկախ հանրապետութիւններ միութենական հանրապետութեան կարգավիճակ ունեցող հանրապետութիւնները, բայց այն ժամանակ օրինակ` նոյն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը արդէն հռչակուած էր, այսինքն` 2 սեպտեմբերին հռչակուած էր, դեկտեմբերին իրենք որոշում կը կայացնեն, բայց կ՛անտեսեն այդ իրողութիւնները, որ կայ օրինակ` նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ: Եւ այդ տրամաբանութեան մէջ շարունակուած է այս ամէն գործընթացը, եւ անոր արտացոլումը եղած են «Մատրիտեան առաջարկները», որոնք երկար կեանք ունեցած են` 10 տարի եւ աւելի քննարկման նիւթ եղած են իրենց զանազան տարբերակներով: Այսինքն` մենք կրնանք արձանագրել, որ այս պահուն, եւ անոր մասին յայտարարուած է մեր հայաստանեան գործընկերներուն կողմէ, որ սեղանի վրայ որեւէ փաստաթուղթ, որեւէ առաջարկ այսօր չկայ: Ատիկա կը նշանակէ, որ սեղանի վրայ չկան նոյնիսկ նաեւ այդ «Մատրիտեան առաջարկները»: