Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երասխի Հատուածին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փոխհրաձգութիւն. Սահմանային Դէպքերը Կը Շարունակուին

July 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 19 յուլիսի երեկոյեան, ազրպէյճանական զինուած ուժերը անգամ մը եւս սադրիչ գործողութիւններու դիմեցին եւ ժամը 18:40-էն սկսեալ ազրպէյճանական ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով ծաւալած է փոխհրաձգութիւն:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը` շեշտելով, որ հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապատէ ազրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը եւ կը նախազգուշացնէ, որ նման որեւէ գործողութիւն պիտի արժանանայ հայկական կողմի կարծր արձագանգին: «Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», հաստատեց նախարարութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` 19 յուլիսին դէպք արձանագրուեցաւ նաեւ Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի սահմանային հատուածին մէջ: Արդարեւ, համայնքի բնակիչ հնձան վարողը, ապակողմնորոշուելով տարածքին մէջ, յայտնուեցաւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Եւ Դեղորայքի Տագնապի Լուծման Նիստեր` Պաապտայի Մէջ

Յաջորդը

Ռոպերթ Քոչարեանի Յայտարարութիւնը` Պատգամաւորական Աթոռէն Հրաժարելու Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.