Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Նամակը` Միջազգային Կազմակերպութիւններուն

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 յունիս 2021-ի յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն. UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums. Խորապէս մտահոգուած ենք Արցախի տարածքին հայկական եկեղեցիներու, վանական համալիրներու, գերեզմանոցներու եւ մշակութային յուշարձաններու աւերման եւ վանտալիզմի մասին մեզի...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Զինուորն Է  Այսօր Միակ Երաշխաւորը  Հայրենի Պետականութեան»

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Զինուորն Է Այսօր Միակ Երաշխաւորը Հայրենի Պետականութեան»

Շաբաթ, 5 յունիսին Արցախ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտարարած է, որ մեր կեանքին մէջ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները իրենց լուծումները պիտի ստանան, երբ անխտիր բոլորս հետեւութիւններ կատարենք ողբերգական այս կացութեան պատճառներուն վերաբերեալ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ հոգեւորականներու պատուիրակութեան հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը: «Հայոց բանակը եւ հայ զինուորն են...

Պըրրի. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի  Գաղթականներուն Բնակեցումը  Եւ Կառչած Կը Մնանք Դիմադրութեան»

Հետզհետէ Շեշտուող Քաղաքատնտեսական Խռովայոյզ Մթնոլորտին Մէջ. Լուծման Խաղաղարար Ճիգերը Կը Շարունակուին Բազմաճիւղ Ուղղութեամբ

Օրըստօրէ Լիբանանի մէջ ընկերային- տնտեսական կացութիւնը եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային պայմանները կը վատթարանան` յուսալքիչ մթնոլորտ ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, տեղական թէ արտաքին հաւաստի աղբիւրներ եւ կազմակերպութիւններ կը զգուշացնեն Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան գահավիժումի հաւանականութենէն: Փաստօրէն, արտագաղթողներու թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ, նոյնպէս եւ անգործներու թիւը, որ շրջանցած է  աշխատող մարդուժի 60 առ հարիւր համեմատութիւնը: Իսկ լիբանանցիներու յիսուն առ...

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդները Հանդիպում  Ունեցած Են Գեղարքունիքի  Մարզի Քաղաքացիներուն Հետ

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցած Են Գեղարքունիքի Մարզի Քաղաքացիներուն Հետ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան հանդիպում ունեցած են Սեւանի խմբակիցներուն հետ: Ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին կտրուկ աւելցած է երկրէն մեկնող եւ չվերադարձողներուն թիւը. 4 ամսուան ընթացքին բացասական համեմատութիւնը կազմած է 80 հազար հոգի: Նման ցուցանիշներ Հայաստանի մէջ եղած են...

Քոփիրքին. «Ռուսիա Դաշնակցային Պարտաւորութիւններու  Ծիրին Մէջ Էական Ներդրում Ունի Հայաստանի  Անվտանգութեան Ապահովման Իմաստով»

Քոփիրքին. «Ռուսիա Դաշնակցային Պարտաւորութիւններու Ծիրին Մէջ Էական Ներդրում Ունի Հայաստանի Անվտանգութեան Ապահովման Իմաստով»

Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հանդիպում ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեանի հետ: Կողմերը քննարկեցին Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ներառեալ` իրավիճակը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ: Դեսպանը ընդգծեց, որ Ռուսիա, իր պարտաւորութիւններու կատարման ծիրին մէջ, ներդրում ունի եղբայրական Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման մէջ: Ըստ Քոփիրքինի, պիտի աւելցուին ռուս սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի թիւն ու տրամադրուած...

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէ. «Զինուորներուն  Դիակներն Ու Մասունքները Անհրաժեշտ  Պայմաններու Մէջ Չեն Պահպանուած»

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէ. «Զինուորներուն Դիակներն Ու Մասունքները Անհրաժեշտ Պայմաններու Մէջ Չեն Պահպանուած»

Հայաստանի քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ քննութիւն կը կատարուի` 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներու դիակներու պահպանման ընթացքին տեղ գտած խախտումները պարզելու ուղղութեամբ: 31 մայիս 2021-ին տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ Կոտայքի մարզի դատաբժշկական փորձաքննութիւններու բաժինին մէջ դիակներ պահուած են ոչ համապատասխան պայմաններով սենեակներու մէջ, պարկերու մէջ: Փաստին առիթով նիւթերու նախապատրաստութեան...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք  Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան  Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 10 ամիս ետք երկրին մէջ անորոշութիւնը կը շարունակուի, իսկ պայթումին մասին հետաքննութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի: Երէկ երեկոյեան Պէյրութի պայթումին պատճառով հարազատներ կորսնցուցած քաղաքացիները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստին դիմաց գտնուող արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանին շուրջ: Այս առիթով խօսք առաւ Իպրահիմ Հթէյթ եւ նշեց, որ իրենք կը մերժեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կատարուելիք որեւէ բարենորոգում կամ շինարարութիւն...

Հանդիպում Տաւուշի Մարզի Բնակիչներու  Եւ «Հայաստան» Դաշինքի Մարզային Ընտրական  Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հանդիպում Տաւուշի Մարզի Բնակիչներու Եւ «Հայաստան» Դաշինքի Մարզային Ընտրական Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին, Իջեւան քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզի բնակիչներու եւ «Հայաստան» դաշինքի մարզային ընտրական գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ: «Հասկնալի պատճառներով, Տաւուշը մեզի համար իւրայատուկ թիրախ է: Տաւուշի մարզին մէջ եւ յատկապէս` Իջեւանի մէջ, մենք պէտք է շեշտակի յաղթանակ ապահովենք», ըսած է...

Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Համաձայն  Չէ Եռակողմանի Յայտարարութեան Բոլոր Կէտերուն»

Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Համաձայն Չէ Եռակողմանի Յայտարարութեան Բոլոր Կէտերուն»

«Լրագիր»-ի լրագրող Սիրանուշ Պապեան հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ, որ ի միջի այլոց խօսած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան մասին: Փափազեան ըսած է, որ յստակ է, թէ Մաքրոնը հայամէտ քաղաքականութիւն կը վարէ, աւելցնելով. «Մենք Ֆրանսայի մէջ արդէն քանի մը տասնեակ տարի քաղաքական մթնոլորտ կը ստեղծենք,...

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Հայրապետական Այցելութիւնը Սիւնիք

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցելութիւնը Սիւնիք

Երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, հոգեւորականներու պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, հայրապետական այցելութիւն տուաւ Սիւնիքի մարզ, ուրկէ պիտի մեկնի Արցախ: Աւանդական աղուհացի արարողութենէն ետք, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը տուաւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւաքուած ժողովուրդին: Ապա ան մեկնեցաւ Գորիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Գորիսի բնակիչներուն եւ զինուորներուն կողմէ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի...

Տոլարով Հաշիւ Ունեցողները Պիտի Շարունակեն  3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Տոլարով Հաշիւ Ունեցողները Պիտի Շարունակեն 3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական-դատական նիստի մը` ներկայութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Ֆատի Էլիասի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութեան վերջ տալու Պետական շուրայի որոշումին հետեւանքները, եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութիւնը ուժի մէջ պահել: Այսինքն` դրամատուները կը շարունակեն...

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի  Հանգամանք Վաստակած Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի Հանգամանք Վաստակած Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

«Ազդակ»-ի 31-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ Մանուկեան. նիւթ` «Պազելի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ. 1823-1835 թուականներուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մանուկեան դասախօսութեան առաջին բաժինով ներկայացուց Պազելի միսիոնարական շարժումին պատմականը, իսկ երկրորդ բաժինով կատարեց գնահատականը կրթամշակութային այն ծաւալուն գործունէութեան, որ տարած են Պազելի...

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Հայաստանի  Առողջապահութեան Նախարարութեան Դիմաց

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Դիմաց

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները երէկ` չորեքշաբթի, 2 յունիսին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանին դէմ: «Միանշանակ է, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը, առնուազն զոհուածներու մարմինները սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ պահելու դէպքէն մեկնելով, եթէ մարդկային որեւէ արժէք ունի, պէտք է հրաժարական տայ եւ հեռանայ», ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան` Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան...

Իշխան Սաղաթէլեան.  «Գործող Իշխանութիւնը  Որեւէ Պարագայի Վերարտադրուելու  Կարելիութիւն Չունի»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Գործող Իշխանութիւնը Որեւէ Պարագայի Վերարտադրուելու Կարելիութիւն Չունի»

Ընտրութիւններուն մասնակցող դերակատար ուժերէն շատեր յստակօրէն յայտարարեցին, որ յետընտրական շրջանին որեւէ պարագայի պիտի չհամագործակցին ներկայ իշխանութիւններուն հետ: Այս մասին «Հայաստան» դաշինքի անդամներու զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան: «Այսօրուան գործող իշխանութիւնը որեւէ պարագայի վերարտադրուելու կարելիութիւն չունի», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան: Անդրադառնալով ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու առաջնորդներու բանավէճին` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ քանի մը կուսակցութիւններու կամ...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի  Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն  Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք Պաապտա այցելած է` նախքան Հռոմ իր կատարելիք այցելութիւնը: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Հռոմ կ՛երթայ` ընդառաջելու համար Լիբանանի համար խոկալու եւ Լիբանանի փրկութեան համար աղօթելու Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: «Պապը յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան տէր կանգնի իր գոյացութեան եւ...

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք,  Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ»   Շեշտեց Տիապ

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք, Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ» Շեշտեց Տիապ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին վարչապետարանին մէջ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ նշեց, թէ հակառակ անոր որ իր կառավարութիւնը 300 օրէ ի վեր հրաժարած է, սակայն քաղաքական հաշիւները կը շարունակուին` անտեսելով Լիբանանի շահերն ու լիբանանցիներուն տառապանքը, ինչպէս նաեւ արգելակելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Տիապ յայտնեց, որ երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական սխալ քաղաքականութիւններուն պատճառով տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին...

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժան Հէյլպորն: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին շրջանային կացութեան ընդհանուր քննարկումէն ետք լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին: Բագրատունի ներկայացուց անցնող ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձերուն մասին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները` յիշելով, որ...

Ակնարկ.  Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

Ակնարկ. Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցած հրաժարականին հիմնաւորման հետեւեալ բաժինը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ բերել` այնտեղ ընդգծուած պատճառներուն էութիւնը փորձել հասկնալու համար. «Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած...

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու  Անհրաժեշտութիւնը`  «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային  Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ,  Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Անհրաժեշտութիւնը` «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Հակառակ անոր որ զինադադարը համաշխարհային առումով կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն տակաւին շատ ընելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան: Ես կը խօսիմ բոլոր պահուող անձերը ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի սահմանափակումներու վերացման...

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով  Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

Ֆրանսայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով երէկ մերժեց Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ զայն դիմաւորեց բողոքի ցոյցերով: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածեց արցունքաբեր կազ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած...

Page 367 of 797 1 … 366 367 368 … 797

Արխիւներ