Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդն Ու Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցան Դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի Հետ

Յուլիս 26, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 յուլիսին Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի (ՔՀԴՅ) ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՔՀԴՅ-ի համանախագահներ Շահէն Միրաքեան եւ Հրակ Տարագճեան եւ ՔՀԴՅ-ի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան հեռակապով հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Քանատայի նոր նշանակուած դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ողջունեց Սթեֆան Տիոնի նշանակումը` իբրեւ կարեւոր քայլ Հայաստանի մէջ Քանատայի հետագայ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան ծիրին մէջ` նշելով Երեւանի դիմագրաւած այժմեան խնդիրները եւ այն առանցքային դերը, որ Քանատան պէտք է ունենայ հայ ժողովուրդին օգնելու առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործընթացին մէջ:

Հակառակ այն իրողութեան, որ դեսպանորդ Տիոնի առաքելութիւնը հիմնականօրէն ուղղուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ՔՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայաստանի անվտանգութեան տարբեր մարտահրաւէրներու լուծման առաջնահերթութիւնը, յատկապէս Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարչակարգերու թշնամական տրամադրութիւններու լոյսին տակ, որոնք այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանան մեծագոյն խոչընդոտները երկրի ներքին կայունութեան եւ լիակատար ժողովրդավարութեան հասնելու ճանապարհին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ առանց Երեւանին օգնելու լուծել իր ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները` գործնականօրէն անկարելի պիտի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ իրականացնել Հայաստանի կառավարման գործընթացին ու կառավարման եղանակին մէջ:

Պատուիրակութիւնը ողջունեց Քանատայի յանձնառութիւնը` ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի դրական զարգացման, յատկապէս հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ինքնակալական ձգտումներու, քաղաքական ընդդիմութեան հետ վատառողջ յարաբերութիւններու եւ վերջին ընտրարշաւի ընթացքին բացասական հռետորաբանութեան առկայութիւնը, միաժամանակ, ՔՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց անկախ ու պաշտպանուած դատական համակարգ եւ քաղաքացիական ծառայութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, ՔՀԴՅ-ի ներկայացուցիչները Տիոնին ներկայացուցին առաջարկներու նախնական ցուցակ եւ պայմանաւորուեցան շարունակել կառուցողական համագործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերը Հրահրած Են Հրաձգութիւն»

Յաջորդը

Լաւրով Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպանելու Համար «Ձայն Բարձրացնելու»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?