Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններ.  «Կոչ Կ՛ուղղենք Արցախի Տարածքներու  Ապաբռնագրաւման Քայլերու Ձեռնարկելու»

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2-ի Առաջադրանքներու Կատարման Համար

Սեպտեմբեր 2-ը արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման իրաւական մեկնակէտն է: Նախ, ժողովրդավարական հիմունքով կայացած հանրաքուէ է իբրեւ միջազգայնօրէն ընդունելի կամարտայայտման եղանակ: Ապա, դարձեալ միջազգային օրէնքի հիման վրայ` ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն է: Երրորդ` Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու կամ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան սահմանագծումն է: Հռչակագիրը իբրեւ սահման կը վերաբերի ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի վարչատարածքին: Այնտեղ ապրող բնակչութիւնն է, որ ինքնորոշուած է եւ որոշած անջատուիլ Խորհրդային Միութենէն:...

Յատուկ Նիստ` Արցախի Հանրապետութեան  Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

Յատուկ Նիստ` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

Երէկ` չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրաւիրեց յատուկ նիստի` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 30-ամեակին: Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հրաւէրով, այս նիստին մասնակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի կառավարութեան անդամներ, հրաւիրեալներ: Յատուկ նիստին բացումը կատարուեցաւ Արցախի քայլերգով, որմէ ետք զեկուցումով հանդէս եկաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան: Խօսելով արցախահայութեան պայքարին մասին` ան յոյս յայտնեց,...

ԿՈՉ` Հայութեան

ԿՈՉ` Հայութեան

Տագնապահար է Միջին Արեւելքը եւ ճգնաժամի մէջ` շրջանի հայութիւնը: Սուրիոյ մէջ յամեցող քաղաքական հարցերը, թէեւ մեղմացած, դեռ անկայուն վիճակի մէջ կը պահեն երկիրը, մանաւանդ որ Թուրքիան ներխուժած է ու բռնազաւթած` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, կեդրոնական իշխանութեան դէմ կը շարունակեն գործել որոշ ուժեր եւ արեւմտեան պետութիւնները շրջափակման ենթարկած են երկիրը` առաւել սրելով տնտեսական անկայունութիւնը, մինչ «Քորոնա» համավարակը կը շարունակէ իր աւերը գործել:...

Էլենի Թէոխարուս. «Պիտի Շարունակենք  Կանգնիլ Հայաստանի Եւ Արցախի Կողքին»

Էլենի Թէոխարուս. «Պիտի Շարունակենք Կանգնիլ Հայաստանի Եւ Արցախի Կողքին»

Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար տոքթ. Էլենի Թէոխարուս ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Գազանճեանին հետ այցելեց Արցախ, ծանօթացաւ արցախցիներու խնդիրներուն: Ան հաստատեց, որ Արցախ այցելեց աջակցութիւն յայտնելու հայ ժողովուրդին: Թէոխարուս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի...

Արցախի Ընդդիմադիր Երեք Խմբակցութիւնները Տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Հետ

Արցախի Ընդդիմադիր Երեք Խմբակցութիւնները Տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Հետ

Արցախի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», Արցախի «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները 1 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով Արցախ այցելած Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան շարունակականութիւնը, տեսակէտներ փոխանակուեցան բոլորը մտահոգող շարք մը հարցերու շուրջ: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան` ողջունելով խորհրդարանականները, նշեց, որ թէ՛...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Բիւրոյի Որոշումով Հայ Դատի Համակարգին Մէջ Իր Գործունէութեան Պիտի Սկսի ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակը

Հաշուի առնելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական մարտահրաւէրները` ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով Հայ դատի համաշխարհային ցանցի կազմին մէջ իր գործունէութեան պիտի սկսի ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակը: Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հիմնադրումը յստակ քաղաքական ուղերձ է առ այն, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, պատերազմի հետեւանքներու վերացումն ու Արցախի վերականգնումը կը...

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Օրակարգը  Կը Շարունակէ Մնալ Նոյնը` Արցախի  Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատումը»

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Օրակարգը Կը Շարունակէ Մնալ Նոյնը` Արցախի Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատումը»

30 տարուան մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Արցախ մեկնող Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն չկայ, բայց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 հոգիով պիտի մասնակցի ձեռնարկներուն` «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: «Այո՛, մենք ինքնակազմակերպուած ենք, հակառակ անոր որ կրնան նախատեսուիլ առանձին հանդիպումներ...

Լաւրով Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց  Որեւէ Նախապայմանի  Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Լաւրով Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Որեւէ Նախապայմանի Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ իր հանդիպումի աւարտին նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ մանրամասն կերպով քննարկուած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան իրագործման ընթացքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը: «Համաձայնած ենք չթուլացնել ուշադրութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի...

Մենենտեզ Կիպրոսի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Կիպրահայութեան  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մենենտեզ Կիպրոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երկուշաբթի, 30 օգոստոս 2021-ին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հրաւէրին հիման վրայ ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզ պարգեւատրուեցաւ «Մակարիոս Գ.-ի մեծ խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանով: Նոյն օրը յետմիջօրէին, Ռոպըրթ Մենենտեզ` ընկերակցութեամբ Վարդգէս Մահտեսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս...

Վեհափառ Հայրապետին Ներկայութեան  Հանդիպում` Լիբանանի Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի  Արեւելեան Ու Արեւմտեան Թեմերու  Առաջնորդներուն Միջեւ

Վեհափառ Հայրապետին Ներկայութեան Հանդիպում` Լիբանանի Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Ու Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդներուն Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի միջեւ: Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր Լիբանանի թեմին կատարուելիք օժանդակութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց ահաւոր դժուարութիւններու մէջ...

Ակնարկ.    Կարգաւորման Նախապայմաններ

Ակնարկ. Կարգաւորման Նախապայմաններ

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը պատրաստ է  Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, նոր անկիւնադարձային նշանակութիւն չունի անպայման: Նորութիւն չէ ասիկա: Յատկապէս պատերազմէն ետք Թուրքիան եւ իր կրտսեր եղբայրը նման պայմանական յայտարարութիւններով հանդէս եկան. եթէ Երեւանը ողջմիտ քայլեր առնէ, ապա երկու պետութիւնները պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ամբողջ պայմանականութիւն մը կամ նախապայմանային քաղաքականութիւն մը ամփոփուած է այս բանաձեւին մէջ: «Եթէ»-ն ամրագրուած է...

Քանատայի Մէջ Կայանալիք Համապետական  Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ  Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է  Իր Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները

Քանատայի Մէջ Կայանալիք Համապետական Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է Իր Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը 27 oգոստոսին` սոյն թուականի 20 սեպտեմբերին նշանակուած դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հրապարակած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւններու տարեկան փաստաթուղթը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Քանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն առիթով Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Հրակ Թարեքչեանը ընդգծած է. «Ասիկա վճռորոշ ընտրութիւն է բոլոր քանատացիներուն համար,...

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Լիբանանեան Բանակը`  «Բարձունքներու Արշալոյս»-ը Յաղթական  Ճակատամարտին Քառամեակին Առիթով

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Լիբանանեան Բանակը` «Բարձունքներու Արշալոյս»-ը Յաղթական Ճակատամարտին Քառամեակին Առիթով

«Բարձունքներու արշալոյս»-ը ճակատամարտի եւ արձանագրուած յաղթանակին քառամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին յաղթանակը, որ արձանագրուեցաւ 30 օգոստոս 2017-ին: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս ճակատամարտի յաղթանակը ազգային եւ ապահովական նուաճում է` աւելցնելով, որ այդ յաղթանակը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, առանց լիբանանցիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր թափուած արեան եւ լիբանանեան բանակի զոհաբերութիւններուն: «Այս ճակատամարտին յաղթանակը կարելի...

Եւրոպական Խորհրդարանի Զեկուցողները  Դատապարտած Են Ազրպէյճանի  Սադրիչ Գործողութիւնները

Թշնամին Սոթքի Մէջ Կրակած Է Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ. Ծաւալած Է Բուռն Փոխհրաձգութիւն

Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 29 օգոստոսի լուսցող գիշերը, ժամը 12:20-էն սկսեալ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի մարզի, յատկապէս` Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք ծաւալած է բուռն փոխհրաձգութիւն, որ տեւած է շուրջ երկու ժամ: Ժամը 2:25-ին ազրպէյճանական դիրքերուն մօտեցած է շտապ օգնութեան...

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան  Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները

«Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Կարեւոր Գործընկերն Է» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Հայաստանը Եւրոպական Միութեան կարեւոր գործընկերն է: 2018 թուականէն ի վեր մեր յարաբերութիւնները էականօրէն աշխուժացած են, իսկ 1 մարտ 2021-ին Համապարփակ եւ ընդլայնուած...

Մթէյնի Մէջ Նախարարի Պաշտօնակատար  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  Հովանաւորեց «Քրոս Քար»-ի Մրցաշարքը

Մթէյնի Մէջ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հովանաւորեց «Քրոս Քար»-ի Մրցաշարքը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` կիրակի, 29 օգոստոսին Մթէյնի «Ար.Պի.Էմ» մրցասպարէզին վրայ հովանաւորեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի «Քրոս քար»-ի ախոյեանական մրցաշարքը: «Ինքնաշարժերու եւ զբօսաշրջութեան լիբանանեան ակումբ»-ի (Ա.Թէ.Սէ.Էլ.) կազմակերպած այս մրցաշարքին կը մասնակցէին ինը երկիրներէ եկած 18 մասնակից վարորդներ: Այս առիթով նշեալ կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատուներէն` Իմատ Լահուտ շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` սոյն ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար: Ապա...

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին – ԿԱՄՔ-ի Յայտարարութիւն

Սիրելի՛ հայորդի, «Քորոնա» ժահրի տարածումը դարձեալ ստացած է վտանգաւոր տարողութիւն: Տուեալները ցոյց կու տան, որ հիւանդանոցային խնամքի տակ կը գտնուին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ տարեցներ: ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ անհրաժեշտ է, իսկ պատուաստը` խիստ կենսական, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել կեանքը: ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵՆՔ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՆՈՐ ԱԼԻՔԸ:  

Խմբագրական.  Տարբեր Բեմագրութիւններ  Եւ Կիսաբաց Պատուհաններ

Խմբագրական. Տարբեր Բեմագրութիւններ Եւ Կիսաբաց Պատուհաններ

Նախագահ-նշանակեալ վարչապետ հերթական հանդիպումը չարդիւնաւորուեցաւ: Նախօրէին ստեղծուած էր համեմատական լաւատեսութիւն. եւ ասիկա կարծէք օրինաչափ հերթականութիւն մը ունի: Հանրային կարծիքին մօտ պետական եւ լրատուական շրջանակներ լաւատեսութեան նախադրեալներ կը ստեղծեն, որ համաձայնութիւնը մօտալուտ է, եւ կառավարութեան կազմը գրեթէ պատրաստ` պաշտօնական հրապարակման: Կը մնան միայն կարգ մը մանրամասնութիւններ, ճշդելի քանի մը նախարարութիւններու համապատասխան վերջին եզրայանգումներ եւ այլն: Արդիւնքը` յետաձգում, լաւագոյն պարագային` յառաջիկայ հանդիպումի...

Գորիս-Կապան Ճամբուն Մէջտեղը  Ռուս-Ազրպէյճանական Միացեալ  Անցակէտ Տեղակայուած Է

Գորիս-Կապան Ճամբուն Մէջտեղը Ռուս-Ազրպէյճանական Միացեալ Անցակէտ Տեղակայուած Է

Գորիս-Կապան ճամբան բացուած է, այդտեղ ռուս-ազրպէյճանական անցակէտեր տեղակայուած են: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան: «Ճամբան ամբողջութեամբ բացուած է, բայց Որոտան եւ Նոր Առաջաձոր բնակավայրերու հատուածին` ճամբուն մէջտեղը, ռուս եւ ազրպէյճանցի սահմանապահ ուժերու միացեալ անցակէտ տեղադրուած է: Հայ սահմանապահները հաւանաբար անոնց դրացնութեամբ պիտի գտնուին», նշեց համայնքապետը: Փարսեան նշեց, որ ռուս-ազրպէյճանական անցակէտը հաւանաբար մնայուն պիտի...

Page 351 of 797 1 … 350 351 352 … 797

Արխիւներ