22 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած է ընդարձակ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է շրջանին մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն եւ մեզի համար անոնց հաւանական հետեւանքներուն: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ այս օրերուն ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովի կազմակերպումը` կապուած Մոսկուայի եւ Կարսի` մեր ժողովուրդին համար անընդունելի պայմանագիրներու 100-ամեակին հետ:
«Մենք կ՛ուզէինք անպայման տեսնել զուգահեռներ 1920-1921 թուականներու դէպքերուն, այդ պայմանագիրներու ազդեցութեան եւ այսօրուան կացութեան միջեւ: Այդ իմաստով մենք չէինք կրնար զանց առնել անցեալ դարու 20-ական թուականներու սկիզբի ռուս-թրքական պայմանագիրներու գիտական քննարկումը եւ արժեւորումը, որպէսզի դասեր քաղենք պատմութենէն եւ նաեւ տեսնենք, թէ ի՞նչ այլընտրանքներ են, որ կը ձեւաւորուին հայ ժողովուրդին առջեւ մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմին կրած այս պարտութենէն ետք», խօսելով գիտաժողովի նպատակներուն մասին` ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ընդգծած, որ գիտաժողովը կարելի է յաջողած նկատել թէ՛ կազմակերպման բարձր մակարդակի եւ թէ՛ աշխարհի տարբեր ծագերէն մասնակիցներու իմաստով: «Գիտաժողովին անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ հայ ժողովուրդին համար վերոնշեալ պայմանագիրներու անարդարացի ըլլալու հանգամանքը եւ անոնց վերանայման անհրաժեշտութիւնը», աւելցուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսած է նաեւ շրջանային գործընթացներուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան աշխուժացման մասին, որ արդիւնք է Արցախի հարցի լուծման ոչ հայանպաստ զարգացումներուն: «Հակառակ մեր մէջ տիրող անմիաբան վիճակին, մենք պիտի շարունակենք ըլլալ հայոց պետականութեան կողքին, ամէն ձեւով սատար պիտի կանգնինք Արցախին` մինչեւ անոր կարգավիճակին յստակացումն ու անվտանգութեան երաշխիքներու ստեղծումը», շեշտած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: