Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականը Կը Նախաձեռնէ Համահայկական Երիտասարդական Դիմադրութեան

October 21, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Հաշուի առնելով հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը` ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ընտանիքը կը դիմէ համազգային դիմադրութեան, որ հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի յառաջացնէ երկար սպասուած արժեհամակարգային յեղափոխութիւնը:

Նկատի ունենալով`

. Թուրք-ազրպէյճանական համաթուրանական քաղաքականութիւնը, որ կը միտի միանգամընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէսէն ջնջել Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւնները,

. Հայաստանի իշխանութիւններու ապազգային եւ դաւադիր ընթացքը, որ կ՛առաջնորդուի միակողմանի զիջումներով` կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ,

. Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի,

ՀՅԴ երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան, այլ` մեկնարկելով համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում` պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով`

  1. Ամէնուրեք թափ տալ հակաթուրք եւ հակաազրպէյճանական պայքարին,
  2. Գերտէրութիւններուն հասցնել այն պատգամը, թէ իրենց ծրագիրները չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերուն հաշուոյն,
  3. Կտրուկ քայլերով մերժել Հայաստանի իշխանութիւններու պառակտող ու պետականակործան քաղաքականութիւնը,
  4. Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, զայն Հայաստանէն ու սփիւռքէն անջատելու ազրպէյճանաթուրքական փորձերուն եւ Սիւնիքէն արտագաղթի հոսանքին դէմ: ՀՅԴ երիտասարդականի կողմէ կազմակերպուած «Արցախի վերականգնման ու զարգացման» եւ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրները լաւագոյն ապացոյցներն են այս աշխատանքին,
  5. Ներազգային ճակատի վրայ համախմբել, կազմակերպել հայ երիտասարդութիւնը` ստեղծելով դիմադրութեան ցանցային կորիզներ:

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ միանալու այս շարժումին, այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս` իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան: Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

20 հոկտեմբեր 2021

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Պահչելի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «ՕԹԱՆ-ի Մէջ Անգարայի Դէմ Դաւեր Կը Նիւթեն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.