Գլխաւոր լուրեր

Սերժ Սարգսեանը` Ալիեւին. «Յիշէ, Որ Ե՛ւ Դուն,  Ե՛ւ Հայրդ Պարտուած Էք Հայաստանի Նախորդ  Երեք Նախագահներէն Թէ՛ Ռազմի Դաշտին,  Եւ Թէ՛ Դիւանագիտութեան Դաշտին Մէջ»

Սերժ Սարգսեանը` Ալիեւին. «Յիշէ, Որ Ե՛ւ Դուն, Ե՛ւ Հայրդ Պարտուած Էք Հայաստանի Նախորդ Երեք Նախագահներէն Թէ՛ Ռազմի Դաշտին, Եւ Թէ՛ Դիւանագիտութեան Դաշտին Մէջ»

Խօսելով արդարութեան ճգնաժամի մասին` կ՛ուզեմ շեշտել, որ անիկա թէ՛ ներքաղաքական է, թէ՛ շրջանային: Այս մասին երէկ` 1 հոկտեմբերին, «Հանրապետականներ, շարունակական բարեփոխումներ» խորագիրով խորհրդաժողովի ժամանակ նշեց Հայաստանի երրորդ նախագահ, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան: «Անարդար է, երբ յարձակողապաշտութեան պատճառով հազարաւոր կեանքեր խլելէ եւ բազմահազար հայեր հայրենազրկելէ ետք այժմ մեզի կը փորձեն թելադրել, այսպէս ըսուած, խաղաղասիրական օրակարգ: Անարդարութենէն ո՛չ ներքին կայունութիւն, ո՛չ ալ...

Պաապտայի Մէջ.   «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Կազատարը  Փոքր Նորոգութիւններու Կարիք Ունի`  Վերստին Գործելու Համար»  Շեշտեց Նասրի Խուրի

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Կազատարը Փոքր Նորոգութիւններու Կարիք Ունի` Վերստին Գործելու Համար» Շեշտեց Նասրի Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ բարելաւելու միջոցները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ նախապէս գումարուած նիստերուն արդիւնքները եւ անոնց գործադրութեան հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: Խուրի նշեց, որ լիբանանեան-սուրիական թեքնիք յանձնախումբը Լիբանան-Սուրիա կազատարը ստուգած է: «Լիբանանի եւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր  Արամ Մանուկեանի Պրոնզաձոյլ Կիսանդրիի  Տեղադրում` Համանուն Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Պրոնզաձոյլ Կիսանդրիի Տեղադրում` Համանուն Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ մեծանուն քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշակոթող-կիսանդրիին բացումը: Նախաձեռնութեան եւ քանդակին հեղինակը քանատահայ քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեանն է: Քաղաքական գործիչին պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ կեդրոնի նախասրահին` խորհրդանշական բաժինին մէջ, ուր ամէն օր ելեւմուտ կը կատարեն հարիւրաւոր երիտասարդներ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան` արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կերպարն ու...

Խասաունէ Յորդանանի Ամբողջական  Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Խասաունէ Յորդանանի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէ, որ նախանցեալ գիշեր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Խասաունէի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Ապտել Ռահման Ժաֆալ Հատիտը: Խասաունէ Յորդանանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Խասաունէն, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց իր խոր յարգանքը այն իւրայատուկ ակնարկին, որ...

Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն  Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն

Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն

«Ազդակ»-ի առցանց 36-րդ լսարանին նիւթն էր «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կայացման խնդիրները. դասեր անցեալէն». դասախօսը` միջազգայնագէտ, թուրքագէտ դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին` յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորաբանական փոփոխութիւնը: Երկրորդ` նախորդող ժամանակահատուածին արձանագրուած բացթողումները եւ անոնցմէ քաղելիք դասերը, եւ երրորդ` ներկայ պայմանները նկատի ունենալով ի՞նչ քայլերու կարելի...

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի  Թեկնածուն Յայտարարած Է,  Որ Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Յայտարարած Է, Որ Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նախկին հանրապետական ծերակուտական Ճեֆ Ֆլէյք` Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանի թեկնածուն, յայտարարած է, որ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` հակասելով հարցին վերաբերեալ իր նախկին դիրքորոշումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Նեշընըլ Նիուզ» կայքը: Ֆլէյք հաստատակամօրէն «այո» պատասխանած է, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Մենենտես հարցուցած է, թէ արդեօք ան փոխա՞ծ է իր դիրքորոշումը եւ պատրա՞ստ է «միանալու այս...

Գէորգի Պետրոսեան. «Յարգել Եւ Գործադրել  Արցախի` Ի Վերուստ Սահմանուած  Անառարկելի Իրաւունքները»

Գէորգի Պետրոսեան. «Յարգել Եւ Գործադրել Արցախի` Ի Վերուստ Սահմանուած Անառարկելի Իրաւունքները»

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ակնկալուող` Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան մասին զրուցած է ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեանին հետ, որ անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան` համանախագահներու հաւանական այցելութիւն շրջան, այդ կարգին նաեւ Ստեփանակերտ: ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն ընդգծած է, որ յայտնի հանգամանքներու բերումով` աւելի քան միամեայ բացակայութենէ ետք ողջունելի...

Զօրակցական Դրական Նախանշաններու Լոյսին Տակ.  Կառավարութիւնը Կը Սկսի Խոստմնալից Քայլերով`  Դէպի Բնականոն Կեանքի Վերահաստատման

Զօրակցական Դրական Նախանշաններու Լոյսին Տակ. Կառավարութիւնը Կը Սկսի Խոստմնալից Քայլերով` Դէպի Բնականոն Կեանքի Վերահաստատման

Երկարատեւ սպասումէ ետք կազմուած կառավարութիւնը ժամանակին հետ մրցելով լծուած է խոստմնալից քայլերու գործադրութեան, ինչ որ կրնայ զարկ տալ իր գործունէութեան ամէնէն տարրական գործօնին` ժողովուրդին մօտ վստահութեան վերահաստատման: Այս ծիրին մէջ կարեւոր նախաքայլ մըն էր երէկ կառավարութեան անդրանիկ նիստը, որուն աւարտին յայտարարուած որոշումները գոհունակութեան դրական մթնոլորտ ստեղծեցին քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, քաղաքացիներու տարրական կարիքները հոգալու ծիրին մէջ որոշուեցաւ մինչեւ այս տարեվերջ երկարաձգել...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Երգիչ Եւ Արուեստագէտ  Հայկոն (Հայկ Յակոբեան)

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Երգիչ Եւ Արուեստագէտ Հայկոն (Հայկ Յակոբեան)

Երէկ` չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2021-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով իր մահկանացուն կնքեց 49-ամեայ երգիչ, երգահան Հայկոն (Հայկ Յակոբեան): Լուրը հաղորդեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի աշխատակազմի ղեկավար Շուշան Դանիէլեան: Հայկոն մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու, արժանացած մրցանակներու: 1997-ին Նիւ Եորքի «Պիկ Էփըլ» երգի փառատօնի յաղթողն է: Տարբեր տարիներու Հայաստանի մէջ արժանացած է «Լաւագոյն հեղինակ-կատարող», «Տարուան լաւագոյն երգիչ», «Տարուան լաւագոյն յօրինող» մրցանակներուն: 2006-ին անոր...

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Նիւ Եորքի Մէջ Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ  Համաձայնած Են Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղ  Աշխատանքային Ուղեւորութիւնները»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Նիւ Եորքի Մէջ Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Համաձայնած Են Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղ Աշխատանքային Ուղեւորութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնական խնդիրներն են պահուող անձերու վերադարձն ու ականազերծման աւարտը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին վիեթնամցի իր գործընկերոջ` Պույ Թհան Շոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Անոր համաձայն, անցեալ տարուան գլխաւոր արդիւնքը կայունութեան հաստատումն է: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը նպաստէ, որ որեւէ բռնի գործողութիւն հիմա չկայ: «Փոքր միջադէպերը, որոնք...

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցած Են  Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2021-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, անդամներ Աննա Գրիգորեան, Արթուր Ղազինեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի դեսպան Ճոն Քալաքերի հետ: Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատեց հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացումը, երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութիւնը: «Երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները կը նպաստեն միջազգային խորհրդարանական հարթակներուն վրայ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն...

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը  Եւ Դեսպան Լին Թրէյսի Քննարկեցին  Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրավիճակը

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Եւ Դեսպան Լին Թրէյսի Քննարկեցին Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրավիճակը

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին քննարկեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանային իրավիճակը: Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը «կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման մէջ»: Գրիգորեան եւ Թրէյսի բարձր գնահատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման: Միացեալ...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին, որուն հետ քննարկեց նոր կառավարութեան աշխատանքները, յատկապէս արտաքին յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ: Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ արտաշխարհին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման խնդիրը, թէ՛ իբրեւ կազմակերպական աշխատանք եւ թէ՛ իբրեւ առաւելագոյն թիւով արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցելու խնդիր: Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց նաեւ ներկայ փուլին նախարարութեան դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական նշանակումներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նախագահ Անասթասիատեսի Կեցուածքը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր խոր գնահատանքը արտայայտեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի Թուրքիոյ վերաբերեալ «յանդուգն ու արդարացի» յայտարարութեան համար: «Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ խօսած է բարի դրացիական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութեան մասին: Ես կը զարմանամ, երբ ատիկա կ՛ըսէ Էրտողանը: Իսկ ո՞ր երկիրն...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Մէկ տարի առաջ` 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին, Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծեց հայկական երկու պետութիւնների դէմ` թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակչութեանը, քաղաքացիական բնակավայրերն ու ենթակառուցուածքները: Պատերազմի սկսուելուց ժամեր անց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարեց ներքաղաքական պայքարի դադարեցման մասին եւ, կարեւորելով ազգային միասնականութիւնն ու թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին միասնական ջանքերով դիմակայելու կենսական անհրաժեշտութիւնը, կամաւորագրուելու կոչով դիմեց իր շարքերին եւ ժողովրդին, որին հարիւրաւոր հայորդիներ արձագանգեցին եւ մեկնեցին...

Խմբագրական.   Ապաշրջափակման Աշխարհաքաղաքական  Ընկալումներու Տարրեր

Խմբագրական. Ապաշրջափակման Աշխարհաքաղաքական Ընկալումներու Տարրեր

44-օրեայ պատերազմէն տարի մը անց, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի ստեղծման համար արագ կշռոյթներով սկսած են երեւիլ աշխարհաքաղական օրակարգի իրականացման միտումներ: Տարածաշրջանի ապաշրջափակում. ահա՛ ձեւակերպումը մեծ օրակարգին: Խնդիրը շատ աւելի հեռու կ՛երթայ արցախեան հակամարտութեան լուծումէն, եւ նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը սկսի բանալ իր փակագիծերը: Այստեղ խնդիրը ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումն է, այլ նաեւ գերակայ տարբեր ուղղութիւններ հետզհետէ...

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային հարցեր: Բագրատունի ՄԱԿ-ի պատուիրակին ներկայացուց Լիբանանի ներկայ կացութեան գնահատումը` միաժամանակ բացատրելով ՀՅ Դաշնակցութեան եւ հայ համայնքի կեցուածքներն ու տագնապէն դուրս գալու միջոցները: Արծարծուեցան Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի ունեցած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ շրջանային...

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ  Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, երէկ` երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ: Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ ուղղուեցան Ազրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ: Այս առիթով Լարա Գարակէօզեան արաբերէնով արտասանեց հետեւեալ խօսքը. «Ի՞նչ...

Սուրբ Խաչի Եւ Պետականութիւնը  Խորհրդանշող  Դրօշներու Առաջնորդութեամբ  Սկսաւ Երթը Դէպի Եռաբլուր

Սուրբ Խաչի Եւ Պետականութիւնը Խորհրդանշող Դրօշներու Առաջնորդութեամբ Սկսաւ Երթը Դէպի Եռաբլուր

Երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն Սուրբ խաչի եւ պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` խոնարհելու համազգային երազանքներու իրագործման համար պայքարին ընթացքին ինկած մեր որդիներու եւ եղբայրներու շիրիմներուն առջեւ: Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի...

Page 345 of 797 1 … 344 345 346 … 797

Արխիւներ