Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու տան` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներու ընթացքին հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները ճանչնալու` գործադիրին ուղղուած կոչը կարեւոր ձեռքբերում է: «Արմենփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին նշեց Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեանը` աւելցնելով, որ նշանակալի աշխատանք տարուած է տեղւոյն յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Աւստրալիոյ կառավարութեան վրայ նոր ճնշում կը բանեցուի, եւ ատիկա կը կատարուի խորհրդարանին միջոցով: Իբրեւ ժողովրդավարական քաղաքականութիւն ունեցող երկիր, կ՛ակնկալուի, որ կառավարութիւնը պէտք է լսէ խորհրդարանին: Մենք ատիկա տեսանք Միացեալ Նահանգներու պարագային: Եւ երբ առկայ է ճնշում խորհրդարանէն, ապա գործադիրին կողմէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ժամանակի հարց է», ըսաւ Հայկ Գայսերեան\:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը նշեց, որ յոյներու եւ ասորիներու համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ պիտի շարունակեն աշխուժ աշխատանքը թէ՛ Ծերակոյտին, թէ՛ ալ գործադիրին hետ: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր կառավարութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք նախապէս ճանչցած են 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխան կոչերով հանդէս եկած: