Երէկ` ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, Սոչիի մը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վրատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երեք երկիրներու ղեկավարներու մամլոյ ասուլիսը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Փաշինեանի, Ալիեւի եւ իր միջեւ գոյացած են համաձայնութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները` յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք իրենց հանդիպումին:
«Մենք շատ մանրամասն խօսեցանք փոխադրական կապերու, նախ եւ առաջ` երկաթուղային եւ մայրուղիներու ապաշրջափակման մասին», մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Փութին` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կայացան կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ անկեղծ ու շատ մանրազնին քննարկում կատարուեցաւ «հաղորդակցութեան երակներու ապաշրջափակման շուրջ»: «Մենք բացէ ի բաց քննարկեցինք մեր ծրագիրները, քննարկեցինք երկու կողմերուն մօտ անհանգստութիւն պատճառող հարցերը: Կարեւորը այն է, որ մեր տուած որոշումները պիտի նպաստեն, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դառնայ աւելի անվտանգ», յայտնեց Ալիեւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումի արդիւնքներէն: «Մենք քննարկեցինք օրակարգի բոլոր հարցերը: Ասիկա հանդիպում էր ոչ թէ հարցերը թաքցնելու, այլ` զանոնք բաց քննարկելու համար: Շատ դրական է, որ շարք մը հարցերու շուրջ յստակացուցինք դիրքորոշումները, եւ պարզուեցաւ, որ որոշ հարցերու շուրջ չկան թիւրիմացութիւններ, ինչպէս կը թուէր մինչ այդ», նշեց Փաշինեան:
Բացի ատկէ, կողմերը, ըստ Ռուսիոյ նախագահին, համաձայնեցան նաեւ մինչեւ այս տարուան աւարտը գործիքակազմեր ստեղծել` հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համար: «Յոյս ունիմ, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ կարելի եղածին չափ արագ», նշեց Փութին` դիտել տալով, որ կողմերը յաջողեցան նաեւ յառաջընթաց արձանագրել մարդասիրական հարցերու լուծման մէջ:
Փութին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ տալ որոշումներ` փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: «Հիմքեր կան ենթադրելու, որ մօտիկ ապագային մենք պիտի կարենանք ո՛չ միայն հաստատել ապաշրջափակումով զբաղող համապատասխան խումբի աշխատանքը, այլ նաեւ տալ բոլորին համար անհրաժեշտ որոշումներ», նշեց Փութին` աւելցնելով, որ ընդհանուր ջանքերուն նպատակն է պայմաններ ստեղծել` շրջանի վերածնման համար, որպէսզի մարդիկ ապահով զգան եւ կարենան բնական գործունէութեամբ զբաղիլ եւ տնտեսութիւն զարգացնել:
Ռուսիոյ նախագահը ափսոսանք յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տակաւին դէպքեր կը պատահին, եւ մարդիկ կը զոհուին` շեշտելով, որ պէտք է քննարկուի կատարուածն ու կատարուելիքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նման դէպքերու առաջքը առնել: Անդրադառնալով խաղաղութեան հոլովոյթին` ան գնահատանքով խօսեցաւ շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան մասին:
Փութին ողջունեց Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ 15 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին միտումը` նշելով, թէ որքան շատ ըլլան ուղղակի հանդիպումները, այդքան լաւ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հակառակ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն ետք տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն եւ Ռուսիոյ ջանքերուն, իրավիճակը այնքան կայուն չէ, որքան փափաքելի է: Ան յիշեցուց, որ այդ թուականէն ետք երկու կողմերէն տասնեակ զոհեր արձանագրուած են, դէպքեր պատահած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, իսկ 12 մայիս 2021-էն ետք ճգնաժամային իրավիճակ է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ազրպէյճանական զօրքերու ներխուժումէն ետք:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, թէ համաձայն չէ Ազրպէյճանի նախագահի այն ձեւակերպումին, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան բոլոր կէտերը, բացառութեամբ շրջանի ապաշրջափակումին, կատարուած են:
Դիմելով Ռուսիոյ նախագահին` Փաշինեան յիշեցուց, որ իրենք անձնական հանդիպումներու եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին բազմիցս քննարկած են Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու խնդիրը: Վարչապետը շեշտեց, որ ատիկա շատ կարեւոր մարդասիրական հարց է:
Ազրպէյճանի նախագահը եւս անդրադարձաւ Ռուսիոյ նախագահին եւ ռուս խաղաղապահներուն դերակատարութեան` ըսելով. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն ի վեր անոնց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ լուրջ առճակատում եւ զինուած ընդհարումներ չեն եղած, տեղի ունեցած են առանձին դէպքեր, որոնք կարելի չէ համակարգային ճգնաժամ որակել»:
Ալիեւ պնդեց, որ Պաքուն այժմ հայկական կողմին մօտ համագործակցութեան ուղղուած դրական միտումներ կը նկատէ: