Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Եռանդուն Ջանքեր Կը Գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Լարուածութիւնը Փարատելու Ուղղութեամբ»

March 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը եռանդուն ջանքեր կը գործադրեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութիւնը փարատելու ուղղութեամբ: Այդ մասին զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` ընդգծելով, որ ռուս խաղաղապահները կը գործեն` խստօրէն հետեւելով 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն:

«Պատասխանելով «Տը Մոսքօ Փոսթ» օրաթերթի լրագրողի այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիի շփման գիծին մէջ եւ կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ ատիկա սադրանք է Ազրպէյճանի կողմէ, թերեւս նոյնիսկ Թուրքիոյ հրահրումով` «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» նպատակով, քանի դեռ Ռուսիան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ վրայ, Զախարովա պատասխանած է հետեւեալը. «Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ մեր երկրի դիրքորոշումը արտայայտուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  26 մարտի յայտարարութեան մէջ: Եթէ նայիք այդ յայտարարութեան, ապա կը տեսնէք, որ մենք թախանձագին կոչ ուղղած ենք կողմերուն ապահովելու 9  նոյեմբեր 2020-ի բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակի եւ զինուորական բոլոր գործողութիւններու լիարժէք դադրեցման մասին»:

Ըստ Զախարովայի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ տեղւոյն իրավիճակի մասին նորագոյն տեղեկատուութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակուի:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Խորհրդարան Հասած Եմ Մեր Քուէներով, Ոչ Ոքի Պարտական Ենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.