Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատ Միրզոյեան Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցաւ. Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի Խախտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

March 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շարք մը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Խովայեւի, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ:

Նախարար Միրզոյեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Խովայեւին ներկայացուց Ազրպէյճանի ներխուժման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու եւ ցեղային զտման առնչուող ազրպէյճանական կողմի այլ գործողութիւններուն` ընդգծուեցաւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն` 23 մարտի ելման դիրքեր վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուց հայկական կողմին դիրքորոշումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ: Վերահաստատուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիարժէք աշխատանքներու կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ հանդիպումին կարեւոր նկատեց Ազրպէյճանի ներխուժման Ռուսիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն տուած գնահատականը: Նախարարը ընդգծեց ռուս խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ յստակ միջոցներու ձեռնարկումը` ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ներխուժումը դադրեցնելու եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը դուրս բերելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն հետ հանդիպումին անթոյլատրելի նկատեց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ շարունակական սադրանքներն եւ յարձակողական գործողութիւնները:

Դեսպաններուն հետ հանդիպումներուն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը դիտաւորեալ խափանելու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին:

Նախարար Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան պատշաճ եւ հասցէական արձագանգը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ազրպէյճանական զինուած ուժերու դուրս բերման եւ իրավիճակի ապամագլցումին:

 

Նախորդը

Ֆրանսան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Զօրքերը Ետ Քաշելու Փառուխի Եւ Խրամորթի Շրջաններէն

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Զօրքերը Կը Շարունակեն Մնալ Քարագլուխի` Փառուխին Յարակից Հատուածին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.