6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ 14 դեկտեմբեր 2021-ին Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած է համաձայնութիւն` 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան համաձայն, մինչեւ ապրիլի վերջ ստեղծելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնախումբ, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքին անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով զբաղելու լիազօրութեամբ:
Փաշինեան եւ Ալիեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն: