Հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին աւելի քան երկու ժամ շարունակ տարբեր մթնոլորտ տիրեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որուն բեմը ծաղկեցուցին եւ երկար ատենէ ի վեր այսքան մեծաթիւ հանդիսատեսներու կարօտը ունեցող սրահը իրենց տաղանդով լեցուցին, նման իւրայատուկ ու խորհրդանշական ելոյթներէ քանի մը տարիէ զրկուած հանդիսատեսը յոյսով, յուզումով, մերթ տխրութեամբ, մերթ ուրախութեամբ, արցունքի եւ ժպիտի միախառնումով, բայց անպայման հաւատքով պարուրեցին Արցախէն այս իսկ նպատակով Լիբանան եկած արցախցի տաղանդաւոր 8 պատանիներ եւ արհեստավարժ դաշնակահարուհի մը:
Աննա Դանիլովան (մեներգ) եւ Լիա Մանասեանը (ասմունք) Շուշիէն են, Արսէն Սաֆարեանը (շեփոր), Կարէն Եսայեանը (տուտուկ), Աստղիկ Աւանէսեանը (քանոն), Վլատիմիր Գալստեանը (մեներգ)` Ստեփանակերտէն, Տիգրան Աւագեանը (տհոլ)` Հատրութէն, իսկ Կարէն Յարութիւնեանը (մեներգ)` Մարտունիի Սօս գիւղէն… Ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան սրտին ու միտքին մէջ մեծ եւ կարեւոր տեղ ու արժէք ունեցող Արցախի տարբեր շրջաններէն մէկական ներկայացուցիչներ ըլլան կարծէք, արցախեան շունչն ու ոգին, հակառակ ամէն դժուարութեան եւ ընկրկումի արցախցիին յատուկ կորովն ու հաւատքը լիբանանահայութեան փոխանցելու առաքելութիւնը ստանձնած տաղանդաւոր պատանիներ: Պատանիները ունէին իրենց կորով ու քաջութիւն ներշնչող, իրենց տաղանդներու լաւագոյնս դրսեւորման մեծապէս օժանդակող եւ Արցախէն իրենց ընկերակցած դաշնակահարուհին` Նադեժտա Յակոբեան:
ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ «Ղօղանջ վերապրումի» խորագիրը կրող կալա-համերգին բացման խօսքը արտասանեց ՋԱՀ-ի ատենապետ Նարէ Գալեմքէրեան, որ դիտել տուաւ, թէ հակառակ Լիբանանի եւ Արցախի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, յանձնախումբը որոշած է նման նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչել, որովհետեւ կը հաւատայ արցախցիներուն վերապրումի կամքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մեր գաղութի ներուժին` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն էր նաեւ ամրապնդել հոգեկան կապը լիբանանահայուն եւ արցախցիին միջեւ` անգամ մը եւս հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը միշտ իրենց կողքին է:
Նարէ Գալեմքէրեան դիտել տուաւ, որ ամբողջ շաբաթ մը արցախցի տաղանդաւոր պատանիները դպրոցներու եւ սրահներու մէջ իրենց ելոյթներով ո՛չ միայն գեղարուեստական հաճոյք պատճառեցին լիբանանահայութեան, այլ նաեւ հաստատեցին, որ մեր ազգը կարելի չէ զգետնել: «Իրենց տուները ակամայ լքած եւ անորոշութեան մէջ ապրող մեր պատանիները մեզի եկան ըսելու, որ իրենց կամքը անկոտրում է, հաւատքը` ամուր եւ յոյսը` միշտ վառ: Հետեւաբար, մենք իրաւունք չունինք յուսալքուած մնալու, պէտք է շարունակենք եւ ամրապնդենք մեր պայքարը յանուն հերոսական Արցախի, յանուն բռնագրաւուած տարածքներուն, յանուն ազգի միասնութեան եւ ազատութեան», շեշտեց ան:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցած լիբանանահայ գաղութի զանազան հիմնարկներուն, հաստատութիւններուն, աշակերտներուն, ծնողներուն, սրտցաւ հայրենակիցներուն եւ պատանիները հիւրընկալող ընտանիքներուն:
Բեմավարութիւնը ամենայն հարազատութեամբ կատարեց, պատանիները ծանօթացուց եւ անոնց ինքնավստահութիւնը ամրապնդեց Արցախի հետ ուղղակի առնչուող լիբանանահայ անձնաւորութիւն մը, որուն անունն անգամ անմիջականօրէն կապուած է Արցախին, յատկապէս Շուշիին… Զաքար Քէշիշեանը, որ բեմին վրայ հոգատարի մը իսկական դերը ստանձնած կը թուէր` մթնոլորտը աւելի ջերմացնելով եւ սրահ-բեմ կամուրջը հանդիսանալով: Ան նշեց, որ մէկ շաբթուան ընթացքին արցախցի պատանիները օրական երկու համերգ տուած են, այցելած են լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները եւ իրենց տաղանդը հրամցուցած շուրջ 2500 աշակերտներու, զորս ներշնչելու կողքին, իրենք եւս ներշնչուած են լիբանանահայ իրենց քոյր-եղբայրներէն: Զաքար Քէշիշեան տարբեր առիթներով շեշտեց, որ, հակառակ պարտութեան ու յուսալքումի, բեմին վրայ կանգնած եւ զայն ծաղկեցնող պատանիները յաղթանակած են արուեստով ու մշակոյթով, անոնք են յոյսն ու հաւատքը, որոնցմով կարելի է շատ բան վերականգնել:
Ճոխ էր պատանիներուն հրամցուցած յայտագիրը եւ այլազան, տպաւորիչ եւ անպայման ապագայի վառ յոյսերով լի: Իւրաքանչիւրին տաղանդը կու գար երեկոյին ընդհանուր պատկերին յատուկ երանգ ու դրոշմ տալու` այսպիսով տպաւորիչ դարձնելով համերգը: Վերջին երկու երգերուն անոնց միացան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի անդամները:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց պատանիներուն ընկերակցող, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի եւ գեղարուեստական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատանիները իրենց կատարումներով արցախահայութեան հոգիի ջերմութիւնը ցանեցին չքնաղ Լիբանանի հողին վրայ ապրող ու արարող լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հոգիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց հետ բերին հայրենիքի կարօտը եւ գեղարուեստական պահեր ընծայեցին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՋԱՀ յանձնախումբի անդամներուն` դիտել տալով, որ Լիբանանի մէջ անցուցած իրենց իւրաքանչիւր օրուան պատմութիւնը կարելի է գրել` յուզումի, ուրախութեան, կարօտի, գոհունակութեան, բայց ամէնէն կարեւորը` վերազարթօնքի, ոգեւորութեան եւ յոյսի, զորս ներարկեցին մարդոց սրտերուն: Արմէն Յովսէփեան յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ աւելի յաճախակի կը դառնան, որովհետեւ անոնք կարեւոր են Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի դիմաց մարտահրաւէրներու յաղթահարման օժանդակելու: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պատանիներուն ընկերակցած արհեստավարժ, շնորհաշատ դաշնակահար Նադեժտա Յակոբեանին` անոր անձնուէր աշխատանքին համար եւ այս բոլորին կայծը հանդիսացող Զաքար Քէշիշեանին: Աւարտին ան Արցախը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց ՋԱՀ յանձնախումբին:



