Թրքական «Քրիթեր» պարբերաթերթը, որ կը պատկանի Թուրքիոյ «Քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնադրամ»-ին` ՍԵԹԱ-ին, հարցազրոյց կատարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Հարցազրոյցի ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած դիւանագիտական համախմբումին:
Չաւուշօղլուն, համախմբումի ընթացքին ունեցած այլ հանդիպումներու շարքին խօսած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ իր հանդիպումին մասին:
«Այսօր թափ ստացող կարգաւորման հոլովոյթներու մէջ ենք թէ՛ Հարաւային Կովկասի, թէ՛ ալ Միջին Արեւելքի մէջ: Այս տարի Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ կառուցողական հանդիպում ունեցանք», ըսած է Չաւուշօղլու: