Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Հանրութեան Ուղղուած Դասախօսական Շարքի Առաջին Հանդիպումը` «Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը» Նիւթով

Ապրիլ 9, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրուան անցուդարձերուն ու թարմացումներուն հետամուտ ըլլալն ու անոնց իրազեկ դառնալը անհրաժեշտ է` առկայ հարցերը ընկալելու եւ ըստ այնմ ապագայի քայլեր առնելու, միջոցներ որոնելու կամ լուծումներ գտնելու համար: Հանրութիւնը լուսաբանելը եւ զայն առկայ հարցերուն լաւատեղեակ դարձնելով զրոյցի մթնոլորտ ստեղծելը նախազգուշական քայլ մըն է, որ կրնայ բիւրեղացնել ժամանակակից մշուշոտ հարցեր եւ դէմ կը դնէ թիւրիմացութեան:

Մեկնելով այս նպատակակէտէն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբը հրաւիրելով հանրութիւնը, ձեռնարկեց հանդիպում-զրոյցներու շարքի մը, որուն առաջինը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2022-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Բացման խօսքին մէջ Արին Պուլուզեան-Գալուստեան յայտնեց, որ առաջին հանդիպումը յատկացուած է օրուան թէժ նիւթին` ռուս-ուքրանական պատերազմին եւ միջազգային գետնի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօս տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանը:

Դասախօսութիւնը ընդհանրապէս ունէր վերլուծական եւ ոչ թէ պատմողական բնոյթ:

Դասախօսութեան սկիզբը տոքթ. Թասլաքեան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց` յայտնելով, որ Ռուսիան եւ յատկապէս Ուքրանիան իրենց մէջ ձուլած են տարբեր ազգեր ու ցեղախումբեր` կազմելու համար այսօրուան իրենց երկիրներու ժողովուրդները: Անդրադառնալով ծագումնաբանական պատճառներուն` ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուքրանիոյ կը պակսէր գաղափարախօսութիւն մը, որուն շուրջ կրնային կայանալ ազգերը, եւ այդ գաղափարախօսութիւնը ժամանակի ընթացքին ձեւաւորելու դժուարութիւն ունենալով հասան հոն, ուր որ այսօր են տակաւին: Ուքրանիոյ մէջ տարբեր ազգեր տարբեր հակումներ ունին. ռուսախօսները իրենք զիրենք ռուս կը զգան, թաթարները առնչուած են Թուրքիոյ, լեհերը` Լեհաստանին», եւ այսօրուան ճգնաժամի դրդապատճառներուն մասին խօսելով ըսաւ. «Հիմնական պատճառը այն է, որ ռուսերը կը մտածեն, թէ 1984-ին Խրիմի` Ուքրանիոյ նուէր տրուիլը արդարացուած չէ»:

Ըստ դասախօսին, Ռուսիոյ ամէնէն հիմնական նպատակներէն մէկը ծովու վրայ իր իշխանութիւնը ամրացնելն է` Կասպից ծովէն մինչեւ Ազովի ծով շրջանը իր հովանաւորութեան տակ պահելով եւ ուքրանական ներկայութիւնը այնտեղ բացառելով, որովհետեւ ծովը պատերազմներու ժամանակ անյայտ ըլլալու, ծաւալելու եւ դժուար թիրախ դառնալու կարելիութիւն կու տայ, ինչպէս նաեւ այդպիսով իրականացած կ՛ըլլայ Մեծն Պետրոսի նպատակը` ռուսական պետութեան տարածքը հասցնել մինչեւ «ծովեր» եւ զարգացնել առեւտուրն ու երկրի տնտեսութիւնը:

Թասլաքեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ նաեւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` տարիներու ընթացքին ապրած հոգեբանական զարգացումները, զանոնք դրդող ազդակները եւ այսօրուան անոր քաղաքականութեան ձեւաւորման հոլովոյթը:

«Անկախ զինուորական նպատակ ըլլալէն` այս պատերազմը նաեւ հոգեբանական նպատակ ունէր` ռուս ժողովուրդին մէջ վերակենդանացնել ազգայնական զգացումը, անոր մէջ վերականգնել խանդավառութիւնն ու ապագային հանդէպ յոյսը եւ ամրապնդել հզօրութեան զգացումը», նշեց ան` անդրադարձ մը կատարելով նաեւ պատերազմի քարոզչական կողմին եւ Արեւմուտքի գործօնի ազդեցութեան:

Ըստ դասախօսին, եզրակացութեան հասնելու համար եւ Ուքրանիոյ կեցուածքին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը ճշդորոշելու համար, պէտք է տեսնել պատերազմի աւարտը: Ան այս մասին խօսելով նշեց. «Հակառակ այս պատերազմի ամբողջ թոհուբոհին, բոլոր զոհերուն ու կորուստներուն, վերջին հաշուով ուքրանացի ժողովուրդը հարցը պիտի քննէ այս պատերազմի տաք մթնոլորտի աւարտէն ետք` հաշուի առնելով, որ իր շահը եւ ապագայ զարգացման կարելիութիւնը ինչի՛ եւ որո՛ւ հետ կապուած են»:

Տնտեսական գետնի վրայ, դասախօսին վերլուծութեամբ, այս պատերազմը յառաջ բերաւ նոր կացութիւն: Ամբողջ 30-ամեակ մը համագործակցութեամբ ու «խաղաղ» ներեւրոպական յարաբերութիւններու շրջանէ մը ետք, Եւրոպա դարձաւ իր նախկին վիճակին` Ռուսիոյ հետ ուժանիւթի հարցին գծով: Կազի վաճառքներէն Ռուսիոյ պետութիւնը ձեռք ձգեց կարելիութիւններ, որոնցմով զարգացուց իր զինուորական ճարտարարուեստը, որ մեծապէս անկում կրած էր յետխորհրդային շրջանի առաջին 15 տարիներուն: Այդ միջոցով ապահովելով «պահեստային» գումար մը, ասիկա վստահութիւն ներշնչեց Փութինին այս պատերազմը «ձեռնարկելու» երաշխաւորելով, որ նոյնիսկ պատժամիջոցներու սահմանումին պարագային, ան պիտի ունենար հսկայական արտաքին նիւթական միջոցներ` այդ բոլորը շրջանցելու եւ վերստին զարգանալու կարելիութիւն ստեղծելու: Ուստի, Արեւմուտքը սկսաւ փնտռել լուծումներ` ռուսական կազը փոխարինելու համար: Այս միտումը արագ թափով կը զարգանայ այնտեղ` վերանորոգուող ուժանիւթային աղբիւրներ որոնելով:

Պատերազմը յառաջ բերաւ նաեւ վախ, որովհետեւ Արեւմուտքի զարգացուցած արհեստագիտութիւնը կը ծառայէր Ռուսիոյ` իբրեւ զինուորական համակարգի զարգացման աղբիւր:

Սակայն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ օդային եւ ծովային ազատ առեւտուրի սահմանափակումներու եւ պատժամիջոցներուն պատճառով, այսօր Ռուսիա կ՛ապրի դրամանիշի արժեզրկում եւ գերսղաճի վիճակ: Ասիկա կրնայ յառաջացնել ընդվզում ժողովուրդին մօտ:

Դասախօսը շեշտեց, որ պայման չէ պատերազմի աւարտին հասնելով ունենանք «յաղթող» ու «պարտուող» կողմեր, այլ կան «համաձայնութիւններ», որոնք տարբեր ձեւերով կը բացատրուին տարբեր դերակատարներու կողմէ: Ան աւելցուց, որ ստեղծուած իրավիճակը վտանգ կը սպառնայ նաեւ փոքր ազգերուն, ինչպէս նաեւ մեզի` հայերուս: «Պատերազմի անկայունութիւնները առիթներ կը ստեղծեն, սակայն միայն անոնց համար, որոնք պատրաստ են այդ առիթները օգտագործելու: Նախանձելի չէ Հայաստանի պարագան: Դժբախտաբար անցնող 44-օրեայ պատերազմին կրած վնասները մեծապէս ազդեցին երկրին ու ժողովուրդին վրայ», ըսաւ ան:

Ըստ անոր, խաղաղութիւնը բոլորին համար լաւագոյնն է, սակայն զարգացող իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ անիկա տակաւին տեսանելի չէ:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ միջնորդութեան` Թասլաքեան ըսաւ. «Ուքրանիան եւ Թուրքիան այսօր համաձայն են Թուրքիոյ այս պատերազմին միջնորդութեան: Ասիկա յաւելեալ սպառնալիք է հայերուս համար»:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ եւ կարծիքներու փոխանակում:

Յիշենք, որ սոյն դասախօսական շարքը ուղղուած է հանրութեան, եւ այս զրոյցներուն նիւթը, վայրն ու թուականը նախօրօք հրապարակուին եւ պիտի սփռուին «Ազդակ»-ի ու «Վանայ Ձայն»-ի միջոցով:

 

Նախորդը

Մեր Հայեցի Դաստիարակչի Յիշատակին` Խօսք Սիրոյ Եւ Յարգանքի

Յաջորդը

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի Բեմը Վերածեցին Կտոր Մը Հարազատ Արցախի

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?