11 յուլիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց Եւրոպական խորհրդարան այցելութեան արդիւնքները, անդրադարձաւ շարք մը հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, խօսեցաւ ներքաղաքական զարգացումներու եւ յառաջիկայ ընելիքներու մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
«Միջազգային կառոյցներու, մասնաւորապէս` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շահերը պատշաճօրէն ներկայացուած չեն, եւ մեր հանդիպումներուն ընթացքին ակնյայտ դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատշաճ կերպով չեն պաշտպաներ հայ ժողովուրդին շահերը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` ներկայացնելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր հանդիպումներուն հիմամբ կատարած արձանագրումներէն առաջինը:
Անոր երկրորդ արձանագրումը` Հայաստանի իշխանութիւններու պնդումները, թէ կայ միջազգային պահանջ եւ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակի հարցով նշաձող իջեցնելու վերաբերեալ, անհիմն են, նման պահանջ գոյութիւն չունի:
«Այլ հարց է, որ գոյութիւն ունի խաղաղութեան հասնելու պահանջ, խաղաղութեան օրակարգ, բայց երբ այդ հանդիպումներուն ընթացքին մանրամասն կը բացատրէինք, որ հայ ժողովուրդը դէմ չէ խաղաղութեան, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կրնար մեր հայրենազրկման գնով ըլլալ, եւ պարտադրուած խաղաղութիւնը շրջանին չի կրնար բերել կայունութիւն, այս հիմնաւորումները անոնց համար շատ հասկնալի էին», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ըստ երրորդ արձանագրումին, Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պայքարի քանի մը ճակատներով: Այսպէս` թուրք-ազրպէյճանական պատուիրակութիւնները աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ ռեւանշիստական (վրէժխնդրական), շրջանը ապակայունացնող, պատերազմ հրահրող ուժեր, եւ անոնց այս թեզերը նաեւ աջակցութիւն կ՛ունենան Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար, ընդդիմութեան բոլոր պնդումներն ու յայտարարութիւնները, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն սպասարկեր մեր ժողովուրդին շահերուն, կը համագործակցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ, նոյն թեզերը յառաջ կը մղեն միջազգային կառոյցներուն մէջ, շատ ակնյայտ էին հանդիպումներուն ընթացքին:
Չորրորդ` աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ եւ վերադասաւորումներու փուլին մէջ, որ Հայաստանի համար յղի է նոր սպառնալիքներով, Հայաստանի իշխանութիւնները կը վարեն պարտուողական, ոչ համարժէք քաղաքականութիւն», նշեց Սաղաթէլեան` շեշտելով, որ Ազրպէյճանը դարձած է հետաքրքրական Եւրոպայի համար` նաւթի ու կազի շնորհիւ, եւ այս իրավիճակին մէջ բռնապետական Ազրպէյճանը աւելի հետաքրքրական է Եւրոպային, քան Հայաստանը:
Հինգերորդ արձանագրումով` Հայաստանի մէջ միջազգային կազմակերպութիւնները ներքաղաքական կեանքի մասին զեկուցումները կը ներկայացնեն միակողմանի, եւ այս հանդիպումները շատ կարեւոր էին, որ ներկայացուի Հայաստանի մէջ տիրող իրական վիճակը` քաղաքական բանտարկեալներ, ապօրինութիւններ եւ այլն:
Իշխան Սաղաթէլեան պատերազմի վտանգ կը տեսնէ:
«Կայ պատերազմի վտանգ, ու, եթէ կ՛ուզէք իմանալ, այս իշխանութիւնը պէտք է օր առաջ հեռանայ նաեւ այդ պատճառով: Այս իշխանութիւնը պարտութեան ու պատերազմի խորհրդանիշ է: Աստուած չընէ, եթէ այս իշխանութեամբ մտնենք պատերազմի մէջ, ակնյայտ է` ինչ ելք պիտի ունենանք», յայտարարեց Սաղաթէլեան:
Ան ընդգծեց, որ եթէ իշխանութիւնը մէկ կրամ կը մտածէ հայ ժողովուրդին մասին` պէտք է օր առաջ հեռանայ:
«Այո՛, պատերազմի վտանգ կայ», ընդգծեց Սաղաթէլեան: