5 յուլիսին` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրը, «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները հաւաքուած էին Արամ Խաչատուրեանի արձանի յարակից տարածքին մէջ, ապա երթով ուղղուեցան դէպի Սահմանադրական դատարան, նախագահի նստավայր եւ Ազգային ժողով: Երթը կը կրէր «Ի պաշտպանութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան» խորագիրը:
Երթին մասնակիցները առջեւէն կը տանէին «շղթայուած» Սահմանադրութիւնը: Անոնց ձեռքին կային քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ «Ձերբակալութիւններով չէք վախեցնի», «Քաղբանտարկեալների երկիր Հայաստան»` գրութիւններով պաստառներ:
Երթի մասնակիցները Սահմանադրական դատարանին մօտ ձգեցին «շղթայուած» Սահմանադրութիւնը, ապա շարունակեցին քայլերթը դէպի նախագահի նստավայր:
Երթի յաջորդ կանգառը Ազգային ժողովն էր:
Ցոյցին մասնակիցները անազատութեան մէջ գտնուողներու լուսանկարները ձգեցին Ազգային ժողովի դարպասներուն մօտ:
Այնուհետեւ երթը վերադարձաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր ցոյցը աւարտեցաւ: