Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Դիտորդները Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը

December 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)` (Ազրպէյճանի  եւ Հայաստանի դիտարկումի գծով) չորս համազեկուցողները միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած վիճակին` արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը ազատ տեղաշարժի ընդհատման փաստին վերաբերեալ:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կ՛ըսուի չորս համազեկուցողներու համատեղ ստորագրած յայտարարութեան մէջ:

«Միջանցքի երկայնքին պէտք է արագ վերականգնուի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք 9 նոյեմբեր 2022 եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ», կը նշուի Եան Լիտել-Կրէյնճըրի (Բրիտանիա), Լիզ Քրիսթոֆերսենի (Նորվեկիա), Քիմմօ Քիլեունենի (Ֆինլանտիա, SOC) եւ Պորիանա Ապերկի (Շուէտ) ստորագրած յայտարարութեան մէջ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար` ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը չորեքշաբթի օր քննարկուած են ԵԽԽՎ դիտարկումի յանձնախումբին կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական աջակցութիւնը, ներառեալ շրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով», կ՛եզրակացնեն համազեկուցողները:

Նախորդը

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ Երկուշաբթի Ժամանակ Տուած Է Պատասխան Ուղարկելու Աչինի Միջանցքը Ապաշրջափակելու` Հայաստանի Պահանջին Վերաբերեալ

Յաջորդը

Արցախի Կազամատակարարումը Վերականգնուած Է

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.