Այսօր Լիբանանի խորհրդարանը հերթական անգամ հրաւիրուած է նիստի` չընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ: Հերթական այս արարը կը տարբերի նախորդներէն այն իմաստով, որ առանց ենթահող պատրաստելու երկխօսութեան հրաւէրի յղումը մերժուած է: Ուրեմն կա՛մ անհրաժեշտ քուէահաւաքի բացակայութեամբ, կա՛մ ալ օրինաթիւ չկազմելու պատճառով պարզ է ու յստակ կանխատեսումը:
Զուգահեռ սակայն կ՛ընթանան վարչաքաղաքական աշխատանքներ: Վարչապետի պաշտօնակատարը կը մեկնի Ռիատ եւ հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ, իսկ ընթացիկ գործեր վարող նախարարները յայտարարութիւններ կը կատարեն յատկապէս դրամագլուխի վերահսկողութեան եւ համացանցային եւ հեռախօսային հաղորդակցութիւններու համակարգերուն կապուած իրենց կատարած տնօրինումներուն մասին:
Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ նուիրականացում կայ տիրող գոյավիճակին: Առանց հանրապետութեան նախագահի, առանց լիազօրութիւններ ունեցող կառավարութեան քաղաքական հանդիպումները կը շարունակուին, վարչական տնօրինումներ կը կատարուին:
Երկխօսութեան առաջարկներ չեն ընդառաջուիր, առընթեր սակայն` նախագահի պաշտօնին համար շրջանառուող անուններ կը մեկնին արաբական մայրաքաղաքներ, եւ քաղաքական այս կամ այն կողմը կը յայտնէ, թէ բացարձակ մերժում չունի նախագահութեան թեկնածուի, այս պարագային` բանակի հրամանատարին անուան շուրջ:
Քաղաքական հանդիպումներու այս շարքին մէջ ուշագրաւ է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատարին տեսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Ուաշինկթընի «Ուիլսըն» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տէյվիտ Հէյլին հետ: Պարզ է, որ ամերիկացի այս անձնաւորութեան «նախկին»-ը «ներկայ»-ի իմաստ ունի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ անոր կատարած յայտարարութիւնները կը վերաբերին պաշտօնական Ուաշինկթընի դիրքորոշումներուն:
Փորձենք ամփոփել Հէյլի յղած ուղերձներուն կէտերը:
– Լարուածութիւնը պիտի հանդարտի, երբ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու հորատումը սկսի արդիւնաւորուիլ:
– Ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի եւ կ՛օժանդակէ երկրին ապահովական կառոյցներուն:
– Լիբանան պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը եւ կատարէ Միջազգային դրամական ֆոնտի ու Միջազգային դրամատան կողմէ պահանջուած բարեկարգումները:
– Բարեկարգումները չկատարելու պարագային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը փուլ պիտի գայ:
– Կառավարութեան ձախողութիւնն ու երկրին մէջ ապակայունութիւնը պիտի նպաստեն Հըզպալլային, հետեւաբար Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին պետական այն հաստատութիւններուն, որոնց տկարութիւնը Հըզպալլայի ցանկութիւնն է:
– Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով միակ լուծումը անոնց կամովին տունդարձն է. միջազգային բոլոր հաստատութիւններուն տրամադրած գումարները անբաւարար են:
Բարդ է քաղաքական ընթերցումով ուղերձներուն էութիւնը ըմբռնելը: Այստեղ կան խառն պատգամներ: Այն ինչ որ Հէյլի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ կ՛երեւի` ընդծովեայ ուժանիւթի արդիւնաւորուող օգտագործումը ո՛չ միայն տնտեսական դրական հետեւանք պիտի ունենայ Լիբանանի համար, ինչպէս մինչ այժմ իր գործակիցները կը յայտարարէին, այլ նաեւ պիտի հանդարտեցնէ տարածաշրջանը: Խօսքը սակայն երկարատեւ դրուածքի մասին է, որովհետեւ ամերիկացի դիւանագէտը կը խօսի ոչ թէ հորատումի մեկնարկի, այլ արդիւնաւորման մասին:
Երկարատեւութեան կը վերաբերի նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի խնդիրը: Այդ հարցին համար իբրեւ միակ լուծում կը յորդորուի «կամովին» վերադարձը:
Կայ հաստատում, որ Ուաշինկթընը կը շարունակէ օժանդակել ապահովական կառոյցներուն: Այս մէկը, առաջին ընկալումով, երկրի մէջ անիշխանութեան առիթ չտալն է եւ ապահովութեան վերահսկողութիւնը պահելը: Սակայն Հէյլի ըսածներուն մէջ կայ այլ ենթաբաժին. երկրին մէջ ստեղծուելիք ապակայունութիւնը պիտի նպաստէ Հըզպալլային, հետեւաբար պէտք է աջակցիլ բանակին: Այս դիտանկիւնէն ալ` ամերիկեան օժանդակութիւնները բանակին կամ զօրակցութիւնը բանակի հրամանատարի թեկնածութեան:
Այս առումով կը շարունակուի ամերիկեան տրամաբանութիւնը: Միջազգային դրամական կազմակերպութիւններէն օժանդակութիւն ստանալու համար Լիբանանը պէտք է դիմէ բարեկարգումներուն: Բարեկարգումները զուտ վարչակառավարական չեն անշուշտ. կան յստակ քաղաքական ակնկալութիւններ, որոնք տեղաւորուած են Հէյլի պահանջներուն մէջ:
Լիբանան պէտք է գիտնայ ընտրել Ուաշինկթընի նախընտրած թեկնածուն. մեկնակէտը ա՛յս է հետագայ հանգուցալուծումներուն, բարեկարգումներու տարազին տակ: Այլապէս, դարձեալ ըստ Հէյլի, երկրին մէջ տիրող կացութիւնը կրնայ փուլ գալ:
Թէ յաւելեալ փլուզումը ի՞նչ կրնայ ենթադրել, պարզ չէ: Պարզը այն է, որ պայմանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Ծովային սահմանագծումին յաջորդած է հանրապետութեան նախագահի օրակարգը:
«Ա.»