Երէկ չորրորդ օրն ըլլալով Ազրպէյճան շարունակեց փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական շտապը:
Հաշուի առնելով, որ Հայաստանէն Արցախ կազի մատակարարումը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ նոյնպէս դադրեցուած է, եւ Արցախը զրկուած է կազէ, Տեղեկատուական շտապը Արցախի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղէ խնայողաբար օգտագործելու ելեկտրականութիւնը եւ վառելանիւթը:


