Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կարողութիւնները

April 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան կ՛առաջարկէ ընդլայնել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարողութիւնները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ջերմուկի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Անոր համաձայն, դէտերու թիւը բաւարար չէ Հայաստանի` Ազրպէյճանի հետ միջազգային սահմաններուն վրայ հսկողութիւն կատարելու համար:

«Մեր բոլոր գործընկերներուն կ՛առաջարկենք, որ աւելցնեն թէ՛ մարդոց թիւը, թէ՛ ալ այլ կարողութիւններ, որպէսզի դէտերը կարենան աւելի պատշաճ դիտարկում կատարել», ըսած է Գրիգորեան:

Ան յայտնած է, որ Ֆրանսան կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանին թէ՛ երկրի անվտանգութեան առնչուած խնդիրները լուծելու, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:

«Ֆրանսան հաստատօրէն բազմաթիւ հարցերու մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ եւ օգնել Հայաստանին: Գիտէք, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը Հայաստան ուղարկուած է Փրակայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահը: Ֆրանսան կը շարունակէ ճամբաները փնտռել Հայաստանին օգնելու հարցին մէջ: Նաեւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` կը շարունակէ հետաքրքրուած մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Գիտէք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ Հայաստան եկած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը: Այս պահուս մենք Ֆրանսայի կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն կը տեսնենք, որպէսզի Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող կացութիւնը լուծուի», մանրամասնած է Գրիգորեան:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան իր միջազգային գործընկերներուն հետ աշխուժօրէն կ՛աշխատի, որպէսզի միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկուի Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ` նշելով, որ այդ հարցը կը քննարկեն նաեւ Ֆրանսայի հետ եւ կ՛ակնկալեն, որ աջակցութիւն կը ստանան: «Մեր քննարկումներէն ես տպաւորութիւն ունիմ, որ նախարարը լաւապէս կը պատկերացնէ կացութիւնը», ըսած է Գրիգորեան:

Անդրադառնալով «Արմէնփրես»-ի հարցումին, թէ խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ առաջարկներու Ազրպէյճանի փոխանցման հոլովոյթը ի՞նչ փուլի մէջ է` հաշուի առնելով Ազրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը 40 օրէ աւելի է` չի փոխանցեր իր առաջարկները` Գրիգորեան պատասխանեց. «Մօտ օրէն բանակցութիւններ կը սպասուին, քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: Ազրպէյճանը եւս նախապէս ուշացուցած է, երբ մենք մեր օրինակները փոխանցած ենք: Ատիկա շատ բնական է: Մենք չենք փոխանցած մէկ պատճառով, որովհետեւ կը նախատեսուէին բանակցութիւններ, ատիկա էր պատճառը: Կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանը ընդամէնը միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը այլ կարեւոր հարցերէ շեղելու քաղաքականութիւն կը վարէ»:

 

Նախորդը

Կալուզին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դեսպաններուն Հետ Քննարկած Է Բերձորի Միջանցքի Եւ Արցախի Շուրջ Կացութիւնը

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. «Մենք Կը Դատապարտենք Ազրպէյճանական Կողմի Անցակէտի Միակողմանի Տեղադրումը, Միջազգային Դատարանի Որոշումը Պէտք Է Կատարուի» Կ՛ըսէ Քոլոնա

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.