Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան այն մասին, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յստակ ժամկէտներ չնշեցին հանդիպման գծով:
«Ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած էինք, կան հանդիպումներու առաջարկներ, հիմա նաեւ` պայմանաւորուածութիւններ: Յստակ ամսաթիւի մասին կը յայտնենք լրացուցիչ», «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան:


