Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիզէի Պալատ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Իրաւունքներու Եւ Երաշխիքներու Սահմանումը Կարեւոր Է»

Յունիս 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էլիզէի պալատը 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հնգակողմ հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակեց:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները հաստատած են 6 հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի մէջ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնը Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ սահմանուած սահմանները յարգելու վերաբերեալ: Անոնք վերահաստատած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը:

«Եւրոպացի ղեկավարները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են յարգելու իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար` կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակելու պատերազմական գերիները: Անոնք նաեւ յիշեցուցած են Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներդրման կարեւորութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի: Վերջաւորութեան անոնք ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանման կարեւորութիւնը:

«Հանրապետութեան նախագահը (Ֆրանսայի,  «Ա.») մասնաւորաբար պնդած է թշնամական հռետորաբանութեամբ չտարուելու եւ խաղաղութեան վերադարձի ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը` ի շահ շրջանի ամբողջ բնակչութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճան Կը Հակազդէ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է, որ Էլիզէի պալատի Քիշնեւի մէջ կատարուած հնգակողմ հանդիպումի արդիւնքներուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը չ՛արտացոլացներ կողմերու դիրքորոշումը, այլ կը խեղաթիւրէ զայն:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը լրատուամիջոցներուն համար յայտարարութիւն կատարած է 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումի արդիւնքներուն վերաբերեալ: Հետագային հանդիպումին մասին Ֆրանսայի նախագահին կողմէ միակողմանի կատարուած յայտարարութիւնը չ՛արտացոլացներ եւ կը խեղաթիւրէ կողմերու դիրքորոշումը: Ցաւօք, ասիկա Ֆրանսայի կողմէ նման կեցուածքի առաջին դէպքը չէ, եւ ասիկա դրական ներդրում չ՛ունենար Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վրայ», ըսած է Հաճիզատէ:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բաց Երկխօսութիւնը Յառաջընթացի Համար Կարեւոր Է»

Յաջորդը

Ակնարկ. Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?