Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի յայտարարութեան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն վերաբերեալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յայտարարութեան նշած է, որ հայկական կողմը մշտապէս ողջունած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման գործընթացին մէջ:
«Կը կարծենք` մեր բոլոր գործընկերներուն համար ակնյայտ պէտք է ըլլայ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանցքային են ինչպէս Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան ճանաչումը, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրումը: Ինչպէս ընդգծած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան 29 մայիսի յայտարարութեամբ, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը չի կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ցեղային զտումներ եւ ինքնիրաւչութիւն իրականացնելու իրաւասութիւն», նշած է Բադալեան:
Անոր համաձայն, անկարելի է չնկատել, որ Ազրպէյճանի նախագահի` 28 մայիսին կատարուած յայտարարութիւնները ոչ միայն չէին առաջարկեր արժանապատիւ լուծումներ վերոնշեալ խնդիրներուն, այլեւ յստակ սպառնալիքներ կը պարունակէին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` իրենց հայրենիքին մէջ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի նկատմամբ, ինչի մասին հայկական կողմը բազմիցս ահազանգած է: