Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դէմ Է Պայտընի Քաղաքականութեան

Յունիս 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնորդներն ու աջակիցները անցեալ շաբաթ խորհրդակցած են Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի հետ` խրախուսելու Դաշնային կառավարութիւնը` աջակցելու Արցախի Հանրապետութեան մէջ հայերու ինքնորոշման իրաւունքին: Այս մասին կը հաղորդեն Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակէն:

«Պայտընի վարչակազմը ներկայիս կը նպաստէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք «կը համարկեն» ժողովրդավարական Արցախը Ազրպէյճանի հանրապետութեան հետ` ցեղասպան պետութեան` քարիւղի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ: Հայ դատը խստօրէն դէմ է հայկական հարցերու վերաբերեալ Պայտընի վարչակազմի անխոհեմ արտաքին քաղաքականութեան եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղղէ ետ կանգնելու այն քաղաքականութենէն, որ պիտի յանգեցնէ Արցախի ընտանիքներուն դէմ Հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Նախագահ Մենենտեսը Արցախի ազատութեան ջատագովն է», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան: «Արցախի հերոս ժողովուրդին համար այս կարեւոր օրերուն ընթացքին նախագահ Մենենտեսի ղեկավարելը Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին աւելի քան երբեւէ կարեւոր է: Մենք կը միանանք ամերիկահայերուն հետ` երախտագիտութիւն յայտնելով նախագահ Մենենտեսի հետ մեր կառուցողական երկխօսութեան համար», աւելցուցած է Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը:

Ի պաշտպանութիւն ծերակուտական Մենենտեսի եւ անոր վերընտրուելու քարոզարշաւին, իրականացած են քանի մը հաւաքներ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ ներառած են անհատներու մասնակցութիւնը Միացեալ Նահանգներէն: Այդ անձերը դեմոկրատականներ էին, հանրապետականներ եւ անկախներ, որոնք բոլորն ալ կը սատարեն ծերակուտականին` անոր սկզբունքային դիրքորոշման պատճառով, որ արցախահայութիւնը արժանի է նոյն իրաւունքներուն, զորս ունին ամերիկացիները:

 

Նախորդը

Ղարիպաշվիլի. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Կը Բխին Շրջանի Շահերէն»

Յաջորդը

Սաղաթէլեան Արժանթինի Ծերակոյտի Եւ Պատգամաւորներու Տան Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Հիմնախնդիրին Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Խմբագրական.   Լիբանանահայութիւնը  Ընդդէմ  Ազրպէյճանին`  Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Ընդդէմ Ազրպէյճանին` Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Սեպտեմբեր 27, 2023
Այլազան

Սեպտեմբեր 27, 2023
Զանգուածային Տեղահանութիւնը Արցախէն  Հայաստան Աւելի Մեծ Թափով Կը Շարունակուի. Երէկ  Գիշերուան Տուեալներով Արցախը Լքեց 28.160 Հոգի
Գլխաւոր լուրեր

Զանգուածային Տեղահանութիւնը Արցախէն Հայաստան Աւելի Մեծ Թափով Կը Շարունակուի. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Արցախը Լքեց 28.160 Հոգի

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In