Յունիս 6-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա Կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ հանհիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Արցախի շրջափակման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցերը, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գծով գործընթացը։