Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը:
Փաշինեան հանդիպումի ընթացքին Բերձորի միջանցքին մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութիւնը նկատեց ճգնաժամային, ան Փութինը հրաւիրեց քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը:
Փութին իր կարգին առաջարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ շրջանային խնդիրներու մասին խօսիլ:
«Ես շատ ուրախ եմ, որ կարելիութիւն ունիմ այսօրուան միջոցառման ծիրին մէջ անգամ մը եւս խօսելու երկկողմանի առումներով գոյութիւն ունեցող իրավիճակի, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներու մասին, որոնց մասին մենք այդքան մանրամասն խօսած ենք Մոսկուայի մէջ նախորդ հանդիպման ժամանակ: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով», ըսած է Փութին:


