Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ 2025 թուականին ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»:
Անոր խօսքով, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ 9 նոյեմբերի 2020 թուականի եռակողմ համաձայնագիրով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է 5 տարի տեղակայուած ըլլայ Ղարաբաղի մէջ:
«2025-ին Ռուսիան պէտք է հեռանայ այդ տարածքէն: Համաձայնագիրին մէջ այդ գրուած է, եւ ես կը հաւատամ, որ Ռուսիան պիտի կատարէ ատոր պահանջը», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան այդ մասին յայտարարած է Լիթուանիոյ մայրաքաղաքին մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի աւարտէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: