Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Բնակչութեան Իրաւունքն ու Անվտանգութիւնը Պէտք Է Պահպանուին, Եւ Ես Պաքուի Մէջ Պիտի Յիշեցնեմ Այս Մասին» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Օգոստոս 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքան մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան վերաբերեալ, եւ յստակօրէն այս պատմական տագնապէն դուրս գալու միակ ճամբան բանակցութիւններու եւ փոխզիջումներու ճամբան է: Այս մասին երէկ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի 2023 թուականին կազմակերպած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները դրական յառաջընթաց նկատելով` Հաճա Լահպիպ շեշտեց. «Երկու երկիրներու ղեկավարները հաստատած են երկու երկիրներու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ ես կ՛ողջունեմ ձեր վարչապետին համարձակ յայտարարութիւնները, որոնք խաղաղութեան ուղին բռնած են:

«Այս յարգանքը պէտք է այժմ այդտեղ յարգուի: Իւրաքանչիւր պետութեան պարտաւորութիւնն է իր բնակչութեան իրաւունքը պահպանել, հայ բնակչութեան իրաւունքն ու անվտանգութիւնը պէտք է պահպանուին, եւ ես ազրպէյճանցի իմ գործընկերոջս պիտի յիշեցնեմ այս մասին»:

Պելճիքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսաւ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը մօտ է:

«Նոր խորհրդակցութիւններ պէտք է տեղի ունենան Պրիւքսելի մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ, եւ մենք յոյսով ենք, որ անոնք պատմական շրջադարձի պիտի հասնին, եւ ատոր հասնելու համար կրնաք ձեր յոյսը դնել Եւրոպական Միութեան վրայ», ըսաւ Լահպիպ` ողջունելով նաեւ իր տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ընդունելու Հայաստանի որոշումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական վիճակին` Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իրենք մտահոգուած են մարդասիրական կացութեամբ եւ ատոր վատթարացումով:

«Լաչինի միջանցքով տեղափոխման սահմանափակումները լուրջ հետեւանքներ կ՛ունենան եւ սովահարութեան սպառնալիք կը յառաջանայ», ըսաւ Լահպիպ` շեշտելով, որ  Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու կեանքը վտանգի մէջ կը գտնուի, եւ ատիկա անընդունելի է:

«Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնն է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութիւնը եւ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը: Պելճիքան եւ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակեն դիւանագիտական հաղորդակցութիւններուն մէջ գործել այս ուղղութեամբ», ըսաւ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը` նաեւ տեղեկացնելով, որ 1 յունուար 2024-ին Պելճիքան պիտի ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:

«Մենք քննարկած ենք Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը, Պելճիքան եւ Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտեն զայն: Այս տագնապը բացասաբար կ՛անդրադառնայ նաեւ այս շրջանին վրայ», ըսաւ ան:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Հայաստանի մէջ յառաջիկային Պելճիքայի դեսպանատուն պիտի բացուի` նշելով, որ դեսպանատունը պիտի բացուի իր առաջարկով:

«Այս հզօր ժեստը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կարեւորութիւն կու տանք մեր եւ Հայաստանի քաղաքական յարաբերութիւններուն: Սակայն մեր մաղթանքն է, որ մեր հաղորդակցութիւնները առաւել եւս ամրապնդուին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ տնտեսական ոլորտներուն մէջ», նշեց Լահպիպ:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ պելճիքական շարք մը ընկերութիւններ ցանկութիւն ունին առեւտրական համագործակցութիւն հաստատել հայկական ընկերութիւններու հետ:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է իր երկրին աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումին, ըստ որուն, Ազրպէյճանը պէտք է ապահովէ Բերձորի միջանցքով մարդոց եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը եւ իրականացնէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ որդեգրուած որոշումը:

 

 

Նախորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցած Է Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Հետ

Յաջորդը

Կոչ Յանուն Արցախի Պետականութեան Պահպանման

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?