Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփաւսքի երեքշաբթի օր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցքի շրջափակման պատճառով յառաջացած մարդասիրական կացութեան նկատմամբ: Ան այս մասին գրած է «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ:
«Անվտանգութիւնն ու տեղաշարժի ազատութիւնը պէտք է երաշխաւորուած ըլլան: Անհրաժեշտ է երկխօսութիւն ներգրաւուած կողմերուն միջեւ», ընդգծած է Լիփաւսքի:


