Գլխաւոր լուրեր

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին յատուկ նիստ, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յուլիս, 2026-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանային, լիբանանեան, հայաստանեան եւ համայնքային խնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ճշդեցին նաեւ ուղենշային կէտեր։ Ա․ Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը կը դիմագրաւէ հերթական դժուար փուլ՝ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու, դիւրաբեկ հրադադարի, Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան ընդառաջ ընթացող բանակցութիւններու առումներով։ Այս փուլին...

Ակնարկ.  «Բարի Կամեցողութեան»  Բռնակցումի Ծրագիրը

Ակնարկ. «Բարի Կամեցողութեան» Բռնակցումի Ծրագիրը

Իսրայէլի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները` լիբանանեան գիւղերու բռնակցումի մասին, բացայայտ սպառնալիք է Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած: Ըստ անոնց, լիբանանեան քրիստոնեայ որոշ գիւղեր դիմած են Իսրայէլին կցուելու առաջարկով: Անկախ թէ այս դիմումը կատարուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այս յայտարարութիւնը Իսրայէլի հետապնդած նպատակներուն վրայ լուսարձակներ կը բանայ եւ բացայայտում կը կատարէ: Անվտանգութեան գօտի, անմարդաբնակ տարածքներ, ոչ ոքի տարածք, ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի բացառում, իբրեւ թէ...

Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան  Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր`  Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի

Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր` Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր` հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը լայնօրէն անդրադարձան Մխիթարեան միաբանութեան ներկայ առաքելութեան, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ միաբանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն: Զրոյցին ընթացքին...

Նեթանիահու. «Լիբանանի Մէջ Կարգ Մը  Քրիստոնէական Գիւղեր Իրողապէս  Խնդրեցին Իսրայէլի Կցուիլ»

Նեթանիահու. «Լիբանանի Մէջ Կարգ Մը Քրիստոնէական Գիւղեր Իրողապէս Խնդրեցին Իսրայէլի Կցուիլ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ամերիկայէն Իսրայէլէն աւելի լաւ դաշնակից չկայ, եւ Իսրայէլին Ամերիկային աւելի լաւ դաշնակից չկայ: Ես եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հարցերու 99 առ հարիւրին շուրջ համաձայն ենք եւ տեսակէտներու որեւէ տարբերութիւն կը յաղթահարենք լիակատար բացութեամբ»: Նեթանիահու նշեց. «Նախագահ Թրամփ Ամերիկայի ղեկավարն է եւ կը կատարէ այն, ինչ որ...

Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ

Երէկ երեկոյեան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէ: Ամբողջ օրուան ընթացքին խուզարկութիւններ կատարուած էին Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող կառոյցներուն մէջ: Ծաղկաձորի մէջ կապարակնքուեցան Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող պանդոկները: Կապարակնքուեցաւ նաեւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղին: Գագիկ Ծառուկեան ամբաստանուեցաւ խոշոր չափերով գումարներու լուացման եւ խարդախութեան յանցանքով:  

Ղալիպաֆ. «Փոխըմբռնման Յուշագիրի  Գործադրումը Դժուար, Սակայն Կարելի Է»

Ղալիպաֆ. «Փոխըմբռնման Յուշագիրի Գործադրումը Դժուար, Սակայն Կարելի Է»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ եւ աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, թէ Իրան կը շարունակէ խոր հակասութիւններ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ, հակառակ վերջերս ստորագրուած յուշագիրին, որուն գործադրութիւնը որակած է «դժուար, սակայն կարելի»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ղալիպաֆ այս մասին յայտարարած է Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի խորհուրդի ղեկավար Մոհամետ Տարուիշի հետ հանդիպումի ընթացքին: Տարուիշ Իրան կ՛այցելէ Իրանի սպաննուած...

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց  Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր  Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պահելով  Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Որոշումը

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պահելով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Որոշումը

Սահմանադրական դատարանը շաբաթ օր մերժեց ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող քաղաքական 7 ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց 7 յունիսի ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը: 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ կը վիճարկէին քաղաքական 7 ուժեր, որոնց կարգին` խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու քանի մը տասնեակ ձայնով խորհրդարանէն դուրս մնացած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը: Որոշումի հրապարակումէն ետք...

Քաղաքական Ուժերու Միացեալ  Յայտարարութիւն

Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւն

Այսօր Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց անցած խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները վիճարկող հայցերի վերաբերեալ որոշումը: Սահմանադրական դատարանի այս որոշումը` . չի լուծում ձեւաւորուող իշխանութեան օրինականութեան հարցը. նման պայմաններում ու արձանագրուած արդիւնքներով ձեւաւորուած իշխանութիւնը զուրկ է օրինականութիւնից, . չի սրբագրում ընտրական կեղծիքներն ու չի վերացնում զանգուածային ընտրախախտումները եւ չի լուծում երկրում առկայ խորքային քաղաքական ու իրաւական ճգնաժամը: Ընդհակառակը, վերջին իրաւական ատեանի կողմից խախտումների արձանագրումից...

Թրամփ. «Քանի Մը Օր Ետք Կրնամ  Նեթանիահուի Հետ Հանդիպիլ»

Թրամփ. «Քանի Մը Օր Ետք Կրնամ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իրմէ խնդրած է Սպիտակ տան մէջ կայացնել ժողով մը, որ կրնայ գումարուիլ քանի մը օր ետք` Թուրքիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն ետք: Թրամփ ամերիկեան կայքին ըսաւ. «Նեթանիահուի հետ յարաբերութիւնս շատ լաւ է, եւ ան գիտէ, թէ ո՛վ է ղեկավարը»: Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեցին....

Աուն. «Լիբանան Կանգնած Է Ճակատագրական Ընտրութեան Առջեւ»

Նախագահ Աուն. «Շրջագիծին Ընդդիմացողներուն Կ՛ըսեմ` Կը Սպասես Որեւէ Լուծումի Կամ Համաձայնութեան, Որ Մեզ Պատերազմներէն Դուրս Կը Բերէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շարք մը լրագրողներու հետ նիստի մը ընթացքին նշեց. «Ձեզի ըսեմ, թէ ես Իսրայէլին սիրահարուած չեմ, սակայն ինծի տուէք որեւէ այլընտրանք մը, որպէսզի զայն որդեգրեմ»: Այս մասին հաղորդեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը: «Այս շրջագիծին ընդդիմացողներուն կ՛ըսեմ` կը սպասեմ որեւէ լուծումի կամ համաձայնութեան, որ մեզ պատերազմներէն դուրս կը բերէ», աւելցուց ան: Անդրադառնալով համաձայնութեան տապալման վերաբերող խօսակցութիւններուն` հանրապետութեան նախագահը նշեց....

Նախկին Երեսփոխան Ճորճ Գասարճի Մահացաւ

Նախկին Երեսփոխան Ճորճ Գասարճի Մահացաւ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախկին անդամ Ճորճ Գասարճի մահացաւ: Ան 88 տարեկան էր: Գասարճի ծնած է 1938 թուականին, Զահլէի մէջ: Երեսփոխան եղած է Զահլէի հայ առաքելական աթոռէն: Ան առաջին անգամ երեսփոխան ընտրուած է 1992 թուականին, ապա վերընտրուած է 1996, 2000 եւ 2005 թուականներուն:    

Թրամփ. «Իրանի Հետ Ճակատումը Ինքնին  Պատերազմ Չէ, Այլ Հիւլէական  Զէնքի Խլման Գործողութիւն»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Ճակատումը Ինքնին Պատերազմ Չէ, Այլ Հիւլէական Զէնքի Խլման Գործողութիւն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ ճակատումը ինքնին պատերազմ չէ, այլ հիւլէական զէնքի խլման գործողութիւն: Ան այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Բացարձակապէս չեմ կրնար Իրանին արտօնել հիւլէական զէնք ունենալ, եւ շուրջ չորս ամիսէ ի վեր զայն զինաթափելու ջանքեր կը ղեկավարեմ», նշեց ան: «Իրան գրեթէ մեր ամբողջ ուզածին համաձայն գտնուեցաւ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը`...

Ալի Խամենէիի Յիշատակին  Արարողութիւնները Ընթացք Առին

Ալի Խամենէիի Յիշատակին Արարողութիւնները Ընթացք Առին

Թեհրանի մէջ ընթացք առին հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յիշատակի արարողութիւնները: Աւելի քան չորս ամիս առաջ, Խամենէին իր քանի մը համախոհներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ սպաննուեցաւ Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի առաջին իսկ օրը: Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, աւելի քան 30 տարի Իրանը ղեկավարած գերագոյն հոգեւոր պետի մարմինը երէկ առաւօտեան տեղափոխուած է Թեհրանի գլխաւոր աղօթավայր: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր...

Ժարամանայի Մէջ Զինեալ Յարձակումի Մը  Պատճառով Երեք Զինուորներ Վիրաւորուեցան

Ժարամանայի Մէջ Զինեալ Յարձակումի Մը Պատճառով Երեք Զինուորներ Վիրաւորուեցան

Ապահովական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ժարամանա քաղաքի մուտքին անցարգելի մը վրայ մոթորսիքլեթի վրայ երկու անձեր կանգնեցուեցան սովորական կերպով անոնց ինքնութիւնը ստուգելու համար»: «Խուզարկումի ընթացքին կալանաւորուածներէն մէկը ատրճանակէ քանի մը փամփուշտ օդը կրակեց, նախքան անցարգելին վրայ եղող զինուորներուն ուղղութեամբ երկու ձեռնառումբեր նետելը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ երեք զինուորներ վիրաւորուին», ըսաւ աղբիւրը: «Կրակողի երրորդ ձեռնառումբ նետելու փորձի ժամանակ ռումբը...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Ապօրինաբար  Պահուող Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարներու Կեղծ Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Ապօրինաբար Պահուող Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Կեղծ Դատավարութիւնը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ քննուած են ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու, որոնց շարքին` Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու վերաքննիչ բողոքները: Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի անունով դատարանին ներկայացուած են գործի դատական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ դիտողութիւններ, որոնք կցուած են գործի նիւթերուն: Դատարանին մէջ ելոյթ ունեցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի փաստաբանը` նշելով, որ իր պաշտպանեալին ներկայացուցած վերաքննիչ...

Նախագահ Աուն. «Մեր Հոլովոյթը  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Հոլովոյթէն Անջատելու  Մեր Գերիշխանական Որոշումը  Խնդիր Է Ոմանց Համար»

Նախագահ Աուն. «Մեր Հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Հոլովոյթէն Անջատելու Մեր Գերիշխանական Որոշումը Խնդիր Է Ոմանց Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շեշտեց. «Շրջագծային բանաձեւը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը չ՛օրինականացներ, այլ կը նախատեսէ լիբանանեան բանակին կարելիութիւն տալ ընդլայնելու իր վերահսկողութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ»: «Մեր հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ հոլովոյթէն անջատելու մեր գերիշխանական որոշումը խնդիր է ոմանց համար, որոնք վարժուած են մեզի իշխող եւ մեր տեղ որոշում տուող հոգատարութեան տակ ըլլալու», նշեց նախագահը: «Ուժը պատերազմ մղելու կամ անոր...

Ակնարկ.  Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր`  Մրցակցութեան Տեսարաններով

Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով

Լիբանան-Իսրայէլ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի նկատմամբ կան ուշագրաւ մեկնաբանային հրապարակումներ` Թուրքիոյ անհանգստութեան մասին: Այդ նիւթերը կը խօսին Անգարայի խոր մտահոգութիւններուն մասին, Իսրայէլի Լիբանանի մէջ դերակատարութեան աշխուժացման եւ ազդեցութեան նոր տարածքի գրաւման մասին: Թրքական այս մտահոգութիւնը անմիջականօրէն կը կապուի նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն, որ Կազան, Սուրիան եւ Լիբանանը Թուրքիոյ անվտանգային համակարգի կարեւոր կէտեր են, եւ թէ իրենք չեն արտօներ այնտեղ կատարուող որեւէ...

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարը Լիբանան Այցելեց

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանան Այցելեց

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Շիպանի նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու` «փոխադարձ յարգանքի եւ բարի դրացնութեան հիմամբ ամրապնդման կարելիութիւնները»: Պաապտայի պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ նախագահ Աուն Շիպանին ընդունելով ըսած է. «Լիբանան կառչած կը մնայ երկու երկիրներուն...

Տոհա. «Փոխըմբռնման Յուշագիրին Վերաբերող  Հարցերու Շուրջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Տոհա. «Փոխըմբռնման Յուշագիրին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` քաթարցի եւ փաքիստանցի միջնորդներու Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ անջատ ժողովներու աւարտը յայտարարեց` նշելով, որ Լիւսերնի լիճի վեհաժողովի արդիւնքներուն հիմամբ Իսլամապատի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին առնչուած հարցերու շուրջ դրական յառաջընթաց արձանագրուած է: Անսարի ըսաւ, որ կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակելու քննարկումները այն նախատեսութեամբ, որ Իրանի գերագոյն...

Լեյեն. «Հայաստան Եկած Եմ Ըսելու,  Որ Կրնաք Մեր Վրայ Յոյս Դնել»

Լեյեն. «Հայաստան Եկած Եմ Ըսելու, Որ Կրնաք Մեր Վրայ Յոյս Դնել»

«Ես կ՛ուզէի ձեզ շնորհաւորել` ընտրական յաղթանակին առիթով: Այս ընտրութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուին Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրութիւնը: Հայաստան կը շարունակէ ընթանալ ժողովրդավարութեան, բարեփոխումներու, խաղաղութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտ գործընկերութեան ուղիով»: Այս մասին ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն` Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Ես հիմա եկած եմ ըսելու, որ դուք կրնաք մեր վրայ յոյս...

Page 18 of 795 1 … 17 18 19 … 795

Արխիւներ