Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2 Եւ Անյետաձգելի Առաջադրանքներ

September 2, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին փաստաթուղթը այսօր կը ստանայ քաղաքական սուր հնչեղութիւն, հակառակ հայաթափուած իրավիճակին եւ բռնակցուած ըլլալու փաստին:

Արցախի ժողովուրդն ու անոր կամքի իրաւական առարկայացումներով յառաջացած մարմիններու կայացումը ընթացած էր միջազգային օրէնքի համապատասխան իրաւաչափութիւններով, Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումի օրերուն այլ հանրապետութիւններու նման համամիութենական կառոյցէն դուրս գալով, ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումով, հանրաքուէով  եւ միջազգային ընտանիքի ճշդած կանոններու հիման վրայ պետութիւն ձեւաւորելով:

Այս կէտերը ունին իրենց համապատասխան փաստաթուղթերը, որոնցմէ ելակէտային նշանակութիւն ունի սեպտեմբեր 2-ի հռչակագիրը:

Այս բոլորը բռնի կերպով վերափոխուեցան  ցեղային զտումներով, ռազմական յանցագործութիւններով, շրջափակումներով, սովամահութեան քաղաքականութեամբ, տեղահանութիւններով, ջարդերով, պատերազմով եւ գերեվարումներով:

Փոխուած է տարածաշրջանի իրավիճակը: Գլխաւոր խաղցողներու բախումները, գործարքները, թափանցումի եւ ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման աշխարհաքաղաքականութիւնը այսօր, հերթական անգամ, ազրպէյճանական քարիւղին աւելի կշիռ կու տան, քան հայկական արիւնին:

Հիմնովին փոխուած են նաեւ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումները արիւնով, բայց նաեւ միջազգային իրաւաչափութիւններու յարգումով կերտուած Արցախի նկատմամբ: Արցախը, Երեւանի պաշտօնական ընդունումով Ազրպէյճանի մաս կազմող տարածք է: Արցախի իրաւունքներու մասին բարձրաձայնելն ու աշխատանք տանիլը պատերազմ հրահրելու նպաստող գործօն կը նկատուին, ռազմագերիներու ազատ արձակման մասին միջազգային հնչեղութիւն ապահովելու փորձերը` խաղաղութեան գործընթացը խանգարող ելոյթներ, իսկ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելը`  սպառնալիք  Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան:

Երեւանը յետս կոչած է Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն դէմ միջազգային ատեաններու մօտ կատարուած դիմումները, իբրեւ թէ անխոչընդոտ յառաջ տանելու համար խաղաղութեան գործընթացը: Իշխանութիւնները կը պատրաստուին յաջորդ քայլին` փոխել Սահմանադրութիւնը եւ իրաւազրկել այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը, ուր դրոյթ կայ Արցախի վերամիաւորման մասին:

Պաշտօնական Երեւանին Արցախէն հրաժարումի այս քաղաքականութեան դիմաց, Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, եկեղեցական կառոյցներն ու միութիւնները սակայն պատճառ չունին Արցախի իրաւունքներու վերականգնման օրակարգին շուրջ չհամախմբուելու:

Շատ են ազգային, եկեղեցական եւ կուսակցական կառոյցները, կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք չեն բաժներ Երեւանի այս վարքագիծը: Որոնք ունին տեսլականն ու կարողականութիւնը Արցախի իրաւունքներու վերականգման համար միասին աշխատելու, դերերը բաժնելու եւ նպատակաուղղուած հետապնդելու բազմաթիւ օրակարգեր: Պատճառ չկայ չհամախմբուելու անյետաձգելի օրակարգերու շուրջ.

1.- Արցախի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած ցեղային զտումը դատապարտելու եւ միջազգային իրաւական արձագանգներ ապահովելու,
2.- Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը միջազգային անվտանգային երաշխաւորութեամբ ապահովելու,
3.- Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները միջազգային դատական ատեաններուն յանձնելու,
4.- Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութիւնը մշակութային ժառանգութեան պահպանումով զբաղող կեդրոններուն ուշադրութեան յանձնելու,
5.- Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը ապահովելու կոչուած աշխատանքներ ծաւալելու,
6.- Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման զօրավիգ կանգնելու:

Այս բոլորէն հրաժարումը փաստօրէն Ազրպէյճանը կը մղէ յաւելեալ նախապայմաններ դնելու հայկական կողմին առջեւ: Ներխուժելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, առաջադրելու ազրպէյճանցիներու զանգուածային վերադարձը, պետական մակարդակի վրայ արծարծելու «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հասկացողութիւնը, նորացնելու նախապայմանները, չհրաժարելու «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի դարաւոր երազէն: Այս պայմանները կրնան անվերջ նորոգուիլ եւ բազմանալ, որովհետեւ Երեւանը ետդարձ կատարած է սեպտեմբեր 2-ի հռչակագիրէն:

Այդ ետդարձը սակայն չի վերաբերիր եւ պէտք չէ վերաբերի Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ գործող բոլոր այն ուժերուն, որոնք պատճառ չունին չհամախմբուելու Արցախի ժղովուրդի իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն շուրջ: Հռչակագիրը ամէնէն սուր հնչեղութեամբ ա՛յս առաջադրանքն է, որ կը փոխանցէ այսօր այդ ուժերուն:

Նախորդը

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման, Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 2 Սեպտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.