Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յունաստան այսօր Թել Աւիւի մէջ պիտի ստորագրէ 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական գործարք մը` Թուրքիայէն ու Իրանէն հաւանական սպառնալիքներու դիմակայման նպատակով համարկուած, բազմաշերտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար:
Օրաթերթը նշեց, որ գործարքը, որուն շուրջ բանակցութիւնները տեւած են երեք տարի, պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատմութեան մէջ պաշտպանական արտածումի մեծագոյնը` շրջանցելով 2023 թուականին Գերմանիոյ «Էրօ 3» համակարգ ծախելու 3,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքը:
Գործարքին հիմամբ «Ռաֆայէլ» ընկերութիւնը Յունաստանին պիտի տրամադրէ «Դաւիթի պարսատիկ» համակարգեր` դիմակայելու համար ծանր ու հեռահար հրթիռները, փոխադրուող «Սփայտըր» համակարգեր` դիմակայելու համար անօդաչու թռչող սարքերը, իսկ իսրայէլեան օդային ռազմարդիւնաբերութեան ընկերութիւն մը պիտի տրամադրէ հակաօդանաւային եւ հակահրթիռային «Պարաք Էմ. Էքս» համակարգ մը:
Գործարքը նաեւ կը ներառէ ստեղծումը Իսրայէլի մէջ օգտագործուող կեդրոնին նման արհեստական բանականութեան կարելիութիւններով յագեցած ազգային հրամանատարական եւ վերահսկողական կեդրոնի մը` համակարգերը գործարկելու եւ վնասազերծման գործողութիւնները կառավարելու համար:
Կ՛ակնկալուի, որ յունական ընկերութիւնները գործարքէն պիտի ստանան շուրջ 700 միլիոն եւրօ` երկու իսրայէլեան ընկերութիւններու հետ ենթակապալառուներու կարգավիճակով աշխատելու միջոցով:
Ծրագիրը Յունաստանի մէջ ծանօթ է «Աքիլլեսի վահան» անունով եւ կը ներառէ յունական շարք մը կղզիներու, որոնց շարքին իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու հանգստավայր եղող կղզիներու մէջ «Սփայտըր» համակարգերու տեղակայում:
Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ Յունաստանը դարձած է Իսրայէլի պաշտպանական արդիւնաբերութեան կարեւորագոյն յաճախորդներէն մէկը` գնելով «Սփայք» եւ «Ռամփէյճ» հրթիռներ, «Սփայս» ճշգրիտ կառավարուող ռումբեր եւ «Հերոն 2» անօդաչու թռչող սարքեր:


