Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 250-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Շնորհաւորական Նամակը` Դեսպան Իսային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային` նշելով. «Այս պատմական փուլը կու գայ նշելու ազատութեան, ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան անսասան սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութեան մը ստեղծման 250-ամեակը: Այս գաղափարները աշխարհի վրայ սերունդներ ներշնչած են եւ կը շարունակեն իբրեւ յոյսի փարոս ծառայել անոնց,...

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը  Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «ԱլֆաՆիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ շրջանին մէջ հրադադարի ընկալումը այսօր փոխուած է. Լիբանանի մէջ հրադադարը տակաւին չի նշանակեր յարձակումներու լիակատար դադար: «Հրադադար ըսելով` մենք կը հասկնայինք փոխադարձ յարձակումներու եւ թիրախաւորումներու դադրեցում, սակայն, ըստ երեւոյթին, այժմ նոր ընկալում ձեւաւորուած է. նոյնիսկ հրադադարի պայմաններուն մէջ յարձակումները կը...

Վանս. «Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Իրանի  Պատերազմին Վերջ Տալու Ճշգրիտ Ձեւին Շուրջ  Որոշ Տարակարծութիւններ Ունի»

Վանս. «Եթէ Բանակցութիւնները Յաջողին, Իրանը Վերջնականապէս Պիտի Հրաժարի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգելու Որեւէ Ախորժակ Ունենալէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտնեց. «Իրանցիները անցնող երկու շաբթուան ընթացքին որեւէ նաւու վրայ յարձակում չգործեցին, եւ քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն կը հոսի»: «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակ դարձուց, որ պիտի հակադարձենք, եթէ իրանցիները նաւերուն վրայ յարձակում գործեն», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, Միացեալ Նահանգները...

Նախագահ Աուն. «Թող Ոչ Ոք Ճշմարտութիւնը  Աղաւաղէ Իր Համակիր Զանգուածը Համոզելու,  Թէ Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ,  Անձնատուութիւն Եւ Նուաստացում Է»

Նախագահ Աուն. «Թող Ոչ Ոք Ճշմարտութիւնը Աղաւաղէ Իր Համակիր Զանգուածը Համոզելու, Թէ Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ, Անձնատուութիւն Եւ Նուաստացում Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը կը ներառէ յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին իսրայէլեան հեռացումին, տեղահանուածներուն ու գերիներուն, մինչեւ իսկ լիբանանցիներու Իսրայէլ գտնուող դիակներուն վերադարձին` նշելով, որ ասիկա համաձայնագիր մը չէ, այլ շրջագիծ: Ան նշեց, որ Լիբանանի հարցը Իսրայէլի հետ է, ան գերիշխան պետութիւն է, ինքն իր համար բանակցելու որոշում տուաւ, եւ շրջագծային համաձայնութեան մէջ իր...

Ըստ «Այ24նիուզ»-ի.  Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երեքշաբթի օր իսրայէլեան կառավարութեան միաձայն հաւանութեան արժանացած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ներկայացուցած է Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի լիագումար նիստին` յառաջիկայ շաբաթ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարելու համար: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ»-ը` նշելով. «Սահեր ուժեղ կերպով ներկայացուց բանաձեւին բարոյական ու պատմական շրջագիծը»: Սահեր յայտարարած է, թէ այլեւս որեւէ արդարացի պատճառ չկայ յետաձգելու կամ խուսափելու Հայոց ցեղասպանութեան...

Արծուիկ Մինասեան. «Ընտրութիւններուն  Ոտնահարուեցան Քաղաքացիներուն Թէ՛ Անհատական  Եւ Թէ՛ Հաւաքական Քաղաքական Իրաւունքները»

Արծուիկ Մինասեան. «Ընտրութիւններուն Ոտնահարուեցան Քաղաքացիներուն Թէ՛ Անհատական Եւ Թէ՛ Հաւաքական Քաղաքական Իրաւունքները»

1 յուլիսին վեցերորդ օրն ըլլալով Սահմանադրական դատարանը շարունակեց քննել եօթը քաղաքական ուժերու դիմումները, որոնցմով կը պահանջուի անվաւեր նկատել 7 յունիսի քուէարկութեան արդիւնքները:  Այս առիթով կողմերը հանդէս եկան եզրափակիչ ելոյթներով: ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ամփոփեց ընդդիմութեան առանցքային պնդումներն ու ներկայացուց պաշտօնական վիճակագրական տուեալներ` նախընտրական շրջանին վարչական ու պետական կարողականութեան անխնայ օգտագործման վերաբերեալ: Ան ընդգծեց, որ...

Ակնարկ.  Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական  Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ

Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան որոշումին շարժառիթները յստակ են: Կար յստակ ուղենիշ  այս առումով, երբ վարչապետը ամիսներ առաջ, հարցազրոյցի մը  ընթացքին արձագանգած էր լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ իր երկիրը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը. ան շատ արագ յայտարարած էր` հիմա՛ յայտարարութեամբ կը ճանչնամ: Պարզ են շարժառիթային հանգամանքները: Թուրքիա եւ Իսրայէլ զիրար կ՛ամբաստանէին ցեղասպանական արարքներով: Թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներով...

Անսարի. «Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Տոհա  Կը Գտնուին, Սակայն Իրանցի Պաշտօնատարներուն Հետ  Ուղղակի Հանդիպում Պիտի Չունենան»

Անսարի. «Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Տոհա Կը Գտնուին, Սակայն Իրանցի Պաշտօնատարներուն Հետ Ուղղակի Հանդիպում Պիտի Չունենան»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշները Տոհա կը գտնուին, սակայն «իրանցի պաշտօնատարներուն հետ ուղղակի հանդիպում պիտի չունենան»: «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի որոշուած ժողով չկայ», նշեց Անսարի: Ան ըսաւ, թէ մինչեւ հիմա Իրանի 6 միլիառ տոլարի հասնող սառեցուած գումարներու փոխանցում տեղի չէ ունեցած`...

Ընդունելով Զօր. Հայքալը`  «Բանակին Հասցէին Հնչող Զրպարտութիւններն  Ու Կասկածները Պիտի Չազդեն Անոր Գործունէութեան Վրայ,  Որ Իշխանութեան Որոշումներուն Ենթակայ Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Ընդունելով Զօր. Հայքալը` «Բանակին Հասցէին Հնչող Զրպարտութիւններն Ու Կասկածները Պիտի Չազդեն Անոր Գործունէութեան Վրայ, Որ Իշխանութեան Որոշումներուն Ենթակայ Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, որ նախագահին ներկայացուց զինուորական գործակցութեան ծիրին մէջ Թուրքիա եւ Բրիտանիա իր այցելութիւններուն ընթացքին կատարած բանակցութիւններուն արդիւնքները: Նախագահ Աուն զօր. Հայքալի հետ անդրադարձաւ երկրի ապահովական կացութեան եւ այն առաքելութեան, որ բանակը յառաջիկայ փուլին պիտի կատարէ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու արդիւնքին եւ անկէ բխած Լիբանանի վրայ պատերազմին վերջ...

Փեզեշքիան. «Պատրաստ Չեմ Բանակցելու Համար  Ամերիկեան Նուաստացուցիչ  Պայմանները Ընդունելու»

Փեզեշքիան. «Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները Շրջանին, Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ Լարուածութիւնը Թուլացուցին»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները տնտեսական առիթներ ստեղծեցին, եւ շրջանին, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը թուլացուցին: «Մենք կ՛ողջունենք ազգային շահերու երաշխաւորման համար երկխօսութիւնը եւ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ զիջում չկատարեցինք», նշեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը շրջանային ու միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ ազդեցիկ ուժի վերածուած է, «եւ թշնամին, հակառակ ճնշումներուն, չկրցաւ մեզ ընկրկումի ենթարկել»: «Փոխըմբռնումը երկկողմանի հարց...

«Ուժեղ Հայաստան»-ը Կը Սպասէ  Սահմանադրական Դատարանի Որոշումին

«Ուժեղ Հայաստան»-ը Կը Սպասէ Սահմանադրական Դատարանի Որոշումին

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը սպասէ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումին, երէկ յայտարարեց ընդդիմադիր դաշինքի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան: «Յոյս ունինք, որ Բարձր դատարանը կա՛մ նոր ընտրութիւններ, կա՛մ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ կայացնելու որոշում պիտի տայ», նշեց ան: Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, ըստ Կարապետեանի, կը սպասուի ընդդիմութեան ղեկավարներու հանդիպում: Սամուէլ Կարապետեան չհամաձայնեցաւ, թէ միայն «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ...

Արաղչի. «Ամերիկայի Եւ Սիոնական Գոյացութեան  Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մասնաւորաբար Առաջին  Յօդուածը Խախտելը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան  Վերականգնումը Կը Խոչընդոտէ»

Արաղչի. «Ամերիկայի Եւ Սիոնական Գոյացութեան Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մասնաւորաբար Առաջին Յօդուածը Խախտելը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Վերականգնումը Կը Խոչընդոտէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնական գոյացութեան փոխըմբռնման յուշագիրը, մասնաւորաբար անոր առաջին յօդուածը խախտելը կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ ապահովութեան վերականգնումը»: Ան աւելցուց, որ Իրան կը ջանայ բարի կամեցողութեամբ գործադրել փոխըմբռնման յուշագիրը` «յարգումը յարգումի դիմաց» սկզբունքի համաձայն: Արաղչի ըսաւ, որ Իրան հակառակորդին համաձայնութեան որեւէ խախտման դէմ վճռական քայլեր պիտի որդեգրէ: Յուշագիրի առաջին յօդուածը կը նշէ. «Իրանի...

Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող  Բանաձեւի Որդեգրման

Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը` զայն կոչելով քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող եւ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը թաքցնելու փորձ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ աշխարհի առջեւ համակարգուած կերպով կը հետապնդէ պաղեստինցի ժողովուրդը եւ Կազայի ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատի կ՛ենթարկուի, կը փորձէ թաքցնել իր սեփական...

Պաքու Քլաարի Յայտարարութիւնները Կողմնակալ Կ՛որակէ

Պաքու Իսրայէլի Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Որոշումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ուղղած է` վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կը նշուի, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ «պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը, բարդ պատմական գործընթացները իրաւական եւ գիտական հիմքերէ հեռու քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը անընդունելի է»: «Նման քայլերը կը ծառայեն ոչ թէ հաշտեցման ու փոխըմբռնման, այլ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու հետագայ խորացման,...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Արցախեան Շարժման Եւ Ժողովրդավարութեան Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «մոլորութեան» մէջ է: Բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մէկ վիժած տարբերակը որդեգրած, Խորհրդային Միութեան ներքին, վարչական սահմանները յետ Խորհրդային Միութեան միջպետական սահմաններ ճանչցած Նիկոլ Փաշինեանը չէ հասկցած նաեւ ժողովրդավարութեան իմաստը, էութիւնը: Ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու յիսուն տոկոսին քուէէն ալ պակաս քուէ ստացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարին կը թուի, թէ այդքանով ինք հաստատած է իր «դիկտատուրա»-ն (բռնատիրութիւնը):...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Շրջագծային Համաձայնագիրը Պիտի Չգործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած շրջագծային համաձայնագիրը որակեց «ցուցմունքներ», ըսելով, որ «անիկա 17 մայիս 1983-ի համաձայնութենէն տասնեակ անգամներով աւելի վատ է»` աւելցնելով. «Թող տասնապատիկը 17 մայիսի համաձայնութիւնը ըլլայ, սակայն ոչ այս համաձայնութիւնը»: Պըրրի շեշտեց, որ պէտք չէ դիմել փողոցին մէջ շարժումներու եւ հակազդեցութիւններու, որոնք կրնան շահագործուիլ, երկիրը քաոսի եւ ներքին կռիւներու...

Ակնարկ.  14+1 Կէտեր

Ակնարկ. 14+1 Կէտեր

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել, նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու լիբանանեան ինքնիշխան տարածքներէն: 2-րդ կէտի ձեւակերպումը յստակ կը նշէ Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափման մասին, երբ կը հաստատէ, որ Լիբանանի զինուած ուժերը պիտի տարածեն պետութեան արդիւնաւէտ իշխանութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին` ոչ պետական  զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման ստուգումէն...

Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը

Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը

Լիբանան եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնապէս ստորագրեցին եռակողմ շրջագծային համաձայնութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած համաձայնութիւնը հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան աստիճանական փոխանցման, ներառեալ որոշակի գօտիներու լիբանանեան բանակին յանձնման ճամբան կը հարթէ: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ մէջբերելով նշեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը կը պարունակէ ապահովական գաղտնի յաւելուած մը, որուն յօդուածները չեն բացայայտուած»` աւելցնելով, որ համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուելիք միացեալ...

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ  Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչնալու Առաջարկին

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առաջարկին

Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի ներկայացուցած նախագիծին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատմական որոշում մը` իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկին»: «Երբեք ուշ չէ ճիշդ բան ընել: Այս սարսափելի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 100 տարի առաջ եւ որուն պատմական փաստերը...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Իսրայէլի Կառավարութեան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առիթով

Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի նախագիծին: Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՛ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում: Արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, որ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած: Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ...

Page 19 of 795 1 … 18 19 20 … 795

Արխիւներ