Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջնորդութիւններ Եւ Գործարքներ` Այս Անգամ Թրքական Եւ Յունական Դիրքերէ

September 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան թղթածրարին Անգարայի միջնորդութեան առանցքներու ուրուագծումներ կը կատարուին  լրատուական հրապարակումներու ընդմէջէն: Անգարան առաջարկած է իր եւ Իրանի վերահսկողութեամբ Հըզպալլայի ծանր զէնքերը տեղափոխել Իրան: Այս փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ամերիկեան եւ միջազգային երաշխիքներով: Ասոր դիմաց, Իսրայէլ պէտք է հեռացնէ իր ուժերը լիբանանեան բոլոր տարածքներէն: Հրապարակուած նիւթերուն համաձայն, լիբանանեան կողմը տատամսոտ կը վերաբերի այս առաջարկին, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը դրական չեն վերաբերիր թրքական առաջարկին:

Հրապարակուած նիւթերը անշուշտ պէտք չէ իւրացնել ամբողջովին եւ հետեւցնել, որ այս առանցքային կէտին շուրջ են, որ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: Այս հրապարակումներէն կարելի է հետեւցնել, որ Անգարան կը փորձէ շօշափելի լուծման ծրագիր ներկայացնել: Պաշտօնական Պէյրութի դիրքորոշումը այս պայմաններուն մէջ բաւարար չէ, որովհետեւ բուն համաձայնութիւնը տուողը այս պարագային Հըզպալլան պիտի ըլլայ. անշուշտ մեծ համաձայնողը` Իրանը:

Ուաշինկթըն – Թել Աւիւ անհամաձայնութիւնը եւս բացարձակ պէտք չէ ընկալել: Ուաշինկթըն նոր մագլցումներ կ՛արձանագրէ իրանեան ճակատին վրայ, իսկ Իսրայէլ առաւելագոյն երաշխիքներ եւ առաւելներ պիտի ուզէ ձեռք ձգել այս բոլորէն փորձելով անժամկէտ յետաձգել լիբանանեան տարածքներէն հեռանալը: Չմոռնանք, որ Անգարայի եւ Իսրայէլի շահերը տարբեր կէտերու վրայ բախման պատկերներ կը պարզեն: Պարզ է, որ իրանեան ազդեցութիւնը թրքականով փոխարինելը բոլորովին չի բխիր Իսրայէլի շահերէն: Եթէ այս կէտին շուրջ սկսին բանակցութիւններ, ապա Թրամփի յորդորը` Հըզպալլայի թղթածրարը Դամասկոսին յանձնելու, կը սկսի տեսանելի դառնալ: Հարցի լուծման բանալին Դամասկոսի յանձնելը ըստ էութեան կը նշանակէ Անգարային յանձնել: Թուրքիոյ նախագահի զաւկին եւ հետախուզութեան պետին այցելութիւնները կը սպասուին Պէյրութ: Այս օրակարգը կը թուի, որ հիմնական է, հակառակ ապակողմնորոշ տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու արծարծումին:

Այս տուեալները չեն համոզեր անշուշտ, որ Ուաշինկթըն բացարձակ ազդեցութիւն կը խոստանայ Անգարային: Խաղատախտակին վրայ կ՛երեւին տարբեր երկիրներ: Քաղաքական խաղը պէտք է ընթանայ տարբեր խաղցողներով, սակայն մէկ մրցավարով:

Իրադարձութիւններու խորապատկերին լուսարձակ կը բացուի հետեւեալ լրատուութեան վրայ. Յունաստան այսօր Թել Աւիւի մէջ կը ստորագրէ 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական գործարք մը` Թուրքիայէն ու Իրանէն հաւանական  սպառնալիքներու դիմակայման նպատակով համարկուած, բազմաշերտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար: Իր հերթին Աթէնքը Լիբանանին կը տրամադրէ սպառազինութիւն, որուն նպատակը յարձակողական չէ: Տրամադրուողը զինամթերք եւ ուժեր ապահով փոխադրելու նպատակին կը ծառայէ: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ, որ վաճառուող զինուժը ոչ թէ իսրայէլեան յարձակումները զսպելու համար է, այլ ապահով փոխադրութեան: Իսկ փոխադրութիւնը կ՛ենթադրէ այս պարագային լիբանանեան բանակի վերատեղակայման գործողութիւններ: Այն, ինչ որ ներառուած է ամերիկեան երաշխաւորութեամբ եւ միջնորդութեամբ կայացած համաձայնագիրին մէջ:

Այս գործարքը պարզ է, որ կը վայելէ ամերիկեան համաձայնութիւնը: Ուաշինկթըն յայտարարողական մակարդակով կ՛առաջադրէ Իսրայէլի ուժերու հեռացումը լիբանանեան տարածքներէն` պայմանաւորելով զայն Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումով եւ ենթակառուցուածքներու կազմաքանդումով: Թուրքիոյ կու տայ միջնորդելու դերակատարութիւն` այս առաջադրանքներու իրականացման համար: Կը դառնայ Իսրայէլի կողմը եւ Յունաստանը կը մղէ գնելու իսրայէլեան սպառազինութիւն` իր կղզիները պաշտպանելու համար թրքական սպառնալիքէն: Նաեւ` իր համաձայնութեամբ կայացնելու Յունաստան-Լիբանան զինական ոլորտի մէջ  համագործակցութիւն: Մրցավարը իր դերին մէջ է, եւ խաղցողները կը հետեւին անոր սուլիչի ցուցմունքներուն:

Դերակատար պետութիւններուն հետ Պէյրութը կը ստիպուի ունենալ յարաբերութիւններ եւ կայացնել համաձայնութիւններ: Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ գնահատելու համար Լիբանանի նախագահին նախ Թուրքիա եւ հիմա Աթէնք կատարած այցելութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Յարձակումներ

Յաջորդը

Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը. Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.