Գլխաւոր լուրեր

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ  Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ այցելութիւնը: Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր:

Ակնարկ.  Փոխհակակշռումի Խաղին Մութ Հեռանկարը

Ակնարկ. Փոխհակակշռումի Խաղին Մութ Հեռանկարը

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` «Լիբանան մուտք գործելու համար ոչ մէկ կողմէն հրաման առինք, եւ այդտեղ մնալու համար արտօնութեան կարիք չունինք. Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք եւ այդտեղ պիտի գործենք, մինչեւ որ Հըզպալլան ամբողջ Լիբանանի մէջ զինաթափուի», անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել թէ՛ քաղաքական պահու եւ թէ՛ նախորդ կոչերուն իբրեւ պատասխան ըլլալու հանգամանքներով: Պարզ է, որ նախարարը կը պատասխանէ...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Փաքիստան Եւ Քաթար Ջանք Կը Թափեն  Ուաշինկթընն Ու Թեհրանը  Բանակցային Սեղան Վերադարձնելու

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Փաքիստան Եւ Քաթար Ջանք Կը Թափեն Ուաշինկթընն Ու Թեհրանը Բանակցային Սեղան Վերադարձնելու

Շրջանային աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Փաքիստանն ու Քաթարը ջանք կը թափեն զինուորական վերջին մագլցումէն ետք Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու: Ամերիկացի պաշտօնատար մըն ալ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ քուլիսներու ետին դիւանագիտական ջանքեր կը թափուին կացութիւնը հանդարտեցնելու: Աղբիւրը նշեց, որ Ուաշինկթըն դիտումնաւոր կերպով պարբերաբար կը հարուածէ, ապա կանգ կ՛առնէ` խուսափելու համար լարուածութեան սրումէն եւ դիւանագիտութեան կարելիութիւն տալու համար: Պաշտօնատարը...

Դաւիթ Իշխանեան. «Սա Քաղաքական  Պատուէրով Դատավարութիւն Է»

Դաւիթ Իշխանեան. «Սա Քաղաքական Պատուէրով Դատավարութիւն Է»

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Պաքուի բանտէն յղեց հետեւեալ ձայնագրուած պատգամը. «Խաղաղութեան» դատավարութիւնը շարունակւում է: Ինչպէս տեղեակ էք, այն այժմ վերաքննիչ դատարանում է: Մենք շատ լաւ հասկանում եւ գիտակցում ենք, որ այս փուլը կրում է առաւելապէս պաշտօնական բնոյթ, եւ առաջին ատեանի դատավճռի հետ կապուած որեւէ փոփոխութիւն դժուար թէ լինի: Սակայն գիտակցելով, որ միջազգային դատարան տանող ճանապարհն անցնում է...

Պոլսոյ Հայկական Գերեզմանատան Մէջ`  Վանտալիզմի Դէպք

Պոլսոյ Հայկական Գերեզմանատան Մէջ` Վանտալիզմի Դէպք

Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Պաղլարպաշը թաղամասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ 7-8 յուլիսի լուսցող գիշերը անձ մը գերեզմանատուն մուտք գործելով վնասած է վեց դամբարան եւ աղբիւր մը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը: «Դէպքը խորապէս վիրաւորած է համայնքի անդամները, մասնաւորաբար անոնք, որոնց սիրելիներու դամբարանները կը գտնուին սոյն գերեզմանատան մէջ», նշուած է...

Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն  Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ անոր ընկերակցող Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութեան յայտնեց, որ համոզումէ մղուած իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ եւ զայն կատարելու համար անձնական շահ չունի: «Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն վերաբերեալ քննադատութիւններուն, անոնք պատասխանի արժանի չեն, որովհետեւ Լիբանանը 1949 թուականէն ի վեր մէկէ աւելի անգամներ Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով բանակցած...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Յունիսի 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ աննախընթաց պետական ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններ: Իշխող վարչախումբը ընտրական գործընթացի ամբողջ ընթացքին գործեց առանց միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու: Լայնօրէն կիրարկուեցան ամբողջ վարչական միջոցները` պետական եւ համայնքային լծակներու օգտագործումով: Գործի դրուած քարոզչական, վարչական ամբողջ զինանոցը միտուած էր ամէն ձեւով սահմանափակելու քաղաքական մրցակցութիւնը ու ազդելու...

Պաքուի Բանտերուն Մէջ  Պահուող Հայերուն Հետ  Կապ Ստեղծելու Առաքելութիւն

Պաքուի Բանտերուն Մէջ Պահուող Հայերուն Հետ Կապ Ստեղծելու Առաքելութիւն

«Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներուն այցելելու նպատակով կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան` Պաքու այցելութեան նախապատրաստութեան ծիրին մէջ հրապարակային նամակներ յղած եմ միջազգային եւ պետական այն կառոյցներուն, որոնց մասնակցութենէն կրնայ կախեալ ըլլալ այցելութեան կազմակերպումն ու պատուիրակութեան անդամներուն ապահովութիւնը», յայտարարած է Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ: Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի. «Նախաձեռնութեան նպատակը բացառապէս մարդասիրական է. հանդիպիլ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան...

Օժանդակութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը  Ստանձնեց Հայաստանի Կառավարութեան Կողմէ  Տրամադրուած Մարդասիրական Օգնութիւնը

Օժանդակութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Ստանձնեց Հայաստանի Կառավարութեան Կողմէ Տրամադրուած Մարդասիրական Օգնութիւնը

9 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Լիբանանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Յանձնման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, Լիբանանի կառավարութեանն առընթեր Օժանդակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ զօրավար Պասսամ Նապուլսի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս...

Թրամփ. «Մեր Նպատակը Պատերազմը Չէ.  Եւ Եթէ Նաւերու Իրանեան Ռմբակոծումը Կրկնուի,  Կացութիւնը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Մեր Նպատակը Պատերազմը Չէ. Եւ Եթէ Նաւերու Իրանեան Ռմբակոծումը Կրկնուի, Կացութիւնը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ես Իրանի կողմէ թիրախաւորուածներուն թիւ մէկն եմ, որեւէ այլ անձէ առաջ»: «Իրան 3 նաւեր թիրախաւորեց եւ ոչ թէ երկու: Որեւէ ապագայ յարձակումի շատ աւելի հզօր կերպով պիտի հակադարձենք», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Իրանին չափազանց կարծր հարուած հասցուցինք, եւ ամէն անգամ, որ մեր վրայ յարձակում շղթայազերծեն, մեր հակադարձութիւնը միշտ քսանապատիկը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: «Անցեալ...

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն  Սպասուող Իր Այցելութիւնը

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն Սպասուող Իր Այցելութիւնը

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ անոր հետ քննարկած իր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները: Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի ամրապնդումը, թշնամական արարքներու դադրեցման համար Իսրայէլի վրայ ճնշումի գործադրութիւնը, եւ...

Ակնարկ.  Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ընկալումը

Ակնարկ. Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ընկալումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը չեղարկուած է, չ՛ենթադրեր անպայման, որ կողմերը կը վերադառնան վերաբռնկուող լայնածաւալ պատերազմի: Թէեւ Թրամփ յայտարարած է, որ հաւանական է, որ այս գիշեր հզօր հարուածներ իրականանան Իրանի դէմ, այդուհանդերձ նախկին յայտարարութիւններն ու որոշումի առկախումները կամ չեղարկումները կրնան յուշել, որ գետնի վրայ ընթացող իրադարձութիւնները անպայման ուղղակի առնչութիւն չունին յայտարարութիւններուն հետ: Հարուած-պատասխան գործողութիւնները չեն...

ՕԹԱՆ-ի Անդամներու Ղեկավարները Իրանին  Կոչ Ուղղեցին` Հորմուզի Նեղուցին Մէջ  Նաւարկութեան Ազատութիւնը Յարգելու

ՕԹԱՆ-ի Անդամներու Ղեկավարները Իրանին Կոչ Ուղղեցին` Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Նաւարկութեան Ազատութիւնը Յարգելու

ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները Անգարայի մէջ իրենց վեհաժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իրանին կոչ ուղղեցին` Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը յարգելու, եւ վերահաստատեցին Իրանի հիւլէական զէնք չունենալուն անհրաժեշտութիւնը: Դաշինքի ղեկավարները նաեւ պաշտպանական ոլորտի ծախսերու յաւելումը յայտարարեցին եւ խոստացան ռազմարդիւնաբերական կարողութիւնները ընդլայնել: Անոնք վերահաստատեցին Ուքրանիոյ նկատմամբ աջակցութիւնը` անոր 2026 թուականին համար տրամադրելով 70 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւն: ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Նախագահին.  Փոխըմբռնման Յուշագիրը Վերջ Գտաւ

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Նախագահին. Փոխըմբռնման Յուշագիրը Վերջ Գտաւ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի վերաբերեալ իր հռետորաբանութեան մէջ մագլցում արձանագրելով երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի աւարտը յայտարարեց` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն Թեհրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել: Ան այս մասին յայտարարեց Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Իրանի հետ Փոխըմբռնման յուշագիրը վերջ գտաւ», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով. «Չեմ...

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն.  «Սպիտակ Տունը Նախագահ Աունին 21 Յուլիսին  Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու  Պաշտօնական Հրաւէր Յղեց»

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն. «Սպիտակ Տունը Նախագահ Աունին 21 Յուլիսին Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու Պաշտօնական Հրաւէր Յղեց»

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Սպիտակ տունը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին պաշտօնական հրաւէր յղած է 21 յուլիսին Ուաշինկթըն այցելելու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում ունենալու: Դեսպանատունը նշեց, որ այս հրաւէրը Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկարատեւ գործընկերութիւնը կ՛արտացոլացնէ եւ երկու նախագահներուն կարելիութիւն կու տայ քննարկելու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնց շարքին` երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային անվտանգութիւնը եւ...

Իրան ԹՐԻՓՓ-ի Շրջանակներուն Մէջ  Իր Սահմաններուն Ամերիկացիներու Ներկայութեան  Շուրջ Անհանգստութիւններ Ունի

Իրան ԹՐԻՓՓ-ի Շրջանակներուն Մէջ Իր Սահմաններուն Ամերիկացիներու Ներկայութեան Շուրջ Անհանգստութիւններ Ունի

«Հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերէն են ԹՐԻՓՓ նախագիծէն ի յայտ եկող վտանգներու կառավարումը եւ հաւանական մարտահրաւէրներու վերացումը», երէկ Երեւանի մէջ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի: «Իրանի անհանգստութիւնը իր սահմաններու դրացնութեամբ ամերիկացիներու ներկայութեան վերաբերեալ շատ օրինական եւ տրամաբանական է, եւ այդ անհանգստութիւններուն պէտք է յստակ պատասխաններ տրուին», յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը: Հայաստանի կառավարութիւնը հաւաստիացուցած է, որ...

Թրամփ-Էրտողան Հանդիպում

Թրամփ-Էրտողան Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար կը գտնուի Անգարա, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը «ոչնչացուց Իրանի զինուորական կարողութիւնը, եւ Թեհրան պիտի չկարենայ հիւլէական զէնք ձեռք բերել»: «Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու որոշումը պիտի տանք, եւ Անգարայի հետ մեր յարաբերութիւնները աւելի լաւ են», նշեց Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «ՕԹԱՆ-էն մեծապէս...

Դամասկոսի Մէջ Ընդունելով Մաքրոնը`  Շարհ. «Ֆրանսայի Հետ Ռազմավարական  Գործընկերութիւնը Աշխարհի Հետ Մեր Ուզած Յարաբերութիւններուն Համար Բնորդ Է»

Դամասկոսի Մէջ Ընդունելով Մաքրոնը` Շարհ. «Ֆրանսայի Հետ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Աշխարհի Հետ Մեր Ուզած Յարաբերութիւններուն Համար Բնորդ Է»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, որուն հետ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Սուրիան համաշխարհային միջանցքներու շուկային մէջ անփոխարինելի օղակ դարձաւ, եւ ֆրանսական-սուրիական գործընկերութիւնը կը կեդրոնանայ գործնական ծրագիրներու վրայ` հեռու մնալով կարգախօսներէ»: «Նաւահանգիստներու, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ ջուրի ոլորտները ռազմավարական նոր գործակցութեան առաջնահերթութիւններն են, եւ սուրիական արդիւնաբերական քաղաքները կը պատրաստուին համաշխարհային...

Գագիկ Ծառուկեան Երկու Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան երէկ երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ` առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ դրամի լուացում կատարելու մեղադրանքով: Ծառուկեանի փաստաբանները նշեցին, որ որոշումը պիտի բողոքարկեն: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր քննադատներէն Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ նախանցեալ օր իր առանձնատան մէջ մօտ 12 ժամ տեւած խուզարկութենէ ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները Ծառուկեանը տարին նախ Քննչական կոմիտէ,...

Սահեր. «Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններու  Յաջորդ Փուլը` Յառաջիկայ Շաբաթ Հռոմի Մէջ»

Սահեր. «Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը` Յառաջիկայ Շաբաթ Հռոմի Մէջ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ Լիբանանի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ Հռոմի մէջ: Սահեր իր գերմանացի պաշտօնակից Եոհան Վատեֆուլի հետ Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Նուազ քան երկու շաբաթ առաջ, Իսրայէլը, Լիբանանն ու Միացեալ Նահանգները շրջագծային պատմական համաձայնութիւն գոյացուցին, եւ որոշուած է այս բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ շարունակել Հռոմի, Իտալիոյ մէջ»: Նախքան այդ, Միացեալ...

Page 17 of 795 1 … 16 17 18 … 795

Արխիւներ