Կնոջական

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Լաւատեսութիւնը կեանքը վարդագոյն ակնոցներով դիտելու միամիտ մտածելակերպ չէ: Ան ներկայիս գիտութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս առողջութեան իսկական դաշնակից: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ դրական վերաբերմունքի ձեւաւորումը բարենպաստ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկարակեցութեան, ընկճախտի նկատմամբ դիմադրողականութեան, հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ նոյնիսկ ընկերային յարաբերութիւններու որակին վրայ: «Health Behavior and Policy Review»-ի, «Psychological Science»-ի եւ «Harvard T.H. Chan School of Public Health»-ի...

Հետաքրքրական

Հետաքրքրական

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Անձրեւոտ Օրերուն Նկատմամբ Ձգողականութիւնը Շատեր կը նախընտրեն անձրեւոտ օրը` կապոյտ պայծառ երկինքէն: Անոնց հաճոյք կը պատճառէ լսել անձրեւի կաթիլներուն ձայնը, մնալ տունը, գիրք կարդալ կամ ժապաւէն դիտել... Այս գրաւչութիւնը ունի անուն` անձրեւի պաշտամունք: Հոգեբանութիւնը ուսումնասիրած է այս յատուկ կապը անձրեւոտ օրերուն հետ: Անձրեւին նկատմամբ այս սէրը նաեւ կ՛անուանեն Pluviophilie. այս եզրաբանութիւնը հոգեբանական ախտորոշում կամ հիւանդութիւն չէ. ան...

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով.  Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով. Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Եթէ հասեր էք այն աստիճանին, ուր պատիժը անխուսափելի է, ապա հետեւեցէք հոգեբանին 7 խորհուրդներուն, որպէսզի ձեր սահմանած պատիժը դաստիարակչական բնոյթ կրէ. 1 Եղէք հետեւողական. միեւնոյն արարքը ամէն անգամ պէտք է ունենայ միեւնոյն արձագանգը: Եթէ այսօր կ՛արտօնէք, իսկ յաջորդ օրը կը պատժէք նոյն արարքին համար, երեխան չի սորվիր իր սահմանները: 2 Ձեր դժգոհութիւնը երեխային յայտնեցէք հանգիստ, յստակ եւ...

Փորձ Հարցարան.  Ընտրեցէք Աթոռը Եւ Բացայայտեցէք Ձեր Անհատականութեան Թաքնուած Կողմերը

Փորձ Հարցարան. Ընտրեցէք Աթոռը Եւ Բացայայտեցէք Ձեր Անհատականութեան Թաքնուած Կողմերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ ինչ կ՛ըսեն բնազդները ձեր մասին: Երբեմն նոյնիսկ ամէնէն փոքր որոշումները, օրինակ` սեղանին շուրջ նստելու վայրը, կրնան բացայայտել ձեր անհատականութեան թաքնուած կողմերը: Եւ այսպէս` Դուք կը մտնէք սենեակ մը, ուր կայ երկար սեղան, տաք բուխերիկ եւ ինը աթոռ: Մէկ հոգի արդէն նստած է: Հարցում` ո՞ր աթոռը կ՛ընտրէք... Առաջին հայեացքով «պատահական որոշում» թուող ձեր ընտրութիւնը,...

Իրի Մը Պատմութիւնը.  Քշոց

Իրի Մը Պատմութիւնը. Քշոց

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գիտէ՞ք, թէ քշոցը եկեղեցական իր է: Անցեալին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածուեր է, քրիստոնեաները թաքնուեր են գետնադամբարաններու մէջ եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը հոն կատարեր են: Այդ ժամանակ քշոցը ծառայեր է որպէս ճանճ, միջատ քշելու միջոց: Հետագային քշոցին դերը փոխուեր է, եւ ան դարձեր է ուրախ նուագարան` սուրբ պատարագին մասնակցող դպիրներուն ձեռքին: Մետաղեայ սկաւառակաձեւ քշոցը ամրացուած է փայտէ երկար (1,5...

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գրկախառնութիւնները միայն սիրահարներուն համար չեն: Մենք կը գրկենք մեր երեխաները, մեր ծնողները, մեր ընկերները, մեր ընտանի կենդանիները: Այս քնքուշ արարքը գոյութիւն ունի բոլոր մշակոյթներուն մէջ, եւ ասիկա պատահական չէ: Հպումը մեր ուղեղին կը փոխանցէ ապահովութեան զգացում: Գրկախառնութիւնը շատ աւելին է, քան պարզապէս սիրալիր արարք: Գրկախառնութեան ժամանակ մեր մարմինը կ՛արձագանգէ. ան կը խթանէ արձակումը Oքսիթոսին հորմոնին, որ ծանօթ...

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորս ալ գիտենք, որ մանուկը դպրոց ուղարկելու համար բաւարար չէ անոր նոր տարազ, գեղեցիկ պայուսակ եւ այլազան ու գրաւիչ գրենական պիտոյք գնելը: Առաջին հերթին կարեւոր է զայն հոգեպէս նախապատրաստել դպրոց վերադառնալու գաղափարին: Նոր ուսուցիչներ, նոր դասանիւթեր, տարբեր դասարան, տարբեր խաղավայր... Այս բոլորը բաւարար պատճառներ են, որ երեխան տագնապի: Միւս կողմէ, երկար ամիսներ տունը մնալէ ետք, վերստին պիտի...

Փորձառուներու Կարծիքով…  Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

Փորձառուներու Կարծիքով… Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1.- Սխտոր Սխտորին տեսքը հիմնական չափանիշ է: Գնելու ժամանակ գլուխ մը սխտորը առէք ձեր ափին մէջ, ան պէտք է ըլլայ բաւականին ծանր եւ ամուր: Կեղեւը պէտք է ըլլայ փայլուն, առանց բիծերու, իսկ պճեղները, առանց կանաչ ծիլերու: Նախապատուութիւնը տուէք մանիշակագոյն կեղեւով տարբերակներուն: 2.- Անանաս Անանասին արտաքին տեսքէն մի՛ խաբուիք: Անիկա դուրսէն կրնայ կանաչի զարնել, բայց հիւթեղ եւ քաղցր...

Հետաքրքրական.   Մարդատառերը Հայկական Ձեռագիրներուն Մէջ

Հետաքրքրական. Մարդատառերը Հայկական Ձեռագիրներուն Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական միջնադարեան ձեռագիրներու ամենահետաքրքրական եւ ստեղծագործական երեւոյթներէն մէկը մարդատառերն են: Մարդատառը մարդու մարմնի տեսքով զարդատառ է: Մանրանկարիչները ոչ միայն բնագիրը կը գրէին, այլեւ իւրաքանչիւր էջ կը վերածէին արուեստի գործի: Մարդատառերու միջոցով անոնք կը միաւորէին` գեղագրութիւնը, նկարչութիւնը եւ խորհրդանշական մտածողութիւնը: Յաճախ մարդատառերը կը պատկերէին` սուրբեր, թագաւորներ, երաժիշտներ կամ սովորական մարդիկ: Այսպիսի տառերը ոչ միայն կը զարդարէին ձեռագիրը, այլեւ...

Գործնական Խորհուրդներ` Ամրան Տաքուն  Թարմ Եւ Գեղեցիկ Մնալու Համար

Գործնական Խորհուրդներ` Ամրան Տաքուն Թարմ Եւ Գեղեցիկ Մնալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քրտնարտադրութիւն, կպչուն մազեր, դէմքի հոսող շպար... Ամառը միշտ չէ, որ մեր գեղեցկութեան լաւագոյն ընկերն է: Բայց կան գործնական խորհուրդներ` նշուած անպատեհութիւններէն խուսափելու եւ ամբողջ օրը առաւելագոյն չափով թարմ եւ գեղեցիկ մնալու համար: Եւ այսպէս` Քրտնարտադրութիւնը բնական երեւոյթ է. ան ձեր մարմնի միջոցն է գերտաքութենէ պաշտպանուելու համար. այնպէս որ, պէտք է դիմել ճիշդ միջոցներու` անոր անբաղձալի հետեւանքներէն պաշտպանուելու...

Հետաքրքրական   Ոսկիի Եւ Սխտորի Միջնադարեան Գաղտնիքը

Հետաքրքրական Ոսկիի Եւ Սխտորի Միջնադարեան Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական մանրանկարչութեան ոսկեդարեան աւանդութիւններուն մէջ ոսկին սոսկ գոյն չէր, այլ երկնային լոյսի մարմնաւորում: Ան կը նկատուէր յաւերժութեան եւ աստուածային ներկայութեան խորհրդանիշը: Միջնադարուն ոսկին կ՛օգտագործուէր կա՛մ փոշիի, կա՛մ բարակ թերթիկի տեսքով: Որպէս ամրացնող նիւթ, մանրանկարիչները յաճախ կ՛օգտագործէին բնական միջոցներ, ինչպէս օրինակ` սխտորի հիւթը, որ որպէս սօսինձ կը ծառայէր: Միաժամանակ սխտորի ջուրը ունէր պաշտպանիչ դեր` օգնելով վանել վնասակար միջատները:...

Հետաքրքրական  Լազուարթ` Կապոյտ Գոյնի Գաղտնիքը

Հետաքրքրական Լազուարթ` Կապոյտ Գոյնի Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական մանրանկարներուն մէջ կապոյտը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր. ան յաճախ կը խորհրդանշէր երկինքը, հոգեւոր աշխարհը եւ աստուածային ներկայութիւնը` պատկերներուն հաղորդելով խորութիւն եւ վեհութիւն: Ամենաարժէքաւոր կապոյտ երանգներէն մէկը կը ստացուէր լազուարթէն` հազուագիւտ թանկարժէք քարէն: Այս հանքանիւթը Հայաստան կը հասնէր հեռաւոր երկիրներէ` առեւտրական ճանապարհներով եւ կը համարուէր միջնադարեան աշխարհի ամենաթանկ բնական գունանիւթերէն մէկը: Լազուարթէն պատրաստուած կապոյտը մեծ խնամքով կ՛օգտագործուէր յատկապէս...

Կենցաղավարութեան Խորհրդատուին Կարծիքով

Կենցաղավարութեան Խորհրդատուին Կարծիքով

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ըստ կենցաղավարութեան, ճաշի աւարտին հիւրը սեղանը չի հաւաքեր: Ատիկա տանտիրուհիին կամ սպասարկող-անձնակազմին (եթէ կայ) գործն է: Երբեմն մենք անկեղծ կ՛ուզենք օգնել, բայց խորքին մէջ կրնանք տանտիրուհին անյարմար վիճակի մէջ դնել, թերեւս ան չ՛ուզեր, որ ոեւէ մէկը տեսնէ իր խոհանոցին վիճակը: Անշուշտ կան բացառութիւններ, եթէ ընտանեկան մտերմիկ միջավայր է, եւ տանտիրուհին ի՛նք կը խնդրէ օգնել. այդ պարագային կարելի...

Առողջապահական.  Մեզ Շրջապատող 7 Ամենաաղտոտ Իրերը

Առողջապահական. Մեզ Շրջապատող 7 Ամենաաղտոտ Իրերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մաքուր եւ առողջ միջավայրի մէջ ապրելու համար կարեւոր է մաքրել եւ ախտահանել տան բոլոր իրերը: Օրուան ընթացքին յաճախ կը շփուինք իրերու հետ, որոնք ոչ միայն մանրէի բոյն են, այլ նոյնիսկ աւելի աղտոտ, քան` արտաքնոցի աթոռը: Հետազօտողներ կազմած են ցանկը այն 7 իրերուն, որոնք չափազանց աղտոտ են եւ հետեւողական մաքրութեան կը կարօտին: Եկէք` բացայայտենք զանոնք: - 1 -...

Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Ոդիսականը

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Ոդիսականը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ շաբաթ Երեւանը կրկին ընդունեց իր վաղեմի բնակիչներէն մէկը: Տասնամեակներու թափառումներէ եւ տեղափոխութիւններէ ետք «Վահագն Վիշապաքաղ» յուշարձանը վերադարձաւ մայրաքաղաքի սիրտ` Ռուսաստանի հրապարակ, Երեւանի քաղաքապետարանի հարեւանութեամբ: Հայոց դիցաբանութեան ամպրոպի եւ կայծակի, ռազմի եւ յաղթանակի աստուած Վահագնը ազգային կամքի, աննկուն ոգիի եւ պայքարի խորհրդանիշ է: Քանդակագործ Կառլէն Նուրիջանեանի ստեղծագործական հանճարը յաջողած է այդ կերպարը մարմնաւորել պղինձի մէջ` անոր հաղորդելով...

Այս Ամէնօրեայ 6 Սովորութիւնները Կը Վնասեն Մեր Բարեկեցութեան

Այս Ամէնօրեայ 6 Սովորութիւնները Կը Վնասեն Մեր Բարեկեցութեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորս ալ կը ձգտինք երկար եւ առողջ կեանքի: Այնուամենայնիւ, մեր ամէնօրեայ որոշ սովորութիւնները կրնան վտանգել մեր բարեկեցութիւնը: Ահա այն 6 սխալ վարքագիծները, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել: 1.- Ընկերային Յարաբերութիւններ Չզարգացնելը Հաստատուած է ընկերային յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը մեր ուղեղին եւ երկարակեցութեան համար: Հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ դրական մարդոց հետ կանոնաւոր յարաբերութիւնները օգտակար են հոգեկան առողջութեան եւ երկարակեցութեան համար:...

Հետաքրքրական.  Կնոջ Դերը` Նահապետական Ընտանիքներու Մէջ

Հետաքրքրական. Կնոջ Դերը` Նահապետական Ընտանիքներու Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Նահապետէն ետք ընտանիքէն ներս երկրորդ մարդը, նահապետի օգնականն ու անոր բարձր հեղինակութիւնը պահողը իր կինն էր: Կնոջ կարեւորագոյն պարտականութիւնը տան կրակն անշէջ պահելն էր: Կնոջ մահն անգամ շատ յաճախ կը համեմատուէր օճախի կրակին մարելու հետ: Ըստ Խրիմեան Հայրիկին, տան շէնութիւնը կախուած էր կնոջմէ, եւ յաճախ տունն ու կինը կը նոյնացուէին: «Տուն ունի՞ս» կամ «տուն առե՞լ ես» արտայայտութիւնները...

Հետաքրքրական.  Դերերու Բաժանումը`  Նահապետական Ընտանիքներու Մէջ

Հետաքրքրական. Դերերու Բաժանումը` Նահապետական Ընտանիքներու Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հետաքրքրական է, որ անցեալին նահապետական ընտանիքներուն մէջ գոյութիւն ունէր աշխատանքի սեռատարիքային բաժանում: Տան կուտակուած գումարն ու ունեցուածքը կը պահպանուէր նահապետի կնոջ մօտ, անոր ձեռքն էին նաեւ տան մառանի բանալիները: Ընտանիքի իւրաքանչիւր տղամարդ ունէր իրեն վստահուած աշխատանքը: Տնտեսութեան հիմնական ճիւղերը` երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, կը վարէին տղամարդիկ, իսկ կիներու պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէին` տնային տնտեսութեան վարումը, գիւղատնտեսական հումքի մշակումը,...

Նկարչութեան Առաւելութիւնները Հոգեկան Առողջութեան Համար

Նկարչութեան Առաւելութիւնները Հոգեկան Առողջութեան Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այսօրուան արագ զարգացող թուային աշխարհին մէջ մեր հոգեկան առողջութեան հոգ տանիլը դարձած է աւելի կարեւոր, քան` երբեւէ: Ընկճախտը, անհանգստութիւնը, գերյոգնածութիւնը այլեւս հազուադէպ երեւոյթներ չեն. ինչպէ՞ս պայքարիլ այս յուզական գերծանրաբեռնուածութեան դէմ: Հետաքրքրական է, որ ամենաարդիւնաւէտ գործիքներէն մէկը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ եւ մատչելի բան մը` նկարչութիւնը: Նկարչութիւնը միայն մասնագէտներուն համար չէ: Ան բնական, արտայայտիչ եւ բուժիչ գործընթաց է,...

Հետաքրքրական.  Ռազմապարերը Ազգային Ինքնութեան Եւ Պատմական Դիմակայութեան Կենդանի Խորհրդանիշ

Հետաքրքրական. Ռազմապարերը Ազգային Ինքնութեան Եւ Պատմական Դիմակայութեան Կենդանի Խորհրդանիշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ռազմապարերը հայկական մշակոյթին մէջ պարզապէս պարային ձեւ չեն. անոնք ժողովուրդին պատմական յիշողութեան, պայքարի եւ գոյատեւման կենդանի արտայայտութիւններն են: Այս պարերուն իւրաքանչիւր շարժումը կը կրէ խոր իմաստ` կապուած յաղթանակներու, կորուստերու եւ վերապրումի հետ: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ յաղթանակներ կերտած է` մեծ զոհողութիւններու գնով: Այդ յաղթանակները յաճախ «արիւնով ու կեանքով պսակուած» են, եւ անոնց յիշողութիւնը փոխանցուած է...

Page 1 of 25 1 2 … 25

Արխիւներ