Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գիտէ՞ք, թէ քշոցը եկեղեցական իր է:
Անցեալին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածուեր է, քրիստոնեաները թաքնուեր են գետնադամբարաններու մէջ եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը հոն կատարեր են: Այդ ժամանակ քշոցը ծառայեր է որպէս ճանճ, միջատ քշելու միջոց: Հետագային քշոցին դերը փոխուեր է, եւ ան դարձեր է ուրախ նուագարան` սուրբ պատարագին մասնակցող դպիրներուն ձեռքին:
Մետաղեայ սկաւառակաձեւ քշոցը ամրացուած է փայտէ երկար (1,5 – 2 մ) կոթի վրայ: Սկաւառակին երկու կողմերու ծայրերուն պատկերուած են հրեշտակներ, իսկ կեդրոնը` վեցթեւեան հրեշտակներ` խորհրդանշելով քշոցին այլաբանական դերը` հրեշտակներու ներկայութիւնը սուրբ խորանին:
Քշոցին եզրերը զարդարուած են բոժոժներով, որոնք արարողութեան խորհրդաւոր պահերուն դպիրներուն կողմէ շարժուելով զուարթ հնչիւններ կ՛արձակեն` խորհրդանշելով հրեշտակներուն փառաբանութիւնը:
Քշոցը կը գործածուի յատկապէս սուրբ պատարագին ընթացքին, ան նաեւ կ՛օգտագործուի որպէս դպրաց դասի երգեցողութեան ընկերակցող գործիք` ստեղծելով յաւելեալ խորհրդաւորութիւն` որոշ կշռոյթ տալով ս. պատարագի երգեցողութեան:
Հագուստի Մը Պատմութիւնը
«Վրէժխնդրութեան Զգեստը»
Յառաջիկայ դեկտեմբեր 9-ին Նիւ Եորքի մէջ աճուրդի պիտի դրուի արքայադուստր Տայանայի սեւ մետաքսեայ զգեստը, որ ծանօթ է «Վրէժխնդրութեան զգեստ» անուանումով:
Ոճաբան Քրիսթինա Սթամպոլեանի հագուստին արժէքը գնահատուած է 150-300 հազար տոլար: Ան Սութպիզի կողմէ նախքան աճուրդի դրուիլը պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի, Հոնկ Քոնկի եւ Ժընեւի մէջ:
Տայանա իշխանուհին այս հագուստը կրեր էր 29 յունիս 1994-ին, Vanity Fair-ի երեկոյթին: Նոյն օրը պատկերասփիւռէն սփռուեր էր իր նախկին ամուսինին` Չարլզին հարցազրոյցը, ուր ան խոստովաներ էր ամուսնութեան ընթացքին դաւաճանութեան մասին:
Սկիզբը իշխանուհին ծրագրեր էր երեկոյթին ուրիշ հագուստ կրել, սակայն վերջին պահուն միտքը փոխեր է: Ստամպոլեանի բաց ուսերով հագուստը շուրջ 3 տարի մնացեր է զգեստապահարանին մէջ, քանի որ Տայանան զայն շատ համարձակ համարեր էր…
Vanity Fair-ի ելոյթէն ետք սեւ հագուստը յայտնի դարձաւ որպէս «Վրէժխնդրութեան զգեստ» եւ վերածուեցաւ բաժանումէն ետք ինքնավստահ հանրային կերպարի խորհրդանիշի:
1997-ին արքայադուստրը զգեստը աւելցուց 79 այլ զգեստներու ցանկին` բարեգործական աճուրդի նպատակով:
Յառաջիկայ դեկտեմբեր 9-ին Սութպիզի աճուրդէն ստացուած գումարին մէկ մասը պիտի փոխանցուի NHS Lothian Charity-ին:
6 Տարածուած Սխալ Պատկերացումներ
Մարզանքի Մասին
Երբ խօսքը մարզանքի եւ մարզուելու մասին է, բոլորը տարբեր կարծիքներ ունին: Արդիւնքը` մենք յաճախ կը լսենք հակասական յայտարարութիւններ: Ահա 6 տարածուած սխալ պատկերացումներ, որոնք վերլուծուած եւ հերքուած են:
1
Պէտք է տառապիլ, որպէսզի մարզանքը արդիւնաւէտ ըլլայ:
ՍԽԱԼ: Մարզուիլ չի նշանակեր դուն քեզի վնասել եւ ուժասպառ ըլլալ: Չափաւոր, բայց հետեւողական աշխուժութիւնը նոյնքան օգտակար է: Վնասուածքներէ խուսափելու համար կարեւոր է ականջ տալ մարմնին եւ զերծ մնալ ծայրայեղութենէ:
2
Որքան շատ քրտինք, այնքան շատ ճարպ եւ ծանրութիւն կը կորսնցնենք:
ՍԽԱԼ: Քրտինքը ջերմակարգաւորման գործընթաց է, եւ ոչ թէ ճարպի կորուստի ցուցիչ: Ֆիզիքական վարժութիւններէն ծանրութեան կորուստը հիմնականին մէջ կապուած է այրած ջերմուժերու հետ, եւ ոչ թէ քրտինքի:
3
Պարապ ստամոքսով մարզուիլը աւելի շատ ճարպ կ՛այրէ:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ: Այո՛, անօթի ստամոքսով մարմինը աւելի շատ կ՛օգտագործէ իր ճարպային պաշարը: Սակայն ասիկա բոլորին համար յարմար չէ: Անհրաժեշտ է ֆիզիքական լաւ վիճակ, յատկապէս սկսնակներուն համար. հետեւաբար թելադրելի է մարզումէն առաջ թեթեւ ուտել:
4
Աւելի լաւ է մարզուիլ առաւօտեան:
ՍԽԱԼ: Չկայ համընդհանուր լաւագոյն ժամանակ: Լաւագոյն ժամանակը այն է, երբ անձը հոգեպէս պատրաստ է եւ խանդավառ: Որոշ մարդիկ աւելի արդիւնաւէտ են առաւօտեան, ուրիշներ` կէսօրին կամ երեկոյեան: Կարեւորը հետեւողականութիւնն է:
5
Որովայնի վարժութիւնները կ՛օգնեն հալեցնելու որովայնի ճարպը:
ՍԽԱԼ: Նպատակային վարժութիւնները տեղային ճարպը չեն հալեցներ: Որովայնի վարժութիւնները կ՛ամրացնեն որովայնի մկանները, բայց ճարպը հալեցնելու համար անհրաժեշտ են հաւասարակշռուած սննդականոն եւ ընդհանուր ֆիզիքական աշխուժութիւն:
6
Պէտք է օրական մարզուիլ:
ՍԽԱԼ: Հանգիստը մարզանքին մաս կը կազմէ: Ան մարմնին առիթ կու տայ վերականգնելու եւ ամրապնդուելու: Շաբաթական երեքէն հինգ մարզումը աւելի քան բաւարար է: Մնացեալ օրերուն կարելի է քալել, իսկ ուժեղ ճիգ պահանջող մարզումները բաժնել շաբթուան 3 օրերուն վրայ:
Սննդագիտական – Առողջապահական
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Գիտնականներ կը հաստատեն, որ եփած լոլիկը շատ աւելի ազդու է քաղցկեղը կանխարգիլելու իմաստով, քան` թարմը: Թէեւ եփի պատճառով կը նուազին կարգ մը կենսանիւթերու քանակը, սակայն փոխարէնը կ՛աւելնայ լիքոփենի (լոլիկին իւրայատուկ կարմիր գոյնը պայմանաւորող նիւթ) քանակը եւ իւրացումը:
Լիքոփենը զօրաւոր հակաօքսիտան է, կը պաշտպանէ անօթները, կը պայքարի բջիջներու ծերացման դէմ, կ՛արգիլէ չարորակ ուսուցքներու յառաջացումը:
* * *
– Ամերիկացի սննդագէտներու կարծիքով, ծաղկակաղամբը այն միակ բանջարեղէնն է, որ իր մէջ կը պարունակէ մեր մարմնին անհրաժեշտ բոլոր կենսանիւթերն ու հանքայինները:
Ծաղկակաղամբը կը պաշտպանէ սրտի առողջութիւնը շնորհիւ sulforafane կոչուող նիւթին, որ կը բարելաւէ արեան ճնշումը եւ երիկամներուն աշխատանքը:
Sulforafane նաեւ կ՛օգնէ դանդաղեցնելու քաղցկեղային ուռուցքի աճը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կրծքագեղձի, շագանակագեղձի, հաստ աղիքի, միզապարկի, լեարդի եւ թոքի քաղցկեղներուն:
* * *
– Կծու ուտելիքներու օգտագործումը (առնուազն` շաբաթը երեք անգամ) զգալիօրէն կը պաշտպանէ քաղցկեղէ եւ սրտի հիւանդութիւններէ վաղաժամ մահանալու վտանգէն:
Օքսֆորտ համալսարանի, Հարվըրտ առողջապահական դպրոցի եւ Բժշկական գիտութիւններու չինական ակադեմիայի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ շաբաթական 2-3 անգամ կծու ուտելիքներ օգտագործողներուն մօտ մահուան հաւանականութիւնը 14 տոկոսով նուազ է, քան` անոնց մօտ, որոնք հազուադէպօրէն կծու կ՛օգտագործեն:
Հետազօտողները ուսումնասիրած են 30 – 79 տարեկան 487 հազար չիներ: Հետազօտութեան ընթացքին բոլոր կամաւորները մանրամասնօրէն պատմած են իրենց սննդական նախընտրութիւններուն եւ ընդհանուր ինքնազգացողութեան մասին: Անոնց մօտէն հետեւած են 7 տարի, եւ այդ ընթացքին մահացած է 20.224 մարդ: Մահացածներուն մեծ մասը գրեթէ չէ օգտագործած կծու ուտելիքներ:
* * *
– Ամերիկացի գիտնականներ տարիներու վրայ երկարած հետազօտութիւններու արդիւնքներուն վրայ հիմնուելով` եկած են այն եզրակացութեան, որ հաւկիթը եւ անով պատրաստուած ուտեստները դրական մեծ ազդեցութիւն ունին ուղեղին վրայ:
Բնասպիտով, Օմեկա-3-ով, այլազան կենսանիւթերով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ հաւկիթը կ՛օգնէ ուղեղի անօթներու առողջութեան եւ բնականաբար զայն կը պաշտպանէ կաթուածէ:
Գիտնականներուն կարծիքով, օրական մէկ հաւկիթ ուտելը 12 առ հարիւրով կը նուազեցնէ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը:
Խոհագիր
Պապա Ղաննուժը Մատուցելու
Հետաքրքրական Տարբերակ
– Պապա ղաննուժ (տունը պատրաստուած կամ շուկայէն պատրաստ գնուած)
– 1 միջակ կլոր սմբուկ (կտրատուած եւ տապկուած)
– 1 սուրճի գաւաթ կտրատուած ընկոյզ
– 1 սուրճի գաւաթ նուռի հատիկ
– 1 սուրճի գաւաթ մանրուած ազատքեղ
– Նուռի թթու` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ տարածել պապա ղաննուժը: Աւելցնել խորանարդաձեւ կտրատուած, տապկուած սմբուկը, ապա յաջորդաբար` ընկոյզը, նուռի հատիկները եւ մանրուած ազատքեղը: Ընթացքին աղել` ըստ ճաշակի: Վերջապէս, երեսը զարդարել նուռի թթուով:
Թէեւ պապա ղաննուժը ձիթապտուղի ձէթով կը մատուցուի, սակայն այս պարագային կարելի է զանց ընել` տրուած ըլլալով, որ արդէն սմբուկը տապկուած է:
***
Շաբթուան Մտածումը
… Ցաւալին այն է, որ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ այդ խժալուր հայերէնով խօսելը մի տեսակ շիկ է համարւում, «մոտեռն» երեւալու ամենակարեւոր յատկանիշներից մէկը:
Եկէք չմոռանանք, որ հայրենիքը նաեւ լեզուն է: Ուրեմն, սիրենք եւ յարգենք նաեւ լեզուն: Յիշենք, որ լեզուն միայն մերը եւ մեր ընտանիքինը չէ:
Լեզուն ազգային հարստութիւն է, ինչպէս հայրենի հողը, հայրենական յուշարձանները, երկրի ընդերքն ու նրա գանձերը:
Նախնիներից յաջորդներին կտակած եւ դարերում տոկոս առ տոկոս աւելացրած ու մեզ աւանդուած տոհմական ժառանգութիւն է այն:
Իւրաքանչիւրիս պարտքն է` եթէ ոչ աւելացնել, ապա չվատնել այդ ժառանգութիւնը, պահել-պահպանել եւ յանձնել գալիք սերունդներին:
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ





