Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ ինչ կ՛ըսեն բնազդները ձեր մասին: Երբեմն նոյնիսկ ամէնէն փոքր որոշումները, օրինակ` սեղանին շուրջ նստելու վայրը, կրնան բացայայտել ձեր անհատականութեան թաքնուած կողմերը: Եւ այսպէս`
Դուք կը մտնէք սենեակ մը, ուր կայ երկար սեղան, տաք բուխերիկ եւ ինը աթոռ: Մէկ հոգի արդէն նստած է: Հարցում` ո՞ր աթոռը կ՛ընտրէք… Առաջին հայեացքով «պատահական որոշում» թուող ձեր ընտրութիւնը, խորքին մէջ կ՛արտացոլացնէ ձեր յարմարաւէտութեան գօտին եւ ընկերային վարքագիծը:
- Եթէ ընտրեցիք թիւ 1 կամ 2 աթոռը, ընկերային անձ էք:
Տրուած ըլլալով, որ դուք ընտրեցիք նստած անձին մօտակայ աթոռը, դուք բաց եւ մատչելի մէկն էք: Դուք կը սիրէք զրուցել, հաղորդակցիլ, բանակցիլ… կը գնահատէք մարդկային կապերը եւ լարուածութեան պահերուն յաճախ դուք էք լռութիւնը խախտողը եւ երկխօսութիւն ստեղծողը:
- Եթէ ընտրեցիք թիւ 3 կամ 4 աթոռը, հաւասարակշռուած անձ էք: Մարդուն մօտ, բայց ոչ չափազանց մօտ նստիլը, կը վկայէ հաւասարակշռուած անհատականութիւն:
Դուք ընկերային էք. բայց նաեւ կը յարգէք սահմանները` ե՛ւ ձերը, ե՛ւ ուրիշներունը: Դուք կը նախընտրէք դիտարկել` նախքան ամբողջովին ներգրաւուիլը, եւ կարեւոր կը նկատէք իմաստալից յարաբերութիւնները եւ ոչ թէ մակերեսային զրոյցները:
- Եթէ ընտրեցիք 5 կամ 6 աթոռը, դուք անկախ մտածող էք:
Աւելի հեռու նստատեղ ընտրելը յաճախ անկախութիւն կ՛արտացոլացնէ: Դուք յարմարաւէտ կը զգաք առանձին եւ անընդհատ յարաբերելու անհրաժեշտութիւն չէք զգար:
Մարդոց հետ կը յարաբերիք ձեր սեփական պայմաններով` գերադասելով անձնական տարածքն ու ազատութիւնը:
- Եթէ ընտրեցիք 7 կամ 8 աթոռը, յարմարաւէտութիւն փնտռող անձ էք: Բուխերիկին մօտ գտնուող աթոռները կը խորհրդանշեն ջերմութիւն եւ յուզական անվտանգութիւն:
- Եթէ ընտրած էք այս տարբերակներէն մէկը, դուք առաջնահերթութիւն կու տաք յարմարաւէտութեան, խաղաղութեան եւ յուզական կայունութեան: Կը նախընտրէք հանգիստ միջավայրեր` հեռու վէճերէ եւ բախումներէ:
Հոգեբանին Կարծիքով
«Մի՛ Լար, Տղայ Ես…»
«Մի՛ լար, դուն տղայ ես», «Եթէ քեզի զարնեն, դո՛ւն ալ զարկ, դիմացիր»… Ասոնք սովորական նախադասութիւններ կը թուին, մինչդեռ անոնց ետին լուռ բռնութիւն կայ:
Հոգեբանին կարծիքով, երբ մանչուկին մի՛ լար կ՛ըսենք, մենք զինք չենք հանգստացներ, փոխարէնը` մենք անոր կ՛արգիլենք արտայայտել իր զգացումները:
Միւս կողմէ, երբ կ՛ըսենք դուն տղայ ես, երեխան չենք զօրացներ. մենք պարզապէս կ՛ըսենք` քու ցաւդ կարեւոր չէ, քու վախդ թոյլատրելի չէ, քու արցունքդ ամօթ է:
Իսկ երբ երեխային կ՛ըսենք` քեզի զարնողին դո՛ւն ալ զարկ, երեխային կը սորվեցնենք, որ խնդիրները կը լուծուին բռնութեամբ: Յետոյ կը զարմանանք, երբ չափահաս տարիքին անոր զայրոյթը կը դառնայ մշտական, ան կը դժուարանայ խօսելու իր զգացումներուն մասին, մարդոց հետ յարաբերութիւններուն մէջ կը պատահի յաճախ պայթում…
Լացող երեխային յուզումը անտեսելու փոխարէն` կրնաք անոր ըսել.
- Կը տեսնեմ դուն տխուր ես:
- Դուն կրնաս լալ:
- Ես պատրաստ եմ քեզ լսելու:
- Քու զգացումներդ կարեւոր են ինծի համար:
Երբ երեխային թոյլ կու տանք, որ լայ, մենք զինք չենք տկարացներ, մենք անոր կը սորվեցնենք ինքնաճանաչում եւ ինքնակարգաւորում: Այսպիսի տղան կը մեծնայ ոչ թէ կռուազան, այլ` ինքնավստահ եւ պատասխանատու մարդ:
Նորաձեւութիւն
2026-ի Ձմեռնային
Նորաձեւութեան Միտումները
Ամիսներ առաջ Նիւ Եորքի, Լոնտոնի, Միլանոյի եւ Փարիզի նորաձեւութեան շաբաթներուն ընթացքին բացայայտուեցան յառաջիկայ ձմրան նորաձեւութեան միտումները: Ստորեւ` մէկ քանի մը հատը:
Ձագարաձեւ օձիքով (Funnel neck) բաճկոնները շատ նորաձեւ, բայց մանաւանդ գործնական ու ցուրտէն պաշտպանող տարբերակներ են, լայն ճինզերու կամ երկար բացուածքով շրջազգեստներու հետ կրելու համար:
Այս ձմրան կօշիկի 2 տիրական ոճ կայ: kitten-heel-ը (2.5 – 5 սմ. բարակ կրունկով կօշիկներ) եւ V (վէ.) բացուածքով տափակ պալըրինները: Երկու յարմարաւէտ ոճեր, յատկապէս` բարձրակրունկներէ խուսափող կիներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի ճինզ տաբատներուն, դասականին կողքին, շատ լայն, տակառաձեւ տարբերակները` barrel jeans-երը այս ձմեռ եւս շատ նորաձեւ են:
Carreaux, ecossais նախշերը մեծ թափով վերադարձած են, ձմեռնային վերարկուներուն, բաճկոններուն, շալերուն, տաբատներուն եւ փէշերուն գոյն եւ եռանդ հաղորդելու համար:
Գալով աքսեսուարներուն` պայուսակ, մոյկ, գօտի եւ այլն, փայլուն կոկորդիլոսի նախշը տիրական է: Ոճաբաններուն մէկ կարեւոր մասը հրաժարած է ոսկեզօծ լոկոներէն` առաջնահերթութիւնը տալով պարզ, բայց միեւնոյն ատեն թանկարժէք տեսք հաղորդող կոկորդիլոսի նախշին:
2026-ի ձմրան նորաձեւ գոյները շատ են: Նորաձեւութեան շաբաթներու ցուցադրութիւններէն դատելով, կարելի է ըսել, թէ կարմիրը, մանիշակագոյնը, մոխրագոյնը, դեղինը, տուրմ-շագանակագոյնը եւ անշուշտ սեւը կը մնան տիրական գոյներ:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Գաղտնիք չէ, որ պտուղներն ու բանջարեղէնները մեր առողջութեան դաշնակիցներն են: Որպէս կենսանիւթերու, հանքանիւթերու եւ մանրաթելերու աղբիւր` անոնք կարեւոր դեր կը խաղան մեր առողջութեան եւ կեանքի որակի պահպանման մէջ: Այսուհանդերձ, կան սխալ կարծիքներ, որոշ պտուղներու եւ բանջարեղէններու վերաբերող: Եկէք ծանօթանանք քանի մը հատին:
- ԿՐԻՖՈՆ-ը ճարպ կ՛այրէ:
Սխալ: Կրիֆոնը ունի բազմաթիւ առողջական օգուտներ. ան կը կարգաւորէ անօթութիւնը, կը կայունացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը եւ կը բարձրացնէ եռանդը: Թէեւ ան քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, սակայն ցարդ ապացուցուած չէ, որ ան ճարպ այրելու յատկութիւն ունի: Կրիֆոնը հարուստ է հակաօքսիտաններով, ան Ա., Պէ., ՍԷ. եւ ԷՕ. կենսանիւթերու կարեւոր աղբիւր է:
- ՊԱՆԱՆ-ը կը գիրցնէ:
Սխալ: Թէեւ պանանը ծանօթ է իր բարձր ջերմուժի պարունակութեամբ, սակայն կարելի չէ զայն դասել գիրցնող պտուղներու շարքին. պարզապէս պէտք չէ չարաշահել անոր օգտագործումը: Գիտէ՞ք, թէ` որքան աւելի հասուն ըլլայ պանանը, այնքան աւելի քաղցր կ՛ըլլայ: Հետեւաբար, բաց դեղին պանանը նուազ շաքար կը պարունակէ, քան մութ դեղինը:
- ՆԱՐԻՆՋ-ը ամէնէն շատ Սէ. կենսանիւթ պարունակող պտուղն է:
ՍԽԱԼ: Քիվին աւելի շատ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ, քան նարինջը: Այսպէս` 100 կր. նարինջը կը պարունակէ 53 մկ. Սէ. կենսանիւթ, մինչ քիվին` 93 մկ.: Հոս եւս քանակը կարեւոր դեր կը խաղայ. մէկ նարինջը աւելի կը կշռէ, քան մէկ քիվին, եւ բնականաբար աւելի շատ Սէ. կենսանիւթ կը հայթայթէ, քան մէկ քիվին: Նոյն համեմատութեամբ Սէ. կենսանիւթ ստանալու համար պէտք է առնուազն 2 քիվի ուտել:
- ՍՏԵՊՂԻՆ-ը պնդութիւն կը պատճառէ:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ: Պնդութեան պարագային լաւագոյնն է հում ստեպղինը, մինչ փորհարութեան պարագային` ստեպղինի խիւսը կամ ապուրը:
- ՇՈՄԻՆ-ը երկաթով ամէնէն հարուստն է:
ՍԽԱԼ: Երկաթի համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր է ոսպին մէջ (իւրաքանչիւր 100 կր.-ի մէջ 3 – 3.5 մկ. երկաթ): Այսուհանդերձ շոմինը կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով ամէնէն հարուստ բանջարեղէններէն մէկն է` ֆոլաթթու, մակնեզիոմ, Ա., ՔԱ., Պէ. 6 կենսանիւթերով:
- ՍԽՏՈՐ-ը բնական հակապիոթիք մըն է:
ՃԻՇԴ Է, բայց սահմանափակ: Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ սխտորին պարունակած «ալիսին»-ը իսկապէս ունի մանրէասպան յատկութիւն, սակայն զգո՛ւշ, սխտորը չի կրնար փոխարինել բժիշկին կողմէ նշանակուած հակապիոթիքային բուժումը: Այնուամենայնիւ, ան կրնայ ըլլալ բնական միջոց` դիմադրողական համակարգը ամրապնդելու եւ առողջ սննդակարգը ամբողջացնելու:
Խոհագիր
Միջերկրածովեան
Գունագեղ Աղցան
3 վարունգ (խորանարդաձեւ կտրատուած)
2 գաւաթ «չերի» լոլիկ (կիսուած)
1 փոքր կարմիր սոխ (բարակ շերտուած)
1 գաւաթ սեւ եւ կանաչ ձիթապտուղ (կորիզազերծուած)
150 կր. ֆեթա պանիր (խորանարդաձեւ կտրատուած կամ փշրուած)
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
1 ապուրի դգալ թարմ խնկածաղիկ (օրեկանօ)
1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ անանուխ
Թացանին համար`
Քառորդ գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
2 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 թէյի դգալ մանանեխ
1 պճեղ սխտոր (մանր կտրատուած)
1 թէյի դգալ չոր խնկածաղիկ
Կէս թէյի դգալ աղ
Կէս թէյի դգալ մեղր կամ շաքարաւազ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել վարունգը, լոլիկը, սոխը, ձիթապտուղը, ֆեթա պանիրը, ազատքեղը, անանուխն ու թարմ խնկածաղիկը:
Փոս ամանի մը մէջ լեցնել թացանին բաղադրիչները եւ լաւապէս հարել միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար:
Աղցանը մատուցելէ քառորդ ժամ առաջ թացանը աւելցնել աղցանին, զգուշութեամբ խառնել, փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ մատուցել:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այց Հին Պարտէզին
Նստած եմ մինակ ու մտիկ կ՛ընեմ
Ոտնաձայնը բութ` փախչող օրերուն…
Մեկնէին անոնք ձմրան հովին հետ
Ու դառնային ե՛տ, իբրեւ նոր գարուն:
Հունչն իսկ այս բառին կը տանի զիս ե՛տ,
Ու կը տեսնեմ ես պարտէզ մը հեռուն,
Ուր մանկութիւնս իմ թիթեռ մ՛էր անփոյթ,
Որ ծաղկէ-ծաղիկ կ՛անցնէր օրն ի բուն:
Պարտէզը պատեց հրդեհ մը յանկարծ…
Բոցին մէջ որուն սուզուեցաւ անհետ
Մանկութիւնս իմ վաղ, դեռ նոր բացած թեւ,
Ու դարձաւ մոխիր` ծաղիկներուն հետ:
Հիմա որ ճամբո՛րդ մըն եմ յոգնաբեկ,
Ու դժուար կ՛առնեմ քայլերս վերջին,
Ես միայն միտքո՛վ կ՛ըլլամ այցելուն
Իմ մանկութեանս հետ այրա՛ծ պարտէզին:
ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆ







