Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բոլորս ալ կը ձգտինք երկար եւ առողջ կեանքի: Այնուամենայնիւ, մեր ամէնօրեայ որոշ սովորութիւնները կրնան վտանգել մեր բարեկեցութիւնը: Ահա այն 6 սխալ վարքագիծները, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել:
1.- Ընկերային Յարաբերութիւններ Չզարգացնելը
Հաստատուած է ընկերային յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը մեր ուղեղին եւ երկարակեցութեան համար: Հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ դրական մարդոց հետ կանոնաւոր յարաբերութիւնները օգտակար են հոգեկան առողջութեան եւ երկարակեցութեան համար:
COVID – 19 համավարակի ընթացքին մեկուսացումը ցոյց տուաւ իր բացասական ազդեցութիւնը ճանաչողական կարողութիւններուն վրայ: Հետեւաբար կարեւոր է պահպանել կանոնաւոր ընկերային յարաբերութիւններ, յատկապէս` դրական եւ ուրախութիւն պատճառող մարդոց հետ:
2.- Ֆիզիքական Վարժութիւնները Անտեսելը
Ֆիզիքական վարժութիւնները մեր բարեկեցութեան հիմնական յենասիւններն են: Անոնք կը բարելաւեն տրամադրութիւնը, կը կարգաւորեն ծանրութիւնը, կ՛ամրացնեն ոսկորներն ու սիրտը եւ կը խթանեն ուղեղին աշխատանքը:
3.- Ծխելը
Ծխելը կապուած է բազմաթիւ լուրջ հիւանդութիւններու հետ` թոքերու քաղցկեղ, սրտանօթային հիւանդութիւններ եւ այլն… Ճիշդ է, որ կախուածութիւնը կը դժուարացնէ ծխախոտէն հրաժարումը, բայց առնուազն փորձելը կամ պակսեցնելը առաջին դրական քայլերն են:
4.- Անհաւասարակշռուած Սննդակարգ Որդեգրելը
Առողջ սննդակարգը, ինչպիսին է ձուկով, պտուղներով, բանջարեղէններով ամբողջական հացահատիկներով հարուստ միջերկրածովեան սննդակարգը, օգտակար է երկարակեցութեան համար:
Մասնագէտները կը շեշտեն վերամշակուած սնունդի օգտագործումը կրճատելու եւ բնական սնունդի ընտրութեան կարեւորութիւնը:
5.- Անբաւարար Քնանալը
Քունի պակասը լուրջ հետեւանքներ ունի` մտածողութեան, յիշողութեան եւ դատողութեան կորուստ եւ սրտի հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգէ բարձրացում: Անհրաժեշտ է քնանալ 7-9 ժամ:
Անքնութեան պատճառները բազմազան են, ի հարկին կ՛արժէ դիմել մասնագէտի խորհուրդին:
6.- Ընկճախտի Կուտակումը
Քրոնիկ ընկճախտը կործանարար ազդեցութիւն ունի մարմնին վրայ` ազդելով դիմադրողական համակարգին, նիւթափոխանակութեան եւ արեան ճնշումին վրայ:
Կարեւոր է կառավարել ընկճախտը` խորհրդակցելով հոգեկան առողջութեան մասնագէտի հետ կամ հնարաւորութեան չափով վերացնել ընկճախտի աղբիւրները: Ընկճախտի արդիւնաւէտ կառավարումը զգալիօրէն կը բարելաւէ կեանքի որակը:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է իր տրամադրութեան որակին: Կայ կարծիք, որ օրուան ընթացքին մեր գործած կարգ մը «անմեղ» սովորութիւնները կուտակուելով` կը փճացնեն մեր տրամադրութիւնը: Երբ մեր շուրջ ամէն բան դասաւորուած է եւ կոկիկ, մենք աւելի լաւ տրամադրուած կ՛ըլլանք, մինչդեռ հակառակը մեզ կը դարձնէ ջղագրգիռ եւ անտրամադիր:
Ստորեւ ցանկը` այն «անմեղ» համարուած սովորութիւններուն, որոնցմէ մասամբ կախեալ է մեր տրամադրութիւնը.
– Առտու տունէն մեկնիլ առանց մահճակալը կոկելու,
– Թափթփած ննջասենեակի մէջ քնանալ,
– Թափթփած գրասեղանի առջեւ աշխատիլ,
– Մութ եւ ապականած սենեակի մէջ օրուան մէկ կարեւոր մասը անցընել:
– Ծխել եւ ապականած սենեակի մէջ աշխատիլ, պատկերասփիւռ դիտել, քնանալ…
– Բջիջային հեռախօսը բարձին քով դրած քնանալ,
– Խոհանոցի լուացարանին մէջ աղտոտ պնակները դիզել օրերու վրայ,
– Ոչ պիտանի գնումներ ընել, ապա զղջալ…
Կ՛արժէ մտածել…
Մժեղները Վանելու Բնական Եւ Բուրաւէտ Միջոցներ
Ամրան անկոչ հիւրերը` մժեղները, իրենց բզզոցով եւ խայթոցով նուաճած են մեր բնակարանները: Զանոնք վանելու միջոցները բազմազան են, սակայն այսօր նախապատուութիւնը պիտի տանք բնական տարբերակներուն` խուսափելու համար քիմիական միջոցներու բացասական հետեւանքներէն: Անհրաժեշտ է ձեռքի տակ ունենալ`
– Կանաչ կամ դեղին առողջ կիտրոն,
– 10-15 մեխակի գամ,
– Մոմ,
– Փայտէ ձողիկներ:
Պատրաստութեան համար կիտրոնը երկուքի կիսել, կէսերէն մէկուն վրայ մեխակի գամեր հաստատել, իսկ կեդրոնը` պզտիկ մոմ մը:
Փայտեայ ձողիկներու միջոցով երկու կէսերը իրարու միացնել եւ մոմը վառել:
Թելադրելի է կիտրոնը տեղադրել ապակեայ կամ հողէ ամանի մը վրայ` արկածներէ խուսափելու համար:
* * *
Երկրորդ բնական միջոցը աւելի պարզ է, ապակեայ շիշի մը կամ գաւաթի մը մէջ կիտրոնի շերտեր, ջուր, խնկունիի ճիւղ մը (կամ ռեհանի տերեւներ) եւ վառած մոմ մը զետեղել:
Կիտրոնին, խնկունիին, ռեհանին եւ մեխակի գամի բոյրերը ազդու զէնքեր են մժեղներուն դէմ:
Գիտէ՞ք, թէ…
Գիտնականներու կարծիքով, մժեղի խայթոցի աւելի հակամէտ են`
– Այն անձերը, որոնց արեան մէջ շաքարի մակարդակը բարձր է: Մժեղները կը սիրեն քաղցր արիւնը:
– Մարզիկները, քանի որ անոնց մարմինը կաթնաթթու կ՛արտադրէ, ինչ որ գրաւիչ է մժեղներուն համար:
– Գէր անձերը, քանի որ անոնք ածխաթթու կազ կ՛արտաշնչեն, իսկ մժեղները կ՛ախորժին այդ կազէն:
– Առաջին խումբի արիւն ունեցողները:
Սննդագիտական
5 Կանաչ Բանջարեղէն` Երկաթի, Կիրի
Եւ Կենսանիւթերու Պակասը Լրացնելու Համար
Մշտական յոգնածութիւն, դիմադրողականութեան թուլացում, ոսկորներու փխրունութիւն… ասոնք նշաններ են, որ դուք որոշ կարեւոր սննդանիւթերու պակաս ունիք: Այս պակասութիւնները կանխելու (կամ սրբագրելու) համար սննդաբանները կ՛առաջարկեն 5 տերեւաւոր կանաչեղէն, որոնք կենսանիւթերու եւ հանքանիւթերու իսկական հզօր աղբիւրներ են:
Երկաթ, կիր, Սէ. եւ ՔԱ. կենսանիւթեր եւ ֆոլաթթու… իւրաքանչիւր տերեւաւոր բանջարեղէն ունի իր իւրայատուկ օգտակար յատկութիւնները, եկէ՛ք, ծանօթանանք.
Երկաթի Անբաւարարութիւն.
Շոմինին նման երկաթով հարուստ քիչ բանջարեղէն կայ: Թէեւ Փոփէյին առասպելը չափազանցութիւն կը համարուի, այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր 100 կ շոմինի մէջ 3,6 միլիկրամ երկաթ կայ: Այս հանքանիւթը կարեւոր է հեմոկլոպինի միջոցով մարմնին մէջ թթուածին տեղափոխելու համար: Շոմինը նաեւ կը պարունակէ ՔԱ. եւ Ա. կենսանիւթեր, որոնք կենսական են արեան լերդացման եւ դիմադրողական համակարգի աջակցութեան համար:
Կիրի Անբաւարարութիւն.
Երկար ժամանակ կաթնամթերքները կը վայելէին կիրի մենաշնորհը, բայց ի յայտ եկաւ, որ կարգ մը տերեւաւոր բանջարեղէններ, ինչպիսիք են` կաղամբը (որ նաեւ ՔԱ. կենսանիւթ կը պարունակէ), ջրկոտեմը (որ բոլոր տերեւաւոր բանջարեղէններէն ամենահարուստն է Սէ. կենսանիւթով) եւ բանջարը. ասոնք բացի կիրէն` մարմնին կ՛ապահովեն մակնեզիոմի եւ երկաթի բուսական չափաբաժին:
ՔԱ. Կենսանիւթի Անբաւարարութիւն.
Ոսկորներու առողջութեան եւ արեան լերդացման համար անհրաժեշտ ՔԱ. կենսանիւթով հարուստ են` կաղամբը, գանգուր կաղամբը եւ ջրկոտեմը: Զանոնք պէտք է օգտագործել կերակուրներու, աղցաններու եւ նոյնիսկ ապուրներու մէջ:
Սէ. Կենսանիւթի Անբաւարարութիւն.
Տերեւաւոր բանջարեղէններուն մէջ ջրկոտեմը կ՛առանձնանայ Սէ. կենսանիւթի բացառիկ հարստութեամբ: Աւելի՛ն. ան հետազօտողներու կողմէ ստացած է «մոլորակի «ամենաառողջ բանջարեղէն» տիտղոսը: Սէ. կենսանիւթը, ինչպէս գիտենք, կ՛ամրապնդէ մարմնին բնական պաշտպանութիւնը եւ կը նպաստէ վէրքերու սպիացման: Ապուրներու եւ աղցաններու մէջ ջրկոտեմ աւելցնելով` Սէ. կենսանիւթի պակաս չէք ունենար, յատկապէս` ձմրան եղանակին:
Պէ.9 Կենսանիւթի Անբաւարարութիւն.
Կանաչ կաղամբը Պէ.9-ի (որ նաեւ ծանօթ է որպէս ֆոլաթթու) կիրի, մանրաթելի արժէքաւոր աղբիւր է: Ֆոլաթթուն յատկապէս կարեւոր է յղութեան ընթացքին, բայց նաեւ` կեանքի այլ փուլերուն, քանի որ ան կենսական դեր կը խաղայ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու կազմութեան, ինչպէս նաեւ` մորթի եւ աղիքային բջիջներու վերականգնման գործընթացին մէջ:
Խոհագիր
Շոմինով Եւ Շերտաւոր Խմորով
Նախուտեստ
– 1 ծրար ուղղանկիւն շերտաւոր խմոր
– 300 կ սառած շոմին, ամբողջական կամ կտրատուած
– 2 պճեղ սխտոր
– 180 կ ֆեթա պանիր
– 1 հաւկիթ
– 1 հաւկիթի դեղնուց
– Շուշմայ` զարդարանքի համար
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն
Սխտորը շատ մանր կտրատել եւ տաք ձէթին մէջ քանի մը վայրկեան դարձնել: Աւելցնել շոմինը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել: Խառնուրդը քամոցի մէջ փոխադրել եւ ձգել, որ պաղի:
Պաղած շոմինին աւելցնել փշրուած ֆեթա պանիրը, հաւկիթը եւ լաւ խառնել:
Բանալ շերտաւոր խմորը, երկար կողմին վրայ տարածել միջուկը եւ գլանաձեւ, ամուր փաթթել: Խմորը սառնարան փոխադրել եւ առնուազն կէս ժամ պահել:
Գլանաձեւ խմորը 5 սմ հաստութեամբ կլոր շերտերու վերածել եւ իրարմէ բաւական հեռու` շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ:
Հաւկիթի դեղնուցով ծեփել երեսները, շուշմայ ցանել, եւ նախապէս 180 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռի մէջ եւ եփել շուրջ 20 վայրկեան:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես կարօտը կախեցի
լռութեան մեխից,
որ չմաշուի ձեռքերումս:
Բայց լռութիւնից
դանդաղ ժանգոտեց մեխը:
Այժմ կարօտը
ամէն գիշեր
ցած է ընկնում պատից,
եւ մեխը ճռռում է այնպէս,
ինչպէս այն դռները,
որոնք ոչ բացւում են,
ոչ էլ կարգին փակւում…
Ամենադժուարը
դրան արանքում մնալն է`
ինչպէս մեխը պատի մէջ`
ոչ ամբողջովին ներս,
ոչ ամբողջովին դուրս,
բայց ամբողջ ծանրութիւնը
իր վրայ պահած…
ՀԵՐՄԻՆԷ



