Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայկական միջնադարեան ձեռագիրներու ամենահետաքրքրական եւ ստեղծագործական երեւոյթներէն մէկը մարդատառերն են: Մարդատառը մարդու մարմնի տեսքով զարդատառ է:
Մանրանկարիչները ոչ միայն բնագիրը կը գրէին, այլեւ իւրաքանչիւր էջ կը վերածէին արուեստի գործի: Մարդատառերու միջոցով անոնք կը միաւորէին` գեղագրութիւնը, նկարչութիւնը եւ խորհրդանշական մտածողութիւնը:
Յաճախ մարդատառերը կը պատկերէին` սուրբեր, թագաւորներ, երաժիշտներ կամ սովորական մարդիկ:
Այսպիսի տառերը ոչ միայն կը զարդարէին ձեռագիրը, այլեւ պատմութիւն կը փոխանցէին ընթերցողին: Հայկական մանրանկարչութեան մէջ մարդատառերը ցոյց կու տան, թէ որքան ստեղծագործ էին մեր միջնադարեան վարպետները:
Աղբիւր` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՒԴԻԱ
Երեխաներու Թիւի Ազդեցութիւնը
Մօր Հոգեկան Առողջութեան Վրայ
Բրիտանիոյ մէջ 37-73 տարեկան աւելի քան 55 հազար կիներու մասնակցութեամբ կատարուած լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ հոգեկան առողջութիւնը պահպանելու համար իտէալական երեխաներու թիւը երկուն է: Հեղինակաւոր Journal of Affective Disorders կողմէ հրապարակուած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ երկու երեխայ ունեցող մայրերը նուազ ենթակայ են տրամադրութեան խանգարումներու, ինչպիսիք են ծանր հոգեկան տագնապը կամ ընկճախտը:
***
Մեր օրերուն մայրերը տակաւին կը կրեն տնային տնտեսութեան մտաւոր բեռին մեծ մասը: Տնային գործերու գրեթէ 70 առ հարիւրը կիներու ուսերուն է: Տղամարդոց հետ բաղդատած` այս անհաւասարակշռութիւնը ինքնաբերաբար կը յանգեցնէ ընկճախտի աճի, որ յատկապէս նկատելի է, երբ ընտանիքը կը մեծնայ:
Բրիտանական հետազօտութիւնը կ՛ընդգծէ, որ երկու երեխաները ներդաշնակ ընտանեկան կեանք պահպանելու իտէալական տարբերակն է` տրուած ըլլալով, որ տան ծախսերը աւելի վերահսկելի կ՛ըլլան, երեխաներուն տրամադրելի ժամանակը` աւելի շատ, իսկ ընտանեկան մթնոլորտը` նուազ տագնապալի:
***
Հոգեբանական առաւելութիւններէն բացի` երկու երեխայով ընտանեկան կառուցուածքը որոշ առաւելութիւններ ունի նաեւ կնոջ ֆիզիքական առողջութեան համար:
Գիտնականներու կարծիքով, երկու յղութիւնը լաւագոյն ընտրանքն է կնոջ մարմնին համար` վերականգնելու իր հորմոնային եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը:
***
Այսուհանդերձ, հետազօտողները կ՛ընդգծեն, որ երկու երեխայ ունենալը չ՛երաշխաւորեր բացարձակ երջանկութիւն կամ ժայռի պէս ամուր հոգեկան առողջութիւն: Ասիկա փոխկապակցուածութիւն է եւ ոչ թէ` պատճառահետեւանքային կապ, ոչ մէկ ուսումնասիրութիւն կրնայ վերջնական վճիռներ արձակել: Հոս շատ գործօններ դեր կը խաղան` յուզական աջակցութեան որակը, ընտանեկան կայունութիւնը, ընտանիքին նիւթական վիճակը, կնոջ հոգեբանական խոցելիութիւնը եւ այլն…
Գեղեցկագիտական
Անանուխով Բաղադրատոմսեր
Դէմքի Մորթի Թարմութեան Համար
Առողջական օգուտներով օժտուած անանուխը նաեւ հրաշալի միջոց է տաք օրերուն ծարաւը յագեցնելու համար պաղ խմիչքներու տեսքով: Գիտէի՞ք, թէ ան նաեւ թարմացնող, խթանող կազդուրող յատկութիւններ ունի մորթին եւ մարմնին համար:
Անանուխը կը մաքրէ մորթը եւ կը դարմանէ բշտիկները` շնորհիւ իր ախտահանիչ յատկութիւններուն: Ան ոչ միայն թարմութեան զգացողութիւն կը հաղորդէ, այլեւ կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը, կը նեղցնէ մորթին ընդլայնած ծակտիկները` հարթ եւ պիրկ տեսք տալով անոր:
Մազերու խնամքին մէջ օգտագործուող անանուխը կ՛օգնէ նուազեցնելու թեփը, մինչ անոր թարմացնող բոյրը բարեկեցութեան եւ հանգստութեան զգացողութիւն կը հաղորդէ:
* * *
Մորթին Ընդլայնած Ծակտիկներուն Համար
Կաթսային մէջ 1,5 լիթր ջուր եռացնել, աւելցնել նոյն չափաբաժիններով թարմ անանուխ, ազատքեղ եւ թարմ ծոթրին: Դէմքը պարզել շոգիին` 5-7 վայրկեան, ապա բամպակի կամ թուղթէ թաշկինակի մը միջոցով մաքրել քրտնած դէմքը:
* * *
Մորթը Թարմացնելու Համար
Շատ մանր մանրել թարմ անանուխի 10-12 տերեւ (անշուշտ` շատ լաւ լուացուած), աւելցնել գաւաթ մը հեղուկ կաթի մէջ: Խառնուրդը սառնարանը պահել ամբողջ գիշեր մը: Յաջորդ օրը խառնուրդը քամոցէ անցընել եւ օգտագործել որպէս դէմքը մաքրող եւ մորթը թարմացնող բնական միջոց: Մնացորդը կարելի է սառնարանը պահել ու յաջորդ օրը օգտագործել:
* * *
Մորթին Բշտիկները Դարմանելու Համար
2 ապուրի դգալ մեղրին աւելցնել 10-12 թարմ անանուխի մանրուած տերեւ, առաւել` 4-5 կաթիլ կիտրոնի հիւթ: Լաւ խառնել եւ ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին վրայ: Սպասել 5-7 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
* * *
Ծանր, Յոգնած Ոտքերու Համար
Երկար օրուան մը աւարտին չկայ աւելի հաճելի բան, քան` ոտքերու լոգանքը:
Պաղ ջուրի մէջ ափ մը թարմ անանուխ եռացնել, քամոցէ անցընել եւ ափ մը քարաղի հետ աւելցնել գաղջ ջուրով լեցուն տաշտի մէջ ու ոտքերը մխրճել շուրջ քառորդ ժամ:
* * *
Մարմինը Հանգստացնելու Համար
Մէկ լիթր եռացող ջուրի մէջ թրմել 3-4 ափ թարմ անանուխ: Ապա զայն աւելցնել լոգարանի ջուրին եւ վայելել շուրջ քառորդ ժամ:
* * *
Վերը նշուած բաղադրատոմսերը, թէեւ բնական, սակայն կրնան տարբեր ազդեցութիւններ ունենալ եւ յառաջացնել մորթի անբաղձալի հակազդեցութիւններ: Դէմքին քսելէ առաջ յանձնարարելի է զանոնք փորձել ձեռքի մորթի պզտիկ հատուածի մը վրայ, յատկապէս եթէ գերզգայուն մորթ ունիք:
Էշարփ Կրելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ էշարփը մի միայն որպէս վզկապ գործածուող աքսեսուար չէ, այլ կան զայն կրելու հետաքրքրական տարբերակներ: Ոճաբաններու կարծիքով, էշարփը կարելի է կրել` որպէս վզնոց, ապարանջան, գօտի, ակնոցի կապ, կանացի պայուսակի զարդ եւ այլն… Հաւանաբար մէկն ու մէկը ձեր ճաշակին է. կ՛արժէ փորձել:
Խոհագիր
Սխտորով Եւ Կիտրոնով
Սփակեթթի
– 350 կ սփակեթթի-դդմաճ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3-4 պճեղ մանր մանրուած սխտոր
– 1 մեծ կիտրոնի հիւթը եւ տաշուքը
– Կէս գաւաթ քերոցէ անցած փարմըզան պանիր
– Կէս գաւաթ դդմաճի եփի ջուր
– Կէս թէյի դգալ աղ
– Կէս թէյի դգալ կարմիր պղպեղի փաթիլներ
– 1/4 գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Զարդարանքի համար`
– Կիտրոնի շերտեր
– Յաւելեալ փարմըզան պանիր
– Մանրուած ազատքեղ
Պատրաստութիւն
Առատ աղ-ջուրի մէջ «ալ տանթէ» խաշել դդմաճը: Քամոցէ անցընելու փոխարէն` զայն փոխադրել երկրորդ կաթսայի մը մէջ, իսկ եփի ջուրը պահել թացանի պատրաստութեան համար:
Կիտրոնին կեղեւը մանր քերոցէ անցընել, նաեւ` քամել հիւթը:
Մեծ տապակի մը մէջ թեթեւ կրակի վրայ տաքցնել ձէթը, աւելցնել սխտորը, պղպեղի փաթիլները, աւելի ուշ` կիտրոնի կեղեւի տաշուքը եւ կիտրոնի հիւթը:
Մէկ կողմ դրուած դդմաճը աւելցնել սխտոր-կիտրոն խառնուրդին, աստիճանաբար աւելցնել 1/4 գաւաթ եփի ջուրէն, անընդհատ խառնել: Եթէ չոր զգացուի, կարելի է 2-3 ապուրի դգալ եւս աւելցնել:
Տապակը կրակէն հեռացնել, դդմաճին աւելցնել փարմըզան պանիրը, լաւ խառնել, մինչեւ որ պանիրը հալի, իսկ դդմաճը փայլուն տեսք ստանայ:
Մատուցել տաք, երեսը զարդարել կիտրոնի շերտերով եւ մանրուած ազատքեղով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այս Ծառը Սուրբ
Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ-դաշտերուն
Լերան վրայ-ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք-պիտի բռնէ անպայման-
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն-ըսես-չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք-ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ-հողն է հպարտ-ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ-
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար- ալեւոր…
Օ՜, տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ



