Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անձրեւոտ Օրերուն Նկատմամբ Ձգողականութիւնը
Շատեր կը նախընտրեն անձրեւոտ օրը` կապոյտ պայծառ երկինքէն: Անոնց հաճոյք կը պատճառէ լսել անձրեւի կաթիլներուն ձայնը, մնալ տունը, գիրք կարդալ կամ ժապաւէն դիտել… Այս գրաւչութիւնը ունի անուն` անձրեւի պաշտամունք:
Հոգեբանութիւնը ուսումնասիրած է այս յատուկ կապը անձրեւոտ օրերուն հետ: Անձրեւին նկատմամբ այս սէրը նաեւ կ՛անուանեն Pluviophilie. այս եզրաբանութիւնը հոգեբանական ախտորոշում կամ հիւանդութիւն չէ. ան պարզապէս կը վերաբերի անձրեւոտ օրերու նկատմամբ ձգողականութեան: Այս պարզ նախընտրութեան ետին ոմանք կը տեսնեն իրենց անձին հետ վերամիաւորուելու հնարաւորութիւն` հեռու սովորական աղմուկէ եւ ժխորէ:
Անձրեւոտ օրը սիրողներուն համար, անձրեւոտ կիրակին իսկական վայելքի օր է. անհրաժեշտ չէ տունէն դուրս գալ, պտոյտ ծրագրել կամ այցելութիւններ կատարել: Անձրեւի կաթիլներուն ձայնին զուգահեռ ընթերցելը, ժապաւէն դիտելը կամ պարզապէս պատուհանէն դուրս դիտելը ինքնաբերաբար հանգստութեան եւ բարեկեցութեան զգացողութիւն կը հաղորդեն:
Այս պահերը վայելող անձերը յարմարաւէտ կը զգան լռութեան պահերուն եւ ինքնադիտարկման հետ:
Եթէ Երկու Անհատ Միշտ Համաձայն Են Ամէն Ինչի Շուրջ…
Կայ արտայայտութիւն` «Եթէ երկու անհատ միշտ համաձայն են ամէն ինչի շուրջ, կը նշանակէ, որ անոնցմէ մէկը կը մտածէ երկուքին համար»: Հոգեբաններու կարծիքով այս արտայայտութիւնը հարցեր կը յառաջացնէ այն զոյգերուն մասին, որոնք երբեք չեն վիճիր: Հազուագիւտ ներդաշնակութի՞ւն, թէ՞ մէկ զուգընկերոջ լուռ ինքնամփոփում, տեւական զիջում կամ համակերպում: Ի՞նչ կը բացայայտէ ամէն ինչի վերաբերեալ լիակատար համաձայնութիւնը:
Յարաբերութիւններուն մէջ երկու անձեր կրնան զիրար սիրել, կիսել արժէքներ` առանց պարտադիր կերպով իւրաքանչիւր հարց նոյն լոյսին տակ տեսնելու: Ամէն ինչի շուրջ մնայուն համաձայնութիւն ակնկալելը անիրատեսական է, կը պնդեն հոգեբանները` աւելցնելով, թէ, երբ անհամաձայնութիւնները ամբողջովին կ՛անհետանան, կը նշանակէ, որ զուգընկերներէն մէկը կը հրաժարի իր կարծիքներէն կամ թոյլ կու տայ միւսին` որոշումներ կայացնել երկուքին համար:
Եզրափակելով` հոգեբանները համոզում կը յայտնեն, որ երկու զուգընկերներ կրնան ունենալ տարբեր ճաշակներ, իրավիճակը տեսնել հակադիր տեսանկիւններէ, բուռն վիճիլ եւ միեւնոյն ատեն միասնական մնալ: Այս անհամաձայնութիւնները կը ստիպեն անոնց զիրար լսել, բանավիճիլ, փոխել իրենց դիրքորոշումները, եւ այլն… Խնդիրը կը սկսի, երբ զուգընկերներէն մէկը կը դադրի իր կարծիքները արտայայտելէ:
Հոգեբանութիւնը այս վիճակը կ՛անուանէ ինքնալռեցում` լռել բախումներէ խուսափելու համար, վախնալով հիասթափեցնելէ ուրիշները, կամ որովհետեւ կը կարծէ, թէ իր կարծիքը կարեւոր չէ:
Ահա, թէ ինչո՛ւ, եթէ երկու անձեր միշտ ամէն ինչի շուրջ համաձայն են, ատիկա իտէալական չէ:
Երեխայի Հոգեբանի Կարծիքով
Ընտրութիւն Կատարելու Բեռը…
Երեխաները ընկճախտի կը մատնէ ոչ թէ ազատութեան պակասը, այլ ընդհակառակը` ամէն ինչ որոշելու բեռը:
– Ի՞նչ կ՛ուզես հագուիլ:
– Ի՞նչ ուտենք այսօր:
– Ինչո՞վ կ՛ուզես խաղալ:
Հոգեբաններու կարծիքով, չափազանց տարբերակներու առկայութիւնը անապահովութիւն եւ շփոթ կը ստեղծէ երեխային մօտ. մինչդեռ նոյն հարցերը կարելի է տալ հետեւեալ ձեւով.
– Կապո՞յտ, թէ՞ ճերմակ շապիկդ կ՛ուզես հագնիլ:
– Դդմա՞ճ, թէ՞ լիցք ուտենք այսօր:
– Կը նախընտրես «լեկօ»-ո՞վ խաղալ, թէ՞ գծել:
Ծնողքին կողմէ ճշդուած սահմանները կը նուազեցնեն երեխային մտաւոր ծանրաբեռնուածութիւնը:
***
Միւս կողմէ, այն երեխան, որ կ՛ըսէ. «Չեմ գիտեր ինչով խաղամ», հոգեբաններու կարծիքով այն երեխան է, որ տասնեակներով խաղալիք ունի իր տրամադրութեան տակ: Չափազանց շատ ընտրութիւնները կրնան դժուարացնել որոշումը եւ շեղել ուշադրութիւնը: Երեխան մէկ խաղալիքէն միւսին կ՛անցնի` առանց կեդրոնանալու ոեւէ մէկուն վրայ:
Հոգեբաններուն կարծիքով, լաւագոյն լուծումը այն է, որ խաղալիքներուն մէկ մասը վերցուի, պահուի, քանի մը շաբաթ ետք կրկին վերադարձուի` փոխարինելով «հիները»` «նորերով»:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
Որպէսզի հազարը երկար ժամանակ թարմ մնայ, զայն երկայնքին կիսեցէք, լուացէք, ցամքեցուցէք եւ ապա ziplock կերպընկալ տոպրակին մէջ դրէք` խոհանոցի թուղթէ թաշկինակով փաթթելէ ետք: Տոպրակը լաւ փակեցէք, իսկ թաշկինակը նորոգեցէք, երբ զգաք, որ թրջուած է:
***
Որպէսզի շագանակագոյն շաքարը երկար դիմանայ ու չքարանայ, հանեցէք իր ծրարէն, փոխադրեցէք կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մէջ` աւելցնելով հացի կտոր մը, նարինջի կեղեւ, խնձորի շերտ մը կամ marshmallow մը:
***
Հասունցած պանանը թափելու փոխարէն զայն օգտագործեցէք որպէս սնուցող մազի դիմակ: Բաղադրիչներ` 1 հասուն պանան, 1 ապուրի դգալ բուսական ձէթ, 1 հաւկիթի դեղնուց եւ կէս թէյի դգալ մեղր:
***
Խոհանոցային սպունգը ախտահանելու համար թաց սպունգը դրէք մանրալիքին մէջ, եւ 3-5 վայրկեան լարեցէք առաւելագոյն հզօրութեամբ: Սպասեցէք, որ պաղի նախքան դուրս բերելը:
***
Գործածուած թէյի ծրարները թափելու փոխարէն զանոնք օգտագործեցէք
– Որպէս բոյսերու բնական պարարտանիւթ:
– Որպէս մարզական կօշիկներու վատ հոտը չէզոքացնող միջոց:
– Որպէս քորը մեղմելու միջոց:
6 Սխալ Սովորութիւններ,
Որոնցմէ Պէտք Է Հրաժարիլ
Սննդական թունաւորումներէ պաշտպանուելու համար կարեւոր է հրաժարիլ այս 6 սխալ սովորութիւններէն:
– 1 –
Շուկայէն բերուած չլուացուած պտուղներն ու բանջարեղէնները սառնարանը դնել մաքուր ուտելիքներու կողքին: Անոնց մանրէները անխուսափելիօրէն պիտի տարածուին սառնարանին մէջ, պիտի վարակեն մնացեալ մթերքները եւ թունաւորումներու դուռ բանան:
– 2 –
Խաւաքարտէ կամ կերպընկալէ ծրարներով շուկայէն բերուած ուտելիքները սառնարանը դնել մնացեալ մթերքներուն հետ: Թելադրելի է ձերբազատիլ այդ ծրարներէն, եւ մէջի ուտելիքները փոխադրել կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ:
– 3 –
Հաւկիթը լուալ նախքան սառնարան դնելը: Այս սովորութիւնը եւս սխալ է եւ անհիմն: Հաւկիթը ներսէն ունի շատ նուրբ թաղանթ մը, որ հաւկիթին դեղնուցն ու ճերմկուցը կը պաշտպանէ կեղեւէն ներս թափանցող մանրէներէն:
– 4 –
Տաք ուտելիքը սառնարան փոխադրելը: Արդարեւ, այդ տաք ուտելիքը կը խախտէ սառնարանին ներսի ջերմաստիճանը, ինչ որ վատ անդրադարձ կ՛ունենայ մնացեալ ուտելիքներուն վրայ:
– 5 –
Միսը կամ հաւը լուալ նախքան սառնարան դնելը: Սխալ է այն համոզումը, որ ջուրին տակ բռնելով միսը կամ հաւը կը մանրէազերծուին: Միակ լուծումը զանոնք լաւ եփելն է:
– 6 –
Խոհանոցի միս կտրելու տախտակը օգտագործել նաեւ բանջարեղէններ կտրատելու համար: Իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ իրեն յատուկ տախտակ. անոնք պէտք է ըլլան տարբեր գոյնի եւ զանազանուին իրարմէ:
Այլազան
Գարեջուրին Օգտակար
Յատկութիւնները
Գարեջուրը աշխարհի ամէնէն հին ըմպելիքներէն մէկն է: Պատասխանատու կերպով օգտագործուելու պարագային, ան կրնայ շարք մը առողջական օգուտներ բերել, մասնաւորապէս` սրտանօթային համակարգի պաշտպանութեան, մարսողութեան եւ ոսկրային փտութեան առումով: Այնուամենայնիւ, անոր օգտակար յատկութիւնները կը չէզոքանան չափէն շատ օգտագործման կապուած վտանգներով, որոնք կրնան ազդել ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ մտաւոր առողջութեան: Գարեջուրի չափաւոր օգտագործում ըսելով պէտք է հասկնալ` օրական 1 բաժակ կիներու պարագային, 2 բաժակ` տղամարդոց: Այնուամենայնիւ, թելադրելի է շաբաթական որդեգրել ոգելից ըմպելիներէ զերծ մնալու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք գարեջուրի չափաւոր օգտագործման գիտականօրէն հաստատուած օգտակար յատկութիւնները:
ա.- Կը պաշտպանէ քրոնիք հիւանդութիւններէ` շնորհիւ հակաօքսիտաններուն:
բ.- Դրական ազդեցութիւն կը գործէ սրտանօթային համակարգին վրայ:
գ.- Կը բարելաւէ մարսողական համակարգը:
դ.- Կ՛ապահովէ ոսկորներուն առողջութիւնը եւ կ՛օգնէ կանխելու օսթէօփորոզը:
ե.- Կ՛ապահովէ երիկամներուն առողջութիւնը:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Բացի խմելէն, գարեջուրը կարելի է օգտագործել առօրեայ կեանքի մէջ որպէս`
– ՄԻՍԸ ՓԱՓԿԱՑՆՈՂ: Բաժակ մը գարեջուրը պարպել համեմուած միսի կտորին վրայ, ձգել 1-2 ժամ նախքան եփելը: Գարեջուրը կը փափկացնէ միսին բնաթելերը, եւ հաճելի համ կը հաղորդէ անոր:
– ՈՍԿԵՂԷՆՆԵՐԸ ՄԱՔՐՈՂ: Ոսկեղէններուն (առանց ակի) փայլք տալու համար, զանոնք մխրճել գարեջուրի մէջ, ապա շփել փափուկ լաթով մը:
– ԱՐԱՏՆԵՐ ՄԱՔՐՈՂ: Գորգին վրայի սուրճի, թէյի արատներուն վրայ գարեջուր թափել, լաթով մը շփել, ապա գաղջ ջուրով մաքրել եւ ձգել, որ չորնայ:
– ՄԱԶԵՐԸ ՍՆԱՆՈՂ: Մազերու ծաւալը, առողջ տեսք եւ փայլք տալու համար կէս բաժակ գաղջ ջուրի մէջ 8 ապուրի դգալ գարեջուր աւելցնել: Մազերը շամփուէնով լուալէ ետք այդ խառնուրդով շփել մազերը, քանի մը վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել:
Խոհագիր
Գարեջուրով Հաւի
Ազդրեր
2 հաւի ազդր
500 կր գետնախնձոր
1 պզտիկ ճերմակ սոխ, 1 պզտիկ կարմիր սոխ
1 ապուրի դգալ մանանեխ
3 պճեղ սխտոր
4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
33 մլ. գարեջուր
1 դափնիի տերեւ
Կէս թէյի դգալ չոր խնկածաղիկ
Կէս թէյի դգալ խնկունի
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթը: Աղով եւ սեւ պղպեղով համեմուած հաւի ազդրերը երկու կողմով տապկել: Ազդրերը հանել եւ նոյն ձեւով տապկել գետնախնձորները:
Նոյն կաթսային մէջ տապկել շերտուած սոխերն ու ճզմուած սխտորը, աւելցնել գարեջուրը, մանանեխը, դափնիի տերեւը, խնկածաղիկն ու խնկունին եւ լաւ խառնել:
Հաւի ազդրերն ու գետնախնձորները աւելցնել թացանին, 1 գաւաթ ջուր աւելցնել եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել նախ կէս ժամ` ալիւմինիոմ թուղթով ծածկուած, ապա 15 վայրկեան` երեսը բաց:
Եթէ գետնախնձորները մեծ են` կիսել: Բաղադրատոմսը կարելի է հարստացնել ստեպղին, պրոքոլի կամ սունկ աւելցնելով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ա՛խ, լեզո՛ւն, լեզուն որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՛ըլլայ: Ազգը պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն է ու հաւատքը: Լեզուդ փոխէ՛, հաւատքդ ուրացի՛ր, ալ ի՞նչով կրնաս ըսել, թէ ո՞ր ազգէ՞ն ես:
Ձեզի կ՛ըսեմ, ձեզի, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւուն մատա՛ղ, տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէ՛ք:
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
Այսօր (15 հոկտեմբեր 1809 ) գրող, վիպասան, ուսուցիչ, բանաստեղծ Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան օրն է:



