Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

100 ՄԻԼԻՈՆ «ՄԵԾՆ ՊԷՅՐՈՒԹ»Ի ՀԱՄԱՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԷՊ ՍԱԼԱՄ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԾԱՆՈՅՑ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՆԱՀՐ ՔԵԼՊԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՄՈՒՐ ԲՈԼՈՐ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԻՏԻ ԿԱՊՈՒԻՆ Վարչապետ Սաէպ Սալամ երէկ առտու սերայի իր գրասենեակին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` պարզելու համար Մեծն Պէյրութի ծրագիրը եւ այդ նպատակով թեքնիք յանձնախումբին ու Էքոշարի կազմած յատակագիծերը: «Մեծն Պէյրութի ծնունդը,- ըսաւ Ս. Սալամ,- մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող դէպք մըն է,...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի տնօրէնութիւնը վարժարանի նախկին շրջանաւարտներուն` պետական քննութիւններուն արձանագրած փայլուն յաջողութեան առիթով 100$

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 8 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ Ս. Պատրիկի տօնին առիթով, յունիս 17-ին, իբրեւ պապի փոխանձն պատուիրակ, Իրլանտա գացած է կարտինալ Աղաճանեան եւ արժանացած` մեծաշուք ընդունելութեան: Յունիս 18-ին հայ կարտինալը պատարագած է  Մէյնութ քոլեճին մէջ` ի ներկայութեան հոգեւորական եւ աշխարհական բարձրաստիճան անձերու: Պատարագած է նաեւ Ուխալենտ Ռոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցիին մէջ: Ամէնուրեք կարտինալ Աղաճանեան արժանացած է բացառիկ պատիւներու: «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»Ի ՓԱՅԼՈՒՆ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ...

ՁԵՐ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ ԲՈՅՐԸ ՇԱՏ ԲԱՆ Կ՛ԸՍԷ ՁԵՐ ՄԱՍԻՆ

Բոլորս ալ ունինք բոյրերու նախասիրութիւն, տարօրինակ է, որ երբեմն մեզի համար տհաճ թուող բոյր մը շատ սիրելի է ուրիշի մը համար: Հարցախոյզներ ցոյց տուած են, թէ այս կամ այն բոյրի նախասիրութիւնը շատ բան կ՛ըսէ մարդու բնաւորութեան եւ ճաշակին մասին: Հասկնալով «բոյրերու լեզուն» կարելի է ճանչնալ սեփական անձը եւ մեր շրջապատը: Տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն հոգեբանները բոյրերու նկատմամբ մեր նախասիրութիւններուն եւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 7 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ Հասկերը ատոք էին, հունձքը առատ: Լիբանանի քսանէ աւելի ազգային վարժարաններէն այս տարի շրջանաւարտ եղան, միջին հաշուով, աւելի քան չորս հարիւր հայ աշակերտներ, չորս հարիւր հայորդիներ` մեծցած եւ սնած հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ: Կարելի եղած չափով արձագանգ հանդիսացանք մեր վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն, անշուշտ ոչ թէ շեշտելու համար անոնց գեղարուեստական արժէքը, այլ` կարեւորութեամբ ընդգծելու համար տարողութիւնը այն պայքարին, որ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ 91 ՆՈՐ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԱՄԵՐԻԿԱ ԵՒ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒԱԾ Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը Լեւոն Քէշիշեան, որ երկու օր առաջ հեռագրած էր ռումանահայերու երկրորդ խումբին Նիւ Եորք հասնիլը, յատուկ թղթակցութեամբ մը կու տայ հետեւեալ մանրամասնութիւնները. Երէկ` ուրբաթ, 30 յունիսի կէսօրէ ետք 91 հայ տարագիրներ հասան Նիւ Եորք` Պէյրութէն, Հաուայըն Էրլայնի օդանաւով, դիմաւորուելով Անչայի եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչպէս նախորդ տարագիրները:...

ԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ-ԽՐԻՄԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

2011 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «Հայ մանուկի տարի» կոչուելուն հարազատ օրինակը եղաւ Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 յունիս 2011-ին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նուիրուած` Արտաշէս եւ Էօժէնի Կիւլեան ամոլին անմոռանալի յիշատակին: Սրահը եւ բեմը կը ցոլացնէին փոքրիկներու գեղեցիկ եւ հրապուրիչ աշխարհը` խաղաղութեան...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 5 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԵԼՔԸ Նախորդ օրերուն ներքին էջերու սիւնակներուն մէջ հրատարակեցինք Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի միամեայ տեղեկագիրը, որ յստակօրէն ցոյց կու տար գերազանցապէս հայաշունչ այս հաստատութեան յարաճուն վերելքը: Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն հետեւած են Ճեմարանի կեանքին` անոր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, շատ լաւ գիտեն, թէ ի՜նչ նեղ տարիներ անցուցած է եւ ինչպիսի՛ զոհողութեանց գնով կանգուն մնացած այս կառոյցը: Եթէ չըլլար իր վարիչներու...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յովհաննէս Պէրպէրեանի մահուան առիթով` Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներ 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Հրաչ Գարայեան 20$ Տէր եւ տիկին Լեւոն Խաշընձեան 20$ Տէր եւ տիկին Զոհրապ Շէկեան 20$ Տէր եւ տիկին Կարապետ Կիլիկեան 25,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ԸՌՆԸՍԹ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅ ԱՇԽԱՐԱՀՌՉԱԿ ԳՐԱԳԷՏԸ, ՈՐՈՒՆ ԳՈՐԾԸ ՀԱՅԵԼԻՆ ԵՂԱՒ ԻՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ Ըռնըսթ Միլլըր Հեմինկուէյ, որ արկածի զոհ գնաց, կիրակի, 2 յուլիսին, ծնած էր 21 յուլիս 1899-ին Օք Ռիճի մէջ, Իլլինոյզ նահանգ: Հայրը բժիշկ էր ու կ՛ուզէր, որ տղան ալ պատկառելի ասպարէզ մը ընտրէ: Պատանի հասակին` արկածախնդիր անձը ի յայտ կու գայ իր մէջ: 15 - 17 տարեկան` քոլեճէն փախչելով, կ՛աշխատի...

Ի՞ՆՉ Է ՍՈՒՄՈՆ

Անոնք գէր են, շատ գէր, հսկայ, կրնան մինչեւ երկու հարիւր ութսուն քիլօ կշռել: Անոնք գրեթէ մերկ են եւ մազերնին շինիոն ըրած են. անոնք կ՛օրօրուին, գետինը աղ կը թափեն, ապա իրարու վրայ կը նետուին` զայրացած երկու ռնգեղջիւրներու նման: Անոնք րիքիշներ են, սումօ խաղացողներ: Սումոն գօտեմարտ մըն է, որ Ճափոնի մէջ տարածուած է 6-րդ դարէն սկսեալ: Խաղին օրէնքը շատ դիւրին է. երկու...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 յուլիս 1961 )

ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Շաբաթ, 27 յունիս 1961-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը հովանաւորութեամբ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ նախագահութեամբ Միսաք Ազիրեանի: Վարժարանին տնօրէն Արմէն Տօնոյեան բացաւ հանդէսը հանգամանօրէն ներկայացնելով Նուպարեանի յաղթական տարին, անոր արձանագրած յաջողութիւնները ոչ միայն ներքին ազգային ճակատի վրայ, այլ մանաւանդ պետական սերթիֆիքայի քննութեանց մէջ: Ապա տնօրէնը ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Մարի Պէրպէրեանի մահուան քառասունքին առիթով` Ֆուճուրեան ընտանիք 50,000 լ. ո. Յովհաննէս Պէրպէրեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Հայկ Ոսկերիչեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Մովսէս Տեկիրմենճեան 20,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յովսէփ Քարկոտորեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յակոբ Պուչաքճեան 50,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ Հինգշաբթի, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը: Հետեւեալ հայ ուսանողները վկայական ստացան զանազան ճիւղերու մէջ.- Առեւտրական ճիւղ.- Մկրտիչ Պուլտուգեան, Տիանա Մանուշակեան: Արուեստից ճիւղ.- Մեսրոպ Տարագճեան, Հայկ Տէր Յուսիկեան, Աննիկ Հայրապետեան, Միհրան Ճիզմէճեան, Կրէյս Խաչատուրեան, Սիրվարդ Մազմանեան, Սոնիա Շահպէնտէրեան եւ Ռիթա Սիմոնեան: Գիտական ճիւղ.- Լիլի Յակոբեան, Կարպիս Հարպոյեան, Պօղոս Իշխանեան, Յակոբ Մանճիկեան, Յարութիւն...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 29 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՍՈՒՐՀԱՆԴԱԿ ԱՂԱՒՆԻՆԵՐ Ճափոնի մեծագոյն թերթերէն «Աշաքի» վերջերս արձակած է 210 սուրհանդակ աղաւնիներ, որոք տարիներէ ի վեր իր ամէնէն հաւատարիմ աշխատակիցներն են: Բնականաբար, Ճափոնի բոլոր թերթերը, ունին հեռատիպ, հեռաձայն եւ նոյնիսկ սաւառնակ: Սակայն, յաճախ կը պատահի, որ հեռագիրները ուշանան խանգարումի մը կամ խճողումի պատճառով: Այդ պարագային, աղաւնիները կը ստանձնեն գլուխ հանել այդ առաքելութենէ: ԲԱՐՁՐ ԿՐՈՒՆԿԸ ԱՐԳԻԼՈՒԵՑԱՒ Հարաւային Քորէայի կրթական նախարարութիւնը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՓՐԱԿԱՅԻ ՄԷՋ   ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք.- Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա. անձամբ մասնակցեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու համագումարին, «Խաղաղութեան նուիրուած», որ բացուեցաւ յունիս 13-ին, Փրակայի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սահակ արք. Տէր Յովհաննէսեան, Վահան Վարդապետ Տէրեան, Ռուբէն քահանայ Մարտիրոսեան եւ էջմիածին ամսագիրի խմբագիր Ա. Հատիտեան: Մոսկուայէն մեկնելէ առաջ,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 27 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԵ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՕՄ-Ի ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ 25 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան 28-րդ պատգամաւորական ժողովի բացման հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ եւ բացառիկ շուքով, Փրաւիտենսի Շերաթոն-Պիլթմոր պանդոկին մէջ: Բացման այս փառաշուք հանդէսին ներկայ գտնուած են Ռոտ Այլընտ նահանգի կառավարիչը, ծերակուտական Փասթորտ, Աշխարհի գործերու խորհուրդի տնօրէն Մարճըրի Վալնել, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Միւս կողմէ, նոյն օրը, Քանատայի Համիլթըն...

Page 473 of 482 1 … 472 473 474 … 482