Այլազան

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յակոբ Թաշճեանի յիշատակին` Նոնիկ Յովհաննէսեան 100$ Ալիս Թաշճեան-Էսմերեանի մահուան առիթով (Հալէպ)` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեան 50$

Ի՞ՆՉ Է ԼՈՅՍԻ-ՏԱՐԻ ՄԸ

Ան անջրպետին մէջ լոյսին կտրած հեռաւորութիւնն է, մէկ տարուան ընթացքին: Սակայն ուշադրութիւն. շատ ճշգրիտ պէտք է ըլլալ հաշիւներուն մէջ: Մէկ երկվայրկեանի մէջ լոյսը կը կտրէ 299,792,458 քմ (երկու հարիւր իննսունինը հազար եօթը հարիւր իննսուներկու քմ եւ չորս հարիւր յիսունութ մեթր): Մէկ տարին 365,25 օր է. այսինքն` 31,557,600 երկվայրկեան (երեսունմէկ միլիոն հինգ հարիւր յիսունեօթը հազար վեց հարիւր երկվայրկեան): Հետեւաբար, մէկ տարուան...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 25 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀՄԸՄ-Ի ՔԵՐՄԵՍԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԵՊ ՍԱԼԱՄ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԻՐԻԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած տարեկան մեծ քերմեսը, կիրակի, 25 յունիսին տեղի ունեցաւ հանրային պարտէզի գեղեցիկ միջավայրին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաեպ Սալամի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ իրիկուան հանդիսութեանց: Քերմեսը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, զանազան վիճակախաղերով եւ զուարճութիւններով, որոնք առաւելաբար կը խօսէին երեխաներուն եւ պատանիներու սրտին: Իրիկուան ժամը 7:00-էն...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 24 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՏՈՄՍԵՐ ՄՈԳԵՐՆ ՈՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ Ասկէ շա՜տ, շա՜տ տարիներ առաջ Արեւելքի հեռաւոր երկիրներէ մոգեր եկան Հրէաստան, Բեթղեհեմի մէջ ծնած Յիսուս մանուկին երկրպագելու համար: Ուղտերով եկան, հետերնին բերելով ոսկի, զմրուխտ, մարգրիտ եւ այլ թանկագին քարեր ու նուէրներ: Ասոնք ուխտերնին կատարելու համար լեցուն ձեռքերով եկան եւ ուխտերնին կատարելէ ետք դատարկ ձեռքերով վերադարձան: Այս պատմական օրերէն գրեթէ երկու հազար տարիներ ետք աշխարհի չորս ծագերէն...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԴԻՒՐԻ՞Ն Է ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵԼՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼԸ

Ձեզի հետ ընկերութիւն մշակելն ու կապ հաստատելը դիւրի՞ն է, թէ՞ պատնէշներ դնող անձ էք, եւ մարդիկ կը զգուշանան առաջին քայլը առնելէ` մօտենալու, խօսելու, մտերմանալու... Ձեր մասին այս կէտը գիտնալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 12 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը: 1 Երբ մարդիկ ձեր խորհուրդին դիմեն... ա.- Անմիջապէս կ՛ընդառաջէք` ձեր փորձառութենէն մեկնելով: (2) բ.- Այդ պահուան ձեր տրամադրութենէն կախեալ է: (1) գ.-...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 23 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արուեստի այլեւայլ բնագաւառներու վերաբերեալ գիրքեր եւ գրքոյկներ լոյս պիտի տեսնեն այս տարեշրջանին: Հարուստ է յատկապէս երաժշտութեան վերաբերեալ աշխատութիւններուն շարքը: Ա. Ամբակումեանի գիրքը նուիրուած է դաշնակի երաժշտութեան մեկնաբանութեան եւ քանի մը հարցերու, իսկ Ա. Աթույեանի հանրամատչելի ձեռնարկը` հայկական ժողովրդական երգերուն: Հաւաքական հեղինակութեամբ պատրաստութեան մէջ է հայ երաժշտութեան մասին քննադատական ակնարկներու հաւաքածոն, ուր կը շօշափուին Հայաստանի օփերաները, բեմապարերը,...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏ

Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կայացած յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին պետական թէ այլ շքանշաններով պարգեւատրուելուն առիթներով՝ Տիկին Վերժին Ճերեճեան    50 ամ. տոլար

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 22 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

«ԱՀՐԱՄ» ԹԵՐԹԸ ՀՄԸՄ-Ի ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄԱՍԻՆ Գահիրէի «Ահրամ» թերթը իր 16 մայիսի թիւին մէջ կը գրէ.- Երէկ վերջ գտաւ Եգիպտոս նահանգի հայ գաղութին աթլեթիք մրցումներու փառատօնը, «Նասիոնալ»ի մարզադաշտին վրայ, մարզիկներու տողանցքով մը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Սուրիա նահանգի եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: Ուղերձի մը մէջ անոնք հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին Ա. Մ. Հանրապետութեան հանդէպ` նախագահութեանը տակ նախագահ Կամալ Ապտել Նասըրի: Մրցումներուն մակարդակը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 21 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ (ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ) Հիւսիսային Յունաստանի մեր երիտասարդ ընկերներէն Կարապետ Գալֆայեան, որ Ազգային ճակատի հրաւէրով Կիպրոս կը գտնուի մօտ ամիսէ մը ի վեր, կը շարունակէ իր դասախօսութիւնները կղզիի կարեւոր կեդրոններուն մէջ, հայ եւ յոյն բազմութիւններու առջեւ: Անցեալ շաբթուան ընթացքին Կ. Գալֆայեան երկու դասախօսութիւններ տուաւ Նիկոսիա: Դասախօսութիւններու նախաձեռնութիւնը ստանձնած էին Հայ երիտասարդաց միութիւնը եւ Համազգայինը: Իր ընտրած նիւթերն էին` «Հայ մշակոյթը»...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 20 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ Նախանցեալ թիւով հրատարակեցինք շահեկան տեղեկութիւններ` հայ բժշկական  միութեան գործունէութեան մասին, տեսակցութիւն մը ունենալով միութեան յարգելի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Կերկերեանի հետ: Այդ տեսակցութիւնը կարդալով` ընթերցողը կ՛ունենար այն յստակ տպաւորութիւնը, որ կը գտնուի ներկայութեանը միութեան մը, որ եթէ հրապարակը չ՛աղմկեր իր գործունէութեան շռնդալից արձագանգներով, բայց անպայման որ կը կատարէ հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին արժանի կենսական գործ մը: Միութեան...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Կատարինէ Արթինեանի (մահացած` Հայաստան) մահուան առիթով` Տիկին Արտա Թաշճեան    -------------------------------------------20,000 լ. ո.   Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններ` Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կայացած յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին ԹՄՄ-ի «Ադամանդակուռ Արարատ», Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան», Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւ` յուշամետալ» եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան շքանշաններով պարգեւատրուելուն առիթներով ջերմապէս...

Ո՞ՐՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԳԻՐՔԸ

Այս հարցումին յաճախ կը պատասխանուի` Աստուածաշունչը, Հարի Փոթըր, Մահապհարաթա: Այս հարցը լուծելու համար ամէնէն դիւրին միջոցը էջերուն թիւը հաշուելն է: Աստուածաշունչը ունի 2000 էջ, Հարի Փոթըրի փոքր չափի հրատարակութիւնները ունին 2500 էջ, Մահապհարաթան Ք. Ա. 4-րդ դարուն 250 հազար տող ունեցող հնդկական բանաստեղծութիւն մըն է: Մենք ենթադրենք, թէ իւրաքանչիւր էջի վրայ կը տպենք 40 ոտանաւորի տող: Մենք կը ստանանք ընդամէնը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ Լիոնի «Կալըրի Պելքուսին» մէջ բացուած է փարիզահայ ծանօթ գեղանկարչուհի Սոնիա Թոփալեանի ցուցահանդէսը: Համակրելի արուեստագիտուհին Փարիզի մէջ իր կազմակերպած ցուցահանդէսով արդէն գտած էր մեծ յաջողութիւն: Նոյն յաջողութիւնը ունեցած է Սոնիա Թոփալեան Լիոնի մէջ ալ, ուր իր ցուցադրած 25-է աւելի պաստառները արժանացած են այցելողներու եւ լիոնեան ֆրանսական մամուլի գնահատանքին: Լիոնի մէջ հրատարակուող «Տեռնիէր էօր Լիոնեզ»...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 17 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԿԻԿԻ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՍՈՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔ Կ՛ԱՊՐԻ... Կեսարիայէն 31 մայիս թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին: Սուրբ Եղիա Մարգարէի տօնախմբութեան առթիւ, եղած հրաւէրին վրայ, մեր եռանդուն հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան մայիս 27-ի շաբաթ օրը 30 ուղեկիցներու հետ ուխտագնացութիւն մը կատարեց Պիւնիան գիւղաքաղաքէն երեք ժամ դէպի արեւելք, բարձր լերան մը գագաթը գտնուող Կիկի գիւղէն...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԿՆՈ՞Ջ, ԹԷ՞ ՏՂԱՄԱՐԴՈՒ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՔ

Ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն պատասխանեցէք «այո», «ոչ» կամ «չեմ գիտեր» տարբերակներով: 1 Նուագախումբի մը մէջ, պիտի փափաքէի ջութակահար ըլլալ: 2 Դժուար կացութիւններու առջեւ օգնութիւն կը խնդրեմ ամէնէն մօտիկ մարդոցմէ,: 3 Շատ մը հարցերու գծով գիտեմ արագ որոշում կայացնել: 4 Շատ դիւրին տպաւորուող անձ եմ: 5 Տեղին գիտեմ պարտադրել հեղինակութիւնս: 6 Արտաքին տեսքիս հոգ կը տանիմ եւ ատիկա բաւարարութիւն կը պատճառէ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 16 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՄԱՅԻՍ 28 ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ Երուսաղէմէն կը գրեն մեզի.- Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեծ շուքով տօնուեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան: Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ: 27 մայիսին, շաբաթ երեկոյ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու գայլիկները, սկաուտապետ Յ. Պեհեսնիլեանի առաջնորդութեամբ մեկնեցան Պարոն Տէր` գիշեր մը հոն բանակելու եւ յաջորդ օր ժողովուրդը ընդունելու համար: Երեկոյեան բանակավայրը դարձաւ փոքրիկ Հայաստան մը:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 15 յունիս 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (ԹԱՂԱԿԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ) Յառաջիկայ կիրակի, 18 յունիս, Լիբանանի թեմի եօթը շրջաններուն մէջ` Ս. Նշան, Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Քարանթինա, Նոր Մարաշ, Թիրօ եւ Նոր Սիս, տեղի պիտի ունենան թաղականական ընտրութիւններ` համաձայն Քաղաքական ժողովի 29 մայիս 1961 թուակիր պաշտօնագրին: Թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը, մեր սահմանադրութեան հիմնական տրամադրութիւններէն մէկուն գործադրութիւնն է եւ կը բխի անոր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 14 յունիս 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՌԱԳՈՅՆԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՆԱՀԱՆԳԻ ԿԱՌԱՎԱՐՉԱՏԱՆ ՎՐԱՅ Ամերիկեան մամուլը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ձայնասփիւռները լայնօրէն արձագանգ եղան, վերջերս, մայիս 28-ի բոլոր տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան աննախընթաց շուքով: Տիթրոյթի, Քանատայի, Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի բոլոր կարեւոր քաղաքներու ամերիկեան թերթերը յիշատակեցին Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնները եւ ցայտուն դարձուցին Դաշնակցութեան պայքարը` յանուն հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան: Նիւ Եորք նահանգի կառավարիչ Ռաքֆելլըրի մասնաւոր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 13 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԺՈՒՆԻԷԻ ՄԷՋ Տարուէ տարի հայ ժողովուրդը աւելի եւս կը գիտակցի իր գոյութեան ազդակները կազմող եկեղեցիի եւ հայ վարժարանի մեծ դերին ու կարեւորութեան եւ աւելի եւս գործնականօրէն կը կազմակերպէ եւ միասնակամօրէն կը մասնակցի անոնց վերելքին եւ յառաջխաղացման: Այսպիսով, հայ ժողովուրդը, եթէ չի կրնար իր քաղաքական կեանքը վարել գէթ կարող է իր մշակութային եւ կրօնական դիմագիծը պահել բազմազան ազգերու եւ...

Page 474 of 482 1 … 473 474 475 … 482